


Մօտաւորապէս 600 հիւրերու, ՀՄԸՄականներու, բարերարներու, կամաւորներու եւ համակիրներու մասնակցութեամբ, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու աւանդական շքեղ «Յաղթանակի պարահանդէս»ը տեղի ունեցաւ 29 Յունիսին, Beverly Hilton պանդոկի սրահին մէջ։
Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցան մեծարումներ եւ ելոյթներ ունեցան այս տարուան «Տիպար ՀՄԸՄական» Արամ Պէքարեան, ինչպէս նաեւ այս տարուան Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահ, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները:
Նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցան մարզախաղերուն յաջող իրականացման մէջ մեծ դեր ունեցած ծնողներուն, կամաւորներուն եւ մասնաճիւղերուն նուիրեալ սպասարկութիւնները։

Նաւասարդեան մարզախաղերու յաղթանակները տօնելու կողքին, պարահանդէսը առիթ հանդիսացաւ տօնելու ՀՄԸՄի ունեցած իւրայատուկ դերակատարութիւնը, յատկապէս գիտակից եւ նուիրեալ հայ երիտասարդներ պատրաստելու գործին մէջ։
Նշենք, որ Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու փակման տօնակատարութիւնը տեղի կ՛ունենայ Յուլիս 4էն 7ի միջեւ, զանազան արուեստագէտներու մասնակցութեամբ։ Վերջին երկու օրերուն տեղի պիտի ունենան փակման արարողութիւնները եւ մրցանակաբաշխութիւնները։
Մարզախաղերուն եւ արարողութիւններուն կը մասնակիցին ՀՄԸՄի 18 մասնաճիւղերէ 300 խումբեր, 3200 մարզիկներ եւ 1100 սկաուտներ։ Անոնք տեղի կ՛ունենան «Պըրմիկհեմ» վարժարանին մէջ, որուն հասցէն է՝ 17000 Haynes Ave., Van Nuys, CA 91406։