Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ հակադարձելով հարաւային Լիբանանի գիւղերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն, մասնաւորաբար Շեպաա գիւղի ռմբակոծման եւ կնկայ մը վիրաւորուելուն, իր մարտիկները «Քաթիուշա» տեսակի հրթիռներով հարուածած են Իսրայէլի Քաֆարպլում բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլացի զինուորներու նորաստեղծ դիրք մը:
Կուսակցութիւնը նաեւ յայտնեց, որ հակադարձելով Սուրի Հաուշ շրջանին մէջ Իսրայէլի կատարած ահաբեկչութեան, իր մարտիկները զանազան տեսակի առաւել քան 200 հրթիռներով հարուածած են իսրայէլեան բանակի շարք մը զօրանոցներ:
«Հըզպալլա»ն նոյն ծիրին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու տորմիղով մը հարուածեց նոյն զօրանոցները, ինչպէս նաեւ «Մաալիէ Կոլանի» զօրանոցը եւ «Կոլանի» զօրամասի եւ «Իկոզ» զօրախումբի «Շրաղա» զօրանոցի մէկ կեդրոնատեղին:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ ընդունեցին, որ «Հարաւային Լիբանանի մէջ երէկ տեղի ունեցած ահաբեկումէն ետք, մենք դժուար օրերու առջեւ կանգնած ենք»:
Նշենք, որ Իսրայէլ Սուրի Հաուշ ճամբուն վրայ անօդաչու թռչող սարքով մը ահաբեկած էր «Հըզպալլա»ի բարձրաստիճան մարտական պատասխանատուներէն Ապու Նաամէ Նասերը:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12րդ կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանէն կատարուած ռմբակոծումին պատճառով, Աքքա քաղաքի շէնքերէն մէկուն մէջ վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին, որ Լիբանանէն զինուորական ինքնաշարժ մը թիրախ դարձնելուն պատճառով, իսրայէլացի զինուորներ վտանգաւոր վէրքեր ստացան:
Իսրայէլեան հրետանին շարունակեց հարաւային Լիբանանի մէջ գիւղեր եւ անոնց մերձակայքը ռմբակոծել, իսկ իսրայէլեան օդանաւեր երէկ 2 անգամ Պէյրութի վերեւը խզեցին ձայնի պատը:
«Հըզպալլա»ի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին իր կուսակցութեան մարտական ղեկավարներէն Նասերի յուղարկաւորութեան ընթացքին յայտնեց, որ անոր ահաբեկումը իսրայէլեան բանակին որեւէ ռազմավարական առաւելութիւն չի բերեր:
«Կազայի մէջ ձախողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այս ուժաթափ բանակը կրութիւնը չունի յաղթանակներ արձանագրելու, եւ այս բանակը 2000էն մինչեւ այսօր ստացած իրերայաջորդ հարուածներէն ետք պիտի չկարենայ որեւէ ճակատամարտի ը կամ ճակատումի մը մէջ յաղթանակ արձանագրել», ըսաւ շէյխ Սաֆիէտտին՝ աւելցնելով. «Հրամանատար Ապու Նաամէի ահաբեկման հակադարձութիւնը սկսաւ, եւ պիտի շարունակուի, եւ այս ճակատը պիտի մնայ ուժեղ ու բռնկած»: