ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Պետութիւնը ժողովուրդի համախումբ ապրելու եւ ազգային ինքնուրոյնութիւնը ապահովելու եւ զարգացնելու մեծագոյն կազմակերպութիւնն է, որուն ցարդ հասած է մարդկային ընկերութիւնը։ Տարբեր ժամանակներու ընթացքին, պետութիւնը հասկացողութիւնը եւս զարգացում ապրած է, դիմագիծ փոխած է, սակայն էութիւնը մնացած է նոյնը։ 19րդ եւ 20րդ դարերուն, կայսրութիւններու փլուզումով, բազմաթիւ ժողովուրդներ, որոնք հազարամեակներ մնացած էին բռնագրաւող կայսրութիւններու լուծին տակ, սկսան ազատագրուիլ եւ ձեւաւորել իրենց պետութիւնը, պատմականօրէն իրենց հայրենիքին մէջ։ Համաշխարհային երկու պատերազմներու աւարտին, բազմաթիւ պետութիւններ ձեւաւորուեցան Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի տարածքին։ Աւելի ուշ, խորհրդային կայսրութեան փլուզումով եւս 15 հանրապետութիւնները անկախացան եւ մաս կազմեցին միջազգային ընտանիքին։ Այս երկիրներու շարքին էր նաեւ Հայաստանը, որ 1920 Դեկտեմբերին գրաւուած էր Խորհրդային Միութեան կողմէ։
Բնականաբար, այստեղ շատերը կրնան հարցնել, թէ անկախութեան չափանիշը ի՞նչ է․ ունենալ սեփական քայլերգ, դրօշ, զինանշան եւ պետութեան այլ խորհրդանիշնե՞ր, թէ ունենալ պետական հաստատութիւններ, որոնք կը գործեն պետութեան հզօրացման եւ որոնց արդիւնաւէտութենէն կախեալ է տուեալ պետութեան կեանքի երկարաձգումը։
Եթէ ազգերը մշակութային ինքնուրոյնութիւններ են, որոնց համախումբ կեանքը գրաւական է անոր գոյութեան երկարաձգման, ապա պետութիւնը այդ համախումբ կեանքի ապահովման գլխաւոր երաշխիքն է։ Պետութիւնը չի կրնար միմիայն տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական գործառոյթներ կատարել։ Նոյնիսկ մեծ երկիրներու պետութիւնները նախանձախնդիր են իրենց ժողովուրդի, իմա՝ ազգի, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ զարգացման․ անոր պատմութեան տէր կանգնելու յանձնառութիւնը վերցուցած, զուգահեռաբար կը գործեն։ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Չինաստանի կամ Միացեալ Նահանգներու պետութիւնները, որքան որ ալ տնտեսական, քաղաքական եւ կամ զինուորական հարցերով լեցուցած են իրենց օրակարգը, նոյնքան նախանձախնդիր են իրենց երկրի մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման հոլովոյթին։
Ճիշդ է որ մարդկութիւնը ներկայիս կ՛ապրի համաշխարհայնացման ամէնէն ազդու հանգրուաններէն մէկուն մէջ, բայց եւ այնպէս, համաշխարհայնացումը նոր երեւոյթ չէ։ Տարբեր ժամանակաշրջաններու, անիկա ինքզինք պարտադրած է փոքր ժողովուրդներուն վրայ, զանոնք անհետացնելով կամ անոնց ինքնուրոյնութիւնը վտանգելով։ Նոյն խորհրդային կայսրութիւնը ռուսական համաշխարհայնացումն էր, կեղծ ընկերվարութեան դիմակի տակ։
Հետեւաբար, անկախութիւն հասկացողութիւնը կը կայանայ առաջին հերթին ազգային մշակութային յստակ քաղաքականութեան վրայ եւ ապա տնտեսական հզօրութեան։ Այս երկու գործօնները նաեւ փոխլրացուցիչ հանգամանք ունին եւ նաեւ իրարու վրայ ներգործելու բացայայտ ուժականութեամբ օժտուած են։
1991ին, Հայաստանի անկախացումէն ետք, Հայաստանի իրերայաջորդ ապաշնորհ իշխանութիւնները ապիկար քաղաքականութիւն վարեցին այս իմաստով։ Երեսուն տարի երկիրը մնաց խորհրդային տրամաբանութեան մէջ։ Տնտեսական գործօնը զանց առնուեցաւ, փոխարէն զարգացաւ աւատապետութիւնը (օլիկարխիան)։ Տնտեսութեան նպաստող բոլոր բնագաւառները երեսի վրայ ձգուեցան։ Զբօսաշրջութիւն, առողջապահութիւն, դատական համակարգ, կրթութիւն եւայլն։ Զարկ տրուեցաւ չարաշահումներուն, կողոպուտին, կաշառակերութեան եւ այլն։ Պետութիւնը, որպէս հաստատութիւն չկայացաւ եւ այդպիսի պայմաններուն մէջ չէր կրնար կայանալ։ Միեւնոյն ժամանակ, անտեսուեցան մեր պատմութեան տիրութիւն ընելու կարեւորութիւնը, մեր մշակութային հարստութիւնն ու առանձնայատկութիւնները։ Փոխարէնը, պատմութեան թուականներ կամ դէպքեր լոզունգներու վերածուեցան, կեղծ հայրենասիրութիւն տարածելու, մշակոյթը աղաւաղուեցաւ եւ քաջալերուեցան մշակութային միջակութիւնները կամ փոքրութիւնները։ Բայց օրէնքով, սահմանադրութեամբ, պետութիւնը պարտաւոր էր այդ բոլոր գործառոյթներուն ոչ միայն յանձնառու ըլլալ, այլեւ տիրութիւն ընել եւ զարգացնել։ Այսինքն, թուղթի վրայ ամէն ինչ լաւ էր, բայց որպէս ազգ եւ հայրենիք, թաւագլոր կը նահանջէինք։ Աշխատանքի այս ոճը Հայաստանի իշխանութիւնները ժառանգած էին Խորհրդային Միութենէն եւ նոյնութեամբ գործադրեցին նաեւ անկախ Հայաստանի մէջ։
Ներկայ իշխանութիւնները դժբախտաբար կեդրոնացած են միմիայն տնտեսական մարզին վրայ, հայ մարդուն մօտ ստեղծելով այն պատրանքը, որ բարեկեցութիւնը եւ ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխիքներն են ազգային գոյատեւման։ Սա անհեթեթ թէզ է, որ համաշխարհայնացման արդիւնք է։ Իսկ հայութեան պարագային առաւել եւս վտանգաւոր է, եթէ նկատի ունենանք, որ մեր երկու հարեւանները մեզի թշնամի են, իսկ հարաւէն Իրանը քաղաքակրթական եւ մշակութային իմաստով կը գտնուի այլ հարթութեան վրայ։ Հետեւաբար, բարեկեցիկ կեանքը բաւարար չէ Հայաստանի գոյատեւման եւ հայ ազգի ապահովութեան համար։ Ամէնէն կարեւորը՝ հոգեմտաւոր զարգացման անհրաժեշտութիւնն է, որ տակաւին կը շարունակուի յամառօրէն անտեսուիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ։ Աւելին. անոնք նորանոր թէզեր առաջ քշելով եւ քաղաքական իրապաշտութեան անուան տակ, կը փորձեն հայութիւնը դարձնել անդիմագիծ մշակութային կերպարի մը, որ ժամանակի ընթացքին կրնայ կուլ երթալ։ Մինչդեռ հոգեւոր եւ մշակութային առանձնայատկութիւնը, որմով բոլոր ազգերու նման կը զատորոշուինք նաեւ մենք, յաւելեալ դիմադրողականութիւն կը ներարկէ մեր գիտակցութեան մէջ, տէր կանգնելու հայրենիքին եւ անոր պետականութեան։ Բարեկեցիկ կեանք կարելի է այլ երկիրներու մէջ ալ գտնել եւ այնտեղ հանգրուանիլ։ Մինչդեռ հայրենիքը ամէն տեղ կարելի չէ գտնել։
Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են իրենց այս սխալ մօտեցումներէն հրաժարելու եւ Հայաստանն ու հայութիւնը սպառողական շուկայի վերածելու իրենց քաղաքականութեան վերջ դնելու։ Հայութեան գոյութեան գերխնդիրը պետութեան պարտաւորութիւնն է եւ այդ կարելի է կազմակերպել, առաջին հերթին, ինչպէս նշեցինք, հոգեմտաւոր արժէքներու զարգացումով, որ ինքնին կը կազմաւորէ հայ եւ Հայաստան հասկացողութիւնները եւ անոնց հանդէպ իւրաքանչիւր հայ մարդու գիտակցուած պարտականութիւնները։