ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
ԽՄԻՉՔԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ընկերային հաւաքոյթներու ընթացքին՝ ծննդեան տարեդարձ, մկրտութիւն, հարսանիք եւ այլն, խմիչք խմելու ժամանակ ինչո՞ւ գաւաթները իրարու կը զարնենք։ Ասոր բացատրութիւնը հետեւեալն է։
Մենք ունինք հինգ զգայարանքներ՝ տեսողութիւն, հոտառութիւն, համտեսելու, շօշափելու եւ լսելու։ Խմիչք խմելու ժամանակ՝ հեղուկը կը տեսնենք, կը հոտոտանք, ձեռքերով կը շօշափենք գաւաթը, ապա կը համտեսենք, սակայն չենք լսեր։ Ուրեմն, լսողութիւնն ալ ներառնելու համար՝ մենք գաւաթները իրարու կը զարնենք, որպէսզի ձայնն ալ լսենք։
Հայրենի մեր ազգակիցները ուրիշ սովորութիւն մըն ալ կը ի գործ կը դնեն․ երբ հոգեճաշի ժամանակ խմեն, անոնք իրենց ձեռքերով գաւաթը կը ծածկեն՝ եւ այնպէս իրարու կը զարնեն ու լռելեան կը խմեն, ի յարգանք մահացող անձի յիշատակին։
ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ
Հալէպի մէջ գէթ՝ երբ, տուներէն հեռու, մէկը մահանար, անոր ազգականները, դրացիները եւ բարեկամները եօթը օր կերակուր կը տանէին ընտանիքին, գիտնալով որ այդ ընտանիքի անդամները սուգով ողողուած ըլլալով՝ կերակուր եփելու ի վիճակի չէին։
Վերոյիշեալ հոգածութեան փոխարէն՝ մեռելին ընտանիքը թաղման եօթնօրէքի հոգեհանգիստը կատարել կու տար եւ անկէ ետք հոգեճաշի կը հրաւիրէր բոլոր անոնց, որոնք կերակուր բերած էին իրենց ընտանիքին։
Հարցը միայն կերակուր եփելը չէր, այլեւ պէտք էր շուկայ երթային եւ առեւտուր ընէին՝ կերակուրի համար հարկ եղած ուտելիքները գնելու։ Հոն մահն ու անոր հետեւանքը շատ լուրջի կ՛առնէին։ Երբ մօրենական մեծ հայրս մահացաւ, մեծ մայրս մէկ տարի սեւ հագուստ հագաւ եւ տունէն դուրս չելաւ, ի բաց առեալ Շաբաթ օրերէն՝ երբ ան գերեզմանատուն կ՛երթար աղօթելու եւ մոմ վառելու ու խունկ ծխելու։
ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս․ եկեղեցին ունի հինգ տաղաւար-տօներ, որոնք են՝ ժամանակագրական կարգով, Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն, Յարութեան Զատիկ, Վարդավառ-Այլակերպութիւն կամ Պայծառակերպութիւն, Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածինի եւ Խաչվերաց։ Ծննդեան տօնէն զատ, միւս բոլոր տաղաւար-տօները կը տօնախմբուին Կիրակի օրերը։
Յիսուսի Ծննդեան թուականը անփոփոխելի է, 6 Յունուար։ Յիսուսի Յարութեան Զատիկը տեղի կ՛ունենայ 3 Մարտէն 25 Ապրիլի միջեւ, որը կապուած է լիալուսինի ձեւաւորման հետ։ Վարդավառը հեթանոսական տօն մըն էր, որ փոխարինուած է Յիսուսի Այլակերպութեան տօնով եւ տեղի կ՛ունենայ Զատիկէն 98 օր ետք։ Վերափոխումը Սուրբ Աստուածածինի տեղի կ՛ունենայ, 15 Օգոստոսի ամենամօտիկ Կիրակի օրը։ Իսկ Խաչվերացը՝ 11-17 Սեպտեմբերի միջեւ, դարձեալ Կիրակի օր մը։
Տաղաւար-տօներու յաջորդ օրը առաւօտեան՝ կը կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն, եկեղեցիէն ներս եւ ապա ժողովուրդը կ՛երթայ գերեզմանատուն, աղօթելու իրենց ննջեցեալներուն հոգիներուն համար։
Հիմա պիտի անդրադառնամ իւրաքանչիւր տաղաւար-տօնի յատկանշական երեւոյթներուն մասին, ինչ որ կը յիշեմ Հալէպ անցուցած պատանեկան շրջանէս։
Յիսուսի Ծննդեան եւ Յարութեան Զատկուան օրերը՝ եկեղեցական արարողութենէն ետք, սովորութիւն էր այցելել մեր բոլոր ազգականներուն եւ անձամբ շնորհաւորել զիրենք ու մաղթել առողջութիւն եւ գործի յաջողութիւն։ Կիները տունը կը մնային ընդունելու շնորհաւորութիւնները, իսկ էրիկ մարդերն էին, որ կը պտըտէին տունէ-տուն։ Հայրս զիս իր հետ կը տանէր, վարժուելու այդ աւանդութեան։ Տնային այդ այցելութիւնները կ՛ըլլային շատ կարճ, որովհետեւ երթալիք տեղերը բազմաթիւ էին։
Վարդավառը՝ մեզի համար, իրարու վրայ ջուր սրսկելու օր էր, առանց դոյզն հասկնալու թէ ինչո՞ւ կը հետեւէինք այդ հեթանոսական սովորութեան, որ վերոյիշեալ տօն-տաղաւարին հետ ոչ մէկ կապակցութիւն ունէր։
Իսկ Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածինին մեծ նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ այդ օր եկեղեցիին մէջ խաղող կ՛օրհնուէր եւ շատ մը հաւատացեալներ նոր կը սկսէին ուտել խաղողը։ Բայց ինչո՞ւ խաղող, որովհետեւ Աստուածամայրը թագուհին էր մայրերուն, իսկ խաղողը թագուհին՝ պտուղներուն, գէթ այդպէս սորվեցուցած էին մեզի։
Գալով Խաչվերացին, մեր մեծերը համոզուած էին, որ այդ օր կը սկսէր ձմեռնամուտը եւ հետեւեալ թրքերէն յանգաւոր պատկերով կը նկարագրէին զայն․ «Խաչ, եօրղանը ալ՝ իչերը ղաչ», այսինքն՝ վերմակդ առ եւ ներս փախչիր։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ Հալէպը տաք ըլլալով` ամառները տուներուն տանիքը կը քնանայինք . . .