Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 21 Յունիսին, իր ներկայացուցիչները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրի հետ։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընկերակցութեան նպատակները, առաքելութիւնը եւ նախաձեռնութիւնները ներկայացնելու Պարկըրին, որմէ ետք քննարկուեցան համագործակցութիւն հաստատելու կարելիութիւնները։
Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լինտա Մկրտիչեան (վարչութեան նախագահ), Վազգէն Եարտըմեան (վարչութեան նախկին նախագահ), Ճէյ Թուրկութեան (Հանրային յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ) եւ Նարէ Սաղաթէլեան (վարչութեան անդամ)։
Պարկըրի կողքին ներկայ էին նաեւ անոր գրասենեակէն Նաթալի Վարդանեան եւ Անիշ Սարայա։
Պարկըր ողջունեց ընկերակցութեան ներդրումը յատկապէս համայնքին մէջ գիտական նիւթերու դասաւանդումներուն զարկ տալը, յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ գործակցութիւնը արդիւնաբեր կը դառնայ։
Իր կարգին, Մկրտիչեան երախտագիտութիւն յայտնեց Պարկըրին, որ առիթը ընծայեց այս խորհրդակցութեան եւ դրուատեց անոր հայանպաստ քայլերը։
Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար գրել contact@aesa.org հասցէին։