

«Փոթորիկի մէջ մնացած լիբանանեան նաւը անմիջական կարիքը ունի նաւապետի», այսպէս արտայայտուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը Երեքշաբթի, 25 Յունիսին, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպումին։
Մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին հրաւէրով տեղի ունեցած յիշեալ հանդիպումին ընթացքին, յաջորդաբար խօսք առին Ռայի պատրիարքը, կարտինալ Փարոլի, Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Աուտէ արքեպիսկոպոսը. իսկ իսլամներուն կողմէ՝ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Տըրիան, շէյխ Ապի Մունա եւ շէյխ Ալի Քատուր։ Բոլորը շեշտեցին նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան կարեւորութիւնը։
Վեհափառը առիթը ունեցաւ կարտինալ Փարոլինի հետ երկար զրոյց ունենալու եւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով իր տեսակէտը պարզելու. Արամ Ա. նաեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութեան եւ Արցախի ժողովուրդին միջազգային երաշխաւորութեամբ վերադարձի ու հայ ռազմագերիներու հարցին։
Յայտնենք, որ այս հարցերուն շուրջ կաթողիկոսը անդրադարձած էր Վատիկանի մէջ եւս իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին։