Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը` իբրեւ պատասխան «Լուրեր»ու հարցումին, թէ՝ Միացեալ Նահանգները ինչպէ՛ս կը գնահատէ զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերու հետաքննութեան երկկողմ գործիքակազմ մը յառաջացնելու՝ Երեւանի առաջարկը՝ յայտնեց. «Կ՛ողջունենք խաղաղութեան ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առած քայլերը, կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան։ Մենք կ՛ողջունենք բարեխիղճ ջանքերը` լարուածութեան թուլացման եւ տարածաշրջանին մէջ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելուն գծով: Միացեալ Նահանգները պատրաստ է կողմերուն հետագայ քայլերուն որեւէ ձեւով աջակցելու։ Կողմերը վերջին տարուան ընթացքին նշանակալի յառաջընթաց ունեցան։ Մենք կը քաջալերենք պահը չկորսնցնել, շարունակելու նախկին բանակցութիւնները եւ կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրելու համաձայնութիւն մը: Միացեալ Նահանգները յստակօրէն փաստած է, որ այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Կը կարծենք, որ շարունակուող բռնութիւնները կը վտանգեն տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ունեցած յառաջընթացը»։
Դեսպանութենէն նաեւ յոյս յայտնեցին, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կարելի եղածին չափ շուտ պիտի ստորագրեն տեւական խաղաղութեան համաձայնագիր մը` ճանչնալով իրարու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը Մեթիու Միլըր եւս իր կարգին՝ պատասխանելով այն հարցումին, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նախարար Էնթընի Պլինքըն յոյս ունէ՞ր նոր բան լսելու խաղաղութեան գործընթացին մասին՝ ըսաւ, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ աշխատիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։
«Ուաշինկթըն կը շարունակէ աջակցիլ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ փոխգործակցութեան, ինչպէս նաեւ կը փորձէ լուծել այդ վէճը», ըսաւ Միլր:
Յիշեցնենք, որ 20 Յունիսին, Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց ունեցած էր Ալիեւի հետ եւ ընդգծած անյապաղ համաձայնագիրի մը կնքման կարեւորութիւնը` վերահաստատելով այդ ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներուն աջակցութիւնը:
Խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու տեսանկիւնէն, Ալիեւ ընդգծած էր «Հայաստանի Սահմանադրութեան, համապատասխան օրէնքներու եւ ներքին իրաւական դրոյթներուն հիման վրայ Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը»: