Եւրոպական Միութեան բանբեր Փիթըր Սթանօ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Ֆրանսայի հասցէին եւ Հայաստան-Ֆրանսա ռազմական համագործակցութեան վերաբերող մեղադրանքներուն ու սպառնալիքներուն իբրեւ պատասխան ըսաւ, որ Եւրոպական Միութեան սեփական պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ երկար հակամարտութենէն ետք երկիրներուն միջեւ վստահութեան ձեւաւորումը ժամանակ, ներողամտութիւն եւ համբերութիւն կը պահանջէ:
Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հարցումին պատասխանելով` Սթանոն վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու խաղաղութեան գործընթացին:
«Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է` ընտրել իր ապահովութեան եւ պաշտպանութեան գործընկերները: Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացի հասնելու բոլոր ջանքերուն եւ կը խրախուսէ վճռական քայլերը` տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար», ըսաւ Սթանօ։