Յունիսին, Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան (ԿԽՄԿ) աշխատակիցները դարձեալ այցելեցին Պաքուի կողմէ առեւանգուած եւ ապօրինաբար պահուող Արցախի ղեկավարներուն:
Այս մասին «Էյ.Փի.Էյ.» ատրպէյճանական գործակալութեան յայտնեց ԿԽՄԿի Ատրպէյճանի ներկայացուցչութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Իլահա Եուսէյնովա:
Այցելութիւններուն ընթացքին ԿԽՄԿը կը գնահատէ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը, կեցութեան պայմանները եւ կարելիութիւն կը ստեղծէ վերականգնելու կամ շարունակելու կապը իրենց ընտանիքներու հետ:
Ըստ ԿԽՄԿի ընթացակարգերուն՝ տեսակցութիւններուն վերաբերեալ դիտողութիւնները եւ առաջարկները կը տրամադրուին բացառապէս բանտարկուած անձին: