Հայաստանի տրամադրած ականապատ քարտէսները ցած մակարդակի ճշգրտութիւն ունին։ Այս մասին յայտնեց Ատրպէյճանի հակաականային գործակալութեան խորհուրդի նախագահ Վուքար Սուլէյմանով` բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին ընթացքին:
Ըստ անոր՝ հարցը այն է, որ Երեւան փոխանցած է նախկին շփման գիծի տարածքին մէջ ականապատ տարածքներու քարտէսներ, եւ ոչ թէ Արցախի խորքին մէջ գտնուող տարածքներունը:
«Տուեալները կ՛ընդգրկեն միայն նախկին շփման գիծը: Վերամշակելով այս տուեալները` յստակ դարձաւ, որ այս տուեալներուն օգտակարութիւնը չի գերազանցեր 25 տոկոսը, ասիկա շատ ցած ցուցանիշ է», նշեց Սուլէյմանով։