Վերջերս, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարբերաբար կը տարածէ տեղեկատուութիւններ, որ իբր թէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ստորաբաժանումներուն կողմէ կը կատարուին զինադադարի դրութեան խախտումներ, եւ հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հերքումներուն, Ատրպէյճան կը շարունակէ այդպիսի տեղեկատուութիւններու տարածումը։
Այս կացութեան առաջքը առնելու նպատակով, Հայաստանի վարչապետին աշխատակազմը դիւանագիտական խողովակներով Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին առաջարկեց յառաջ բերել ստեղծել հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան երկկողմ գործիքակազմ մը։
«Ի շարունակութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի` սոյն թուականի Յունիսի 15ին արուած յայտարարութեան եւ ելնելով նրանից, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կամքն է թոյլ չտալ լարուածութեան առաջացում` Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմն Ադրբեջանի նախագահի աշխատակազմին դիւանագիտական խողովակներով առաջարկել է ստեղծել հրադադարի ռեժիմի (դրութեան) խախտման դէպքերի հետաքննութեան երկկողմ մեխանիզմ: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն առաջարկում է մեկնարկել նշուած մեխանիզմի գործնականացման աշխատանքները», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԱՌԱՋԱՐԿԸ
Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար դրական նկատեց սահմանին զինադադարի խախտումներու դէմ պայքարի գործիքակազմ մը հաստատելու՝ Հայաստանի առաջարկը:
«Լարուածութիւնը նուազեցնելու նպատակով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ զինադադարի ենթադրեալ խախտումները վերացնելու համար, երկկողմ գործիքակազմ մը հաստատելու Հայաստանի առաջարկը պէտք է ողջունուի:
Եւրոպական Միութիւնը Վրաստանի մէջ իր առաքելութեան միջոցով 15 տարիներ օգնած է Վրաստանի մէջ այսպիսի հանդիպումներ կազմակերպելու եւ պատրաստ է ներկայացնել իր փորձառութիւնը», նշեց Քլաար:
Ան ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նաեւ ըսաւ, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան առաւել քան երբեք մօտեցած են խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կնքման:
«Թէեւ վերջին ամիսներուն խաղաղութեան բանակցութիւններուն միջազգային մասնակցութիւնը աւելի սահմանափակ եղաւ, քան նախորդ երկու տարիներուն, սակայն, մենք ուրախ ենք արձանագրելու Հայաստան-Ատրպէյճան երկկողմ հանդիպումներուն ընթացքին արձանագրուած յառաջընթացը», նշեց Քաար:
Ան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը հսկայական ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկու երկիրներուն եւ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ: Բոլորովին նոր իրավիճակ մը պիտի ստեղծուի, եւ ինքնաբերաբար պիտի աւելնան առեւտրական-տնտեսական փոխգործակցութեան կարելիութիւնները:
«Անիկա պիտի ազդէ նաեւ տարածաշրջանին մէջ Եւրոպական Միութեան աշխատանքին վրայ, որովհետեւ միութեան կարելիութիւն պիտի տայ տարածաշրջանային աւելի լայն համագործակցութիւն ծաւալելու Հարաւային Կովկասի բոլոր երեք երկիրներուն մասնակցութեամբ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Ինչպէս բազմաթիւ անգամներ ըսուած է՝ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ զանազան միջոցով` յատկապէս կեդրոնանալով տարածաշրջանային կապի եւ երթեւեկութեան վրայ` ըստ կողմերուն միջեւ պայմանաւորուածութիւններուն»: