Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած՝ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարներուն դէմ յարուցուած «քրէական» գործերը պիտի փոխանցուին դատարան:
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան՝ այս մասին Ստեփանակերտի մէջ յայտարարեց Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քեամրան Ալիեւ:
Ըստ անոր՝ 15 անձերու նկատմամբ հետաքննութիւնը արդէն աւարտած է: Ձերբակալուածներուն մէջ են Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, խորհրդարանի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւ բարձրաստիճան նախկին զինուորական ծառայողներ:
«Այս պահուն, մեղադրեալները, փաստաբանները եւ տուժողները կը ծանօթանան քրէական գործի նիւթերուն, ճանաչողական փուլի աւարտէն ետք մեղադրական եզրակացութիւնը պիտի ներկայացուի դատարան», ըսաւ Քեամրան Ալիեւ: