
ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Հայաստան՝ Ցեղասպանութիւն վերապրած վաղեմի ազգ-պետութիւնը, նշանակալի քայլ կատարեց՝ այսօր ճանչնալով Պաղեստին պետութիւնը։ Այս որոշումը Հայաստանը կը միացնէ առաւել քան 140 երկրներու եւ Վատիկանի Սուրբ աթոռին, ներառեալ՝ Սպանիոյ, Նորվեկիոյ եւ Իրլանտայի կողմէ վերջին ճանաչումներուն՝ հակառակ Իսրայէլի խիստ առարկութիւններուն։ Անիկա կ՛ընդգծէ Հայաստանի հաւատարմութիւնը ազգերու իրաւահաւասարութեան, բնակչութեան նկատմամբ բռնութեան դիմակայելուն եւ ազգերու ինքնորոշման ու մարդասիրական համերաշխութեան սկզբունքներուն։
Հայաստանի աջակցութիւնը «երկու պետութիւններու լուծումին» խորապէս արմատաւորուած է հայութեան պատմական փորձառութեան մէջ: Իբրեւ Ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտումներու ենթարկուած ժողովուրդ՝ մենք կը համակրինք Պաղեստինի մարդասիրական ճգնաժամին եւ շարունակուող տարածաշրջանային հակամարտութեան անյապաղ աւարտին. ասիկա կ՛ուժեղացնէ պատմական պահը՝ Հայաստան ազգ-պետութեան ձայնը միջազգային հարթակին վրայ՝ իբրեւ ՄԱԿի 193 անդամներէն մէկը։
Այս որոշումը նոյնպէս նշանակալի է՝ կատի ունենալով Երուսաղէմի մեր երկարամեայ ներկայութիւնը: Հայկական թաղամասը՝ Հին քաղաքի չորս թաղամասերէն մէկը, դարերով եղած է հայկական համայնք, ուր մեր ներկայութիւնը կը սկսի 4րդ դարու սկիզբը՝ իբրեւ աշխարհի առաջին երկիրը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց իբրեւ պաշտօնական կրօնք: Երուսաղէմի հայ համայնքը կը վայելէ որոշ իրաւունքներ եւ անիկա անբաժանելի է քաղաքի բազմամշակութային խճանկարէն։ Եւ այսպէս, Պաղեստինի ճանաչումը համահունչ է Երուսաղէմի մեր պատմական դերին:
Հայութեան համար, ասիկա հաւաքական պահ մըն է, որ կը խօսի մեր միասնութեան մասին՝ իբրեւ համաշխարհային անդրազգային համայնք՝ իր ազգ-պետութեան կողքին: Անիկա կը գերազանցէ այսօրուան բեւեռացած ներքաղաքական մթնոլորտը եւ մեզ կը յիշեցնէ մեր ազգի բարոյական միասնութեան կարեւորութեան մասին: Այս այն պահն է, երբ Սփիւռքի Հայ Դատի լոպիական համացանցը պէտք է համագործակցի Հայաստանի պետութեան դեսպանութիւններուն հետ՝ ընդլայնելու այս պատմական որոշման նշանակութիւնը։
Մինչ այդ, ըսենք նաեւ, որ շատեր ճանաչումը փորձեցին կապել Էրտողանի եւ Փաշինեանի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին իբրեւ արդիւնք: Աւելի՛ն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Հայաստանի՝ Պաղեստինի ճանաչումը՝ ընդգծելով. «Թուրքիա պիտի շարունակէ ջանք չխնայել, որպէսզի յաւելեալ երկիրներ Պաղեստինը ճանչնան». յօդուածագիրը այս բաժինը գիտակցաբար պիտի անտեսէ:
Հայերը պէտք է հպարտանան այս պահով. անկա կ՛արտացոլէ մեր հաւաքական ձայնը՝ իբրեւ պատասխան հրատապ մարդասիրական կոչին, նոյնիսկ այն դէպքին, երբ աշխարհը 2023ի աշնան չկրցաւ անդրադառնալ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթին:
Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի ճանաչումը հպարտութեան եւ նշանակալի պահ է աշխարհասփիւռ հայութեան համար։ Անիկա կ՝ընդգծէ, որ կրօնական ինքնութիւնը մեր մարդասիրական արժէքներուն վրայ ազդեցութիւն չունի հակառակ Ատրպէյճանի փորձերուն՝ Հայաստանը բացասական կերպով միշտ ներկայացնելու մահմետական աշխարհին, մինչդեռ անիկա Հրէաստան քարիւղի արտածողն է, եւ վերջինս Ատրպէյճանի բռնակալին զէնքի հիմնական մատակարարն է:
Այս որոշումը նաեւ կ՛ընդգծէ մեր հետեւողական համակրական հասկացողութիւնը Հոլոքոսթի յիշատակին նկատմամբ՝ հակառակ Իսրաէլի կառավարութեան՝ մինչեւ օրս Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանաչել մերժելուն:
Այսօր, Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի ճանաչումը միջազգային հանրութեանը պէտք է յիշեցնէ, որ մեր դիրքորոշումը կը բխի մեր անսասան բարոյական կողմնացոյցէն, զոր կը կիսենք 193 ազգ-պետութիւններէն 145ին հետ, որոնք քաջութիւնը ունեցան ճանաչելու Պաղեստին պետութեան գոյութեան իրաւունքը եւ իբրեւ խաղաղութեան ուղի՝ Միջին Արեւելքի ամէնէն անլուծելի հակամարտութեան. Պաղեստին պետութեան նոյնիսկ խորհրդանշական հնարաւորութիւնը օգտակար է Պաղեստինի միջազգային դիրքի բարձրացման, եւ կրնայ խթան հանդիսանալ ուրիշ երկրներու, որ մտածեն ճանաչման մասին եւ ճնշում գործադրուի Իսրայէլի վրայ՝ աւերիչ պատերազմը դադրեցնելու շուրջ բանակցութիւններ սկսելու համար:
Եզրափակելով, ըսենք, որ եթէ այսօր Երուսաղէմի հայկական վանքը ապաստան գտած Ցեղասպանութիւնը վերապրած «ռէհմէթլիք» (ողորմած) որբ օսմանահայ մեծ մօրս` Լուիզային, ձայն տային, այս օրը երբ Հայաստան Պաղեստինը ճանչցաւ իբրեւ պետութիւն, անոր հաւանական պատասխանը կ՛ըլլար. «Եաւրում, Հայաստանը պարզ պետութիւն մը չէ. անիկա մեր հաւաքական յիշողութիւնն է. այլ կերպ վարուիլ չէր կրնար օղլում. Երուսաղէմի մեր վանքը դուն չես տեսած…. Եա՞»։