Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մինսքին (Պելռուսի մայրաքաղաք) բողոքագիր մը ուղարկեց: Այս մասին յայտարարութիւն մը հրապարակեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ գրասենեակը։
«Բելառուսի ԱԳՆ խօսնակի` Յունիսի 13ի մեկնաբանութեան, մասնաւորապէս Հայաստանի ներքին գործերին միջամտելու առնչութեամբ բելառուսական կողմին ներկայացուել է բողոքի յայտագիր: Յաւելենք, որ երկրի ապագայի մասին մտածող ղեկավար ունենալու մաղթանքներ յղելիս մաղթողն ինքը պէտք է սեփականն ունենայ: Բելառուսի պարագայում այս պահին դա յիրաւի շռայլութիւն է», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: