ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԱՊԱՑՈՅՑ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Բաղրամեան-Դեմիրճեան խաչմերուկի իրադարձութիւններէն երկու օր ետք, իշխանութիւնը մեղադրեց Բագրատ սրբազանը` պետական պաշտօնեաներու դէմ մահափորձ կազմակերպելու մէջ:
«Կաթողիկոս, դու օրհնել ես Բագրատի կողմից ղեկավարուող շարժումը, ով յստակ պլանաւորուած (ծրագրուած) յարձակուել է Ազգային ժողովի վրայ, պետական ինստիտուտների (հաստատութիւններու) վրայ, փորձել է գտնել եւ մահափորձ իրականացնել պետական պաշտօնեաների նկատմամբ` կաթողիկոսի օրհնութեամբ», ըսաւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան:
Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան Ա. Յովհաննիսեանէն ապացոյցներ պահանջեց։
«Շատ լուրջ մեղադրանք է, եւ մինչեւ Երկուշաբթի եթէ իրենք փաստեր չներկայացրեցին, իրաւական գործընթացով իրենց ստիպելու եմ, որ ներկայացնեն, ստիպելու եմ, որ ներողութիւն խնդրեն իր բոլոր հետեւանքներով: Սա արդէն լուրջ մեղադրանք է, ամբողջ հետեւանքները պիտի կրեն էս մարդիկ», «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան՝ յայտնեց սրբազանը:
Արձագանգելով նոյնինքն Յովհաննիսեանի այլ մեղադրանքի մը, որ իբր թէ արքեպիսկոպոսը քար նետած է ոստիկաններուն վրայ՝ սրբազանը ըսաւ. «Ով անունով նման մեղադրանքներ է ներկայացնում եւ փաստեր կը ներկայացնեն, շատ լաւ, մինչեւ Երկուշաբթի ժամանակ ունեն, իրաւական դաշտում իրենք պէտք է ամենածանր հետեւանքներով պատասխան տան»:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ հակառակ կաթողիկոսին եւ Բագրատ սրբազանի հասցէին իշխող խմբակցութեան այս ծանր մեղադրանքներուն, ցարդ իրաւապահ մարմինները մահափորձի յօդուածով քրէական վարոյթի չեն նախաձեռնած եւ ոեւէ կասկածեալ չեն ներգրաւած: