Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Իսլամապատի մէջ փաքիստանցի իր պաշտօնակիցին հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի չորս գիւղերուն վերադարձը դրական ներդրում ունի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Ան ներկայացուց տարածաշրջանին մէջ յետ-հակամարտութեան իրավիճակը: «Ես նշած եմ, որ ականներու երկարաժամկէտ հարցը կը խոչընդոտէ մեր ջանքերը», նշեց Պայրամով:
Ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճան-Հայաստան սահմանի որոշ հատուածի մը սահմանազատման եւ չորս գիւղեր Ատրպէյճանին վերադարձնելուն վերաբերող վերջերս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը դրական ներդրում ունի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ:
«Ատրպէյճան հաւատարիմ է խաղաղ գործընթացին, եւ մենք յոյս ունինք, որ անիկա դրական պիտի ըլլայ ընդհանուր տարածաշրջանի ապահովութեան եւ բարգաւաճման համար», դիտել տուաւ Պայրամով: