Հայաստանի Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ 25էն 26 Մայիսին տեղացած յորդառատ անձրեւներուն պատճառով եղած հեղեղումներուն ստեղծած արտակարգ իրավիճակին մէջ շրջաններուն մէջ փրկարար եւ վերականգնման աշխատանքները կը շարունակուին: Արդարեւ, Ախթալայի 7 գիւղերուն հետ կապող հետիոտնային կամուրջ տեղադրուեցաւ 30 Մայիսին: Փլուզման իբրեւ հետեւանք այդ բնակավայրերը մնացած էին մեկուսացման մէջ, բնակիչները կազամատակարարում, ելեկտրականութիւն եւ ջուր չունէին: Այժմ հետիոտնային կամուրջին միջոցով կարելի է կապ հաստատել, սննդամատակարարումը աւելի դիւրացնել:
Բնականաբար ասիկա նախնական լուծում է:
30 Մայիսին Ճանապարհային բաժանմունքի գործադիր տնօրէնը «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ այս կամուրջը մինչեւ փլուզումը կը ծառայէր իբրեւ կապող միջոց այդ գիւղերուն հետ:
«Պէտք է կառուցուի ամբողջութեամբ նոր կամուրջ, նոր ստանդարտներ (չափանիշեր) կան: Կարծում եմ, որ նոյն տեղում աշխատանքներին կը խանգարի, պէտք է տեղափոխուի, նոր կամուրջ կառուցուի ամբողջութեամբ նոր տեղում», նշեց ան:
Նոյն ժամանակ, երկաթուղիի շինարարները աշխատանք կը տանին շրջանին մէջ, սակայն զայն ամբողջութեամբ վերականգնելու համար երկար ժամանակ կը պահանջուի:


Լոռիի մարզպետ Արամ Ղազարեան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը տակաւին չէ դիմած այլ երկիրներու կամ միջազգային կառոյցներու հեղեղներուն հետեւանքները վերացնելու համար օգնութեան նպատակով: Բայց, աղէտի գօտի յայտարարելը, ըստ փրկարար ծառայութեան տնօրէնին, ունի նաեւ այդ նպատակը:
Գետի վարարման պատճառով հեղեղուած բնակավայրերուն մէջ կ՛ընթանան ենթակառուցուածքներու վերականգնման աշխատանքներ: Ալաւերդի քաղաքի գետամերձ թաղամասերուն եւ յարակից գիւղերուն մէջ տակաւին հոսանքի ու կազամատակարարման հարցեր կան. որոշ տեղեր նաեւ կոյուղիի գիծեր վնասուած են:
Փրկարարներուն օգնութեամբ Ալավերդիի Սանահին կայարան մեկուսացուած թաղամասը ջրագիծ հասցուեցաւ եւ կազի պալոններ տեղափոխուեցան: 30 Մայիսի դրութեամբ այս թաղամասէն 137 բնակիչներ տարհանուած են՝ փրկարարական պարաններու միջոցով: 141 բնակիչներ չեն ուզած հեռանալ իրենց տուներէն. անոնք ուտելիք կը տրամադրուի Տակաւին մեծ աշխատանք կայ, հետեւողական կերպով անոնք կ՛իրականանան: