Իսրայէլեան ուժերը դարձեալ ռմբակոծեցին Պաալպեքն ու Պեքաան, յատկապէս արեւմտեան Պեքաան` պատճառելով նիւթական եւ մարդկային վնասներ:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ բախումները շարունակուեցան: Իսրայէլեան օդուժն ու հրետանին ռմբակոծեցին շարք մը բնակավայրեր, իսկ «Հըզպալլա»՝ ռմբակոծեցին իսրայէլեան Սըմմեքայի եւ Ռաս Նաքուրայի իսրայէլեան դիրքը` պատճառելով նիւթական եւ մարդկային վնասներ:
«Հըզպալլա» անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց Թապարիա քաղաքին մէջ գտնուող իսրայէլեան խարիսխին վրայ` սպաննելով կամ վիրաւորելով հոն գտնուող զինուորները:
«Հըզպալլա» նաեւ Կոլանի իսրայէլեան դիրքերն ու Գալիլիոյ իսրայէլեան զօրանոցները հարուածեց:
Մինչ այդ, Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Պահրէյնի մէջ մասնակցեցաւ Արաբական լիկայի 33րդ վեհաժողովին։ Իր պաշտօնական խօսքին մէջ, ան շեշտեց, որ Լիբանան «կ՛ընկղմի տագնապներու ծովու մը մէջ եւ ալիքները անոր կը բախին բոլոր կողմերէն, սակայն Լիբանան միաժամանակ վստահ է, որ արաբական ցամաքը խոստմնալից նաւահանգիստն է, որ երկիրը կը պաշտպանէ փոթորիկներու սպառնալիքէն»:
Միքաթի պահանջեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել հեռանալու լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն եւ դադրեցնելու իր ցամաքային, ծովային եւ օդային ոտնձգութիւնները: