Ռուսիոյ ապահովութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէնի թեկնածու Ալեքսանտր Պորթնիքով Երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ ռուս սահմանապահները պիտի պահպանեն իրենց ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ:
Դաշնակցային խորհուրդին մէջ իր թեկնածութեան շուրջ քննարկումներուն ընթացքին, ան վերահաստատեց, որ ռուս սահմանապահները պիտի շարունակեն իրենց ծառայութիւնը հայ-թրքական եւ հայ-իրանական սահմաններուն վրայ:
«Թասս» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Պորթնիքով յիշեցուց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս դիմեցին Մոսկուային՝ ռուսական զօրքը շփման գիծէն դուրս բերելու խնդրանքով, եւ հայկական կողմին խնդրանքով պիտի փակուի նաեւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի սահմանային անցակէտը: