Ներքին Հանդի գիւղապետ Խաչատուր Բաղդասարեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ 12 Մայիսին նկատած են, թէ ռուս սահմանապահները կը հաւաքեն դաշտային հաղորդալարերը, հաւանաբար հեռանալու նպատակով:
«Ազատութեան» տեսախցիկը ճշդեց, որ Ներքին Հանդի սկզբնամասին մէջ գտնուող ռուսական անցակէտին մէջ կան քանի մը ռուս զինուորականներ, որոնք սակայն կից դիտակէտէն չեն հսկեր անցուդարձին: Անցակէտին մուտքին մօտ եւս հաւաքուած հաղորդալարեր կան:
Ռուս սահմանապահները այս տարածքներուն մէջ տեղակայուած էին 44օրեայ պատերազմէն ետք` Հայաստանի կառավարութեան խնդրանքով:
Նախորդող օրերուն, Ռուսիոյ նախագահ Փութինի խօսնակը հաստատած էր, որ Հայաստանի շարք մը մարզերէն ռուս զինուորականներու եւ սահմանապահներու դուրսբերումը համաձայնեցուած է 8 Մայիսին, Մոսկուայի մէջ Հայաստանի ու Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին: