Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի մեկնարկէն երկու տարի ետք, երբ Ռուսիա սաստկացուցած է յարձակումները, նախագահ Վլատիմիր Փութին անակնկալօրէն յայտարարեց, թէ կը փոխէ պաշտպանութեան նախարարը եւ իր երկարամեայ աջակից Սերկէյ Շոյկուի փոխարէն, առաջադրեց նախկին փոխվարչապետ Անտրէյ Պելուսովը:
65ամեայ Պեոուսով, որուն թեկնածութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, խորհրդարանը պիտի հաստատէ յառաջիկայ քանի մը օրերուն, ցարդ ոչ մէկ կապ ունի ռազմական համակարգին հետ, այլ տնտեսական ոլորտէն է, սակայն սերտ կապեր ունի նախագահին հետ։
Քրեմլինի խօսնակը այս փոփոխութեան մասին ըսաւ. «Շատ կարեւոր է ապահովութեան մարզին մէջ տնտեսութիւնը ներառել այնպէս, որ անիկա համապատասխանէ ներկայի փոփոխութիւններուն: Եւ երկրորդը` այսօր պատերազմը կը յաղթէ ան, որ աւելի բաց է նորարարութիւններուն»:
Փութինի մամլոյ քարտուղարը դիտել տուաւ, որ Պելուսովի նշանակումը չի փոխեր պաշտպանութեան համակարգը:
Պելուսով յայտնի է Արեւմուտքի մասին իր կոշտ յայտարարութիւններով:
Իսկ 12 տարի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վարած Շոյկու պիտի դառնայ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար՝ փոխարինելով Նիքոլայ Փաթրուշեւը։
Կառավարութեան միւս առանցքային դէմքերը, որոնց կարգին՝ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին եւ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, պիտի շարունակեն վարել իրենց պաշտօնները: