
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Մերտինեան Հայ Աւետարանական վարժարանի տնօրէնութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Վարժարաններու եւ համալսարաններու արեւմտեան միութեան (WASC) վարկաւորման մարմինը տեղեկացուցած է վարժարանին, թէ որոշած է առաւելագոյն ժամկէտով՝ վեց տարիով, վերանորոգել վարժարանին վարկաւորումը։
Տնօրէնուհի դոկտ․ Սիւզի Օհանեան ողջունեց այս իրագործումը, զայն նկատելով վարժարանին մէջ տարուող ժրաջան աշխատանքին եւ անձնակազմին նուիրումին արդար արդիւնքը։
Վարժարանի գործունէութեան մասին տրամադրուած տեղեկութիւններն եւ զեկոյցները ուսումնասիրելու կողքին, նշեալ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները այցելութիւններ տուած են վարժարան՝ մօտէն հետեւելով եւ քննելով դաստիարակութեան որակը ու աշակերտներուն իրագործումները։ Անոնք նաեւ հանդիպումներ ունեցած են տնօրէնութեան, անձնակազմին, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն հետ։