ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 109ամեակին առիթով, Լաս Վեկասի Ամերիկահայ մշակութային ընկերակցութեան հովանաւորութեամբ եւ շրջանի հայկական կազմակերպութիւններուն եւ եկեղեցիներուն մասնակցութեամբ, Ապրիլ 24ին, քաղաքի «Սանսեթ» զբօսայգիին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչումը: Այս տարի ոգեկոչուեցան նաեւ Արցախի ցեղասպանութեան զոհերը։
ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղի սկաուտները կատարեցին դրօշակի արարողութիւնը, որմէ ետք ներկայացուեցան Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգները։
Հանդիսավարն էր Հըրմըն Պրում, որ բացման խօսքէն ետք հրաւիրեց Ս. Կարապետ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեանը եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի Սեմ Ակուլեանը, միասնաբար կատարելու ոգեկոչման ձեռնարկին բացման աղօթքը։


Իբրեւ գլխաւոր բանախօս, ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ՝ իրաւաբան Լենա Յովհաննէսեան, որ զուգահեռներ գծեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անցեալ տարի իրականացուած Արցախի ցեղասպանութեան միջեւ։
Քոնկրեսական Տինա Թայթըս, որ առաջնորդած էր Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանել պահանջող Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւը, անգամ մը եւս դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող հակահայ բռնարարքները եւ Արցախի հայաթափումը։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ նախկին քոնկրեսական Շելի Պըրքլի, իսկ Նեւատայի նահանգապետին պատգամը փոխանցեց անոր ներկայացուցիչը՝ Լիզ Փայումօ։
Ներկայ էին նաեւ Լաս Վեկասի քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ Քորէայի հիւպատոս Ճոզէֆ Քամփոս։
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան քաղաքի Հայկական պարախումբին սաները եւ ջութակահար Հերի Յովակիմեան։
(Քաղուած՝ Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի թղթակցութենէն)

