
Համազգային Հայ կրթական եւ Մշակութային միութեան Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային ներկայացուցչական 26րդ ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, Մայիս 5ին, Փասատինայի «Ճիվելեկեան» կեդրոնին մէջ: Ժողովին ներկայ գտնուեցան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Տիգրան Պապիկեան, ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան անդամներ, Համազգայինի 8 մասնաճիւղերէ 21 լիազօր պատգամաւորներ, 7 միաւորներու ներկայացուցիչներ եւ Շրջանային վարչութեան հրաւիրեալները:
Շրջանային ժողովը հանգամանօրէն քննեց Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի անցնող երկու տարուան գործունէութիւնն ու բազմաբնոյթ աշխատանքները եւ կատարեց համապատասխան գնահատական, արժեւորելով՝ «Յոյժ գովելի»:
Ժողովը նաեւ ընդգծեց, որ Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի 55ամեակին եւ Համազգայինի 95ամեակին նուիրուած յոբելենական տօնախմբութիւնները որակաւոր եւ իր հետքը ձգող ձեռնարկներ էին, իսկ Համազգայինը գաղութի մէջ գրական, գեղարուեստական, պարային, թատերական եւ երաժշտական ձեռնարկներով միշտ բարձր պահեց մշակութային ջահը:
Շրջանային ներկայացուցչական 26րդ ժողովը իր առաջարկները եւ պատկերացումները ներկայացուց յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութեան համար, յատկապէս շեշտելով վերակազմակերպման, երիտասարդութեան համախմբման, քարոզչութեան յաւելեալ թափ տալու եւ սեփական կեդրոն մը ունենալու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:
Աւարտին, Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը 2024-2026 երկամեակին համար ընտրեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան իննանդամ նոր կազմ` բաղկացած հետեւեալներէն՝ Մանուկ Չուխաճեան, Յովիկ Սերայտարեան, Մարալ Թուլումեան, Վիգէն Հարպոյեան, Թամար Ուրիշեան, Բիւրակ Մոմճեան, Շուշիկ Արսլանեան, Նիկոլ Մանուկեան եւ Րաֆֆի Օհանեան։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ