
ՍԵԴԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Ինքնաճանաչ հայ մարդը կ՛ենթադրեմ, որ ունի հայ մնալու եւ հայ մշակոյթը վառ պահելու ամէնօրեայ մտահոգութիւն։ Հոս, Լոս Անճելըսի մէջ, կան հայ գաղութը կազմող բազմահազար ընտանիքներ, հետեւաբար կան նաեւ հազարաւոր հայ մանուկներ, պատանիներ ու երիտասարդներ։ Արդեօք այս սերունդին քանի՞ առ հարիւրը կը խօսի, կը կարդայ, կը գրէ, կ՛երգէ հայերէն, կը մտածէ հայերէնով, կը պարէ, կ՛արտասանէ, կը նուագէ հայկական՝ չեմ գիտեր։ Կը մտահոգուիմ, կը հետեւիմ գաղութին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն։
Այսպէս, Ուրբաթ, 26 Ապրիլին ներկայ եղայ «Լարք» երաժշտանոցի գրական-երաժշտական երեկոյին, Կլենտէյլի «Ալեքս» սրահին մէջ։ Ձեռնարկին վերնագիրն էր՝ «Եռաձայն Պատարագ», նուիրուած՝ Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակին, իսկ ելոյթ ունեցողները երաժշտանոցի աշակերտներն էին։ Յայտագիրին մաս կազմող բոլոր նուագները, խօսքերը, երգերը, ասմունքները եւ պարերը հայկական էին, հայերէն էին։ Առաւել քան 150 մանուկ-պատանիներ բեմ բարձրացան։
Կարգով ելոյթ ունեցան` ձեռնազանգակի երկու խումբեր, 8 յառաջացած աշակերտներ՝ մէկ ջութակ, 7 դաշնամուրներ, իւրաքանչիւրը իբրեւ մենակատար ելոյթ ունեցաւ, 8 հասուն պատանիներ (6 աղջիկներ, 2 տղաներ) ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի երկարաշունչ «Եռաձայն Պատարագ»ը, «Ծիածան» երեք երգչախումբերը (շուրջ 90 մանուկներ) միասնաբար երգեցին Կոմիտասի հոգեւոր երգերէն, եւ վերջին հատուածով ելոյթ ունեցան «Տաւիղ» երկու պարախումբերը։
Երաժշտանոցի փոխտնօրէնուհի Թագուհի Արզումանեան այս ծրագիրին ղեկավարն էր։ Յայտագիրի կիսուն, ան ներգործող մեկնաբանութեամբ ասմունքեց իր խորիմաստ գրութիւնը՝ Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն Պատարագ»ին նուիրուած, ցոլացնելով իր խորհրդածութիւնները։ Ան ելոյթ ունեցաւ նաեւ բարի գալուստի եւ փակման ու շնորհակալական խօսքերով, յատկապէս դրուատելով «Լարքի» հիմնադիր Վաչէ Պարսումեանի անվերապահ եւ ազգանուէր գործունէութիւնը, որ արժանացաւ սրահի բուռն ծափահարութեան։
Տեսնելով այսքան մեծ թիւով հայ մանուկներու եւ պատանիներու հայաշունչ ելոյթները, միայն լաւատեսութեամբ եւ յոյսով կարելի է լեցուիլ։ Ձեռնազանգակ նուագողները սքանչելի էին, համերաշխ եւ զգայուն, մենակատարները փայլուն՝ նկատի ունենալով անոնց ուսանող ըլլալը, կարելի է զանոնք նոյնիսկ վարպետներ համարել։ Ասմունքողները ներկայացան սքանչելի առոգանութեամբ, հնչումներով, անսխալ եւ իմաստալից մեկնաբանութեամբ։ Մեծաթիւ երգչախումբը տպաւորիչ էր. անիկա մեկնաբանեց կոմիտասեան հոգեւոր բարդ երգեր։ Երանի մաս կազմող շատ փոքր մանուկներու խումբը աւելի մատչելի երգերով հանդէս գար, բայց այնքան յուզիչ էր երեւոյթը, որ ներելի էին մանր սխալները։ Պարախումբի պարմանուհիները, մեծ եւ փոքր՝ բոլորն ալ անուշիկ էին ու կը պարէին հեզաճկուն։
Ներկաները շատ ուրախ էին եւ շնորհակալ, ծնողները հպարտ՝ իրենց զաւակներով։ Իսկ ես լաւատեսութեամբ պարուրուած եւ լիայոյս՝ վերադարձայ տուն, մտածելով որ, ի՜նչ լաւ է որ կայ «Լարք»ը, ուր հայ մշակոյթը կ՛ապրի ու կը ծաղկի։ Ապա մտածեցի գաղութի մեծ պատկերին մասին`խճանկար մը, որուն մաս կը կազմեն միութիւններ, կազմակերպութիւններ, դպրոցներ, վարժարաններ, ամէն տեսակի արուեստի անձնական դպրոցներ, ու այս բոլորը կը սորվեցնեն եւ կը դաստիարակեն «հայկական»ով։ Հազարաւոր մանուկներ եւ պատանիներ կը յաճախեն այս դպրոցները, կը մասնակցին արուեստի եւ այլ դասընթացքներու, մաս կը կազմեն երգչախումբերու, պարախումբերու եւ թատերախումբերու։ Արդեօք ընդհանուր բազմահազար հայ սերունդի քանի՞ տոկոսը կը մասնակցի այս գործունէութիւններուն՝ դժուար է կռահել։ Սակայն, որքան ալ փոքր ըլլայ այդ տոկոսը, գիտենք, որ պիտի դաստիարակուի պատկառելի թիւ մը ներկայացնող հայ սերունդ մը։ Բարձր իմացականութեամբ, հաւատքով ու ժրաջան աշխատանքով կարելի է պահել ու զարկ տալ մեր մշակոյթին։
Այս առիթով կ՛ուզեմ շնորհաւորել եւ շնորհակալութիւն յայտնել «Լարք»ի բոլոր անդամներուն։ Յաջողութի՛ւն՝ նաեւ մշակոյթի բոլոր միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, մշակներուն եւ կամաւոր աշխատակիցներուն։
Կը հաւատամ, որ աւելի լաւին յարատեւ ձգտումը, լաւատեսութիւնը եւ անդուլ աշխատանքը մեզ կը հասցնեն մեր նպատակակէտին։