
Արժանթինի հայ համայնքը Ապրիլի 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարելիցին, UBA իրաւաբանական դպրոցէն սկսելով կազմակերպեց երթ մը՝ դէպի Պուէնոս Այրեսի մօտ Թուրքիոյ դեսպանին նստավայրը:
«Արմէնփրս»ը կը տեղեկացնէ, որ ձեռնարկը կազմակերպած էր Պուէնոս Այրեսի հայ համայնքի Միջերիտասարդական կլոր սեղանը: Այս առիթով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան, ՀՄԸՄի, Խրիմեան հայկական վարժարանի եւ ՀՅԴ Պատանեկան միութեան անդամները բարձրացուցած էին դրօշներ եւ հագած էին շապիկներ` «Իրաւունք. վերադարձ Արցախ» գրութեամբ, այդ ձեւով պահանջելով 2023ին Ատրպէյճանի կողմ՝ իրականացուած ցեղային զտումներէն ետք, Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձը իր բնօրրանը:
Ձեռնարկը բացուեցաւ Արժանթինի եւ Չիլիի թեմերու առաջնորդներուն պատգամով:
Պուէնոս Այրեսի հայ համայնքի Միջերիտասարդական կազմակերպութիւնը եւս հանդէս է եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն կ՛ըսուէր հետեւեալը․ «Ինչո՞ւ 1915էն 1923 թուականներուն թրքական պետութիւնը ուզեց ոչնչացնել հայերը, ասորիները եւ յոյները, որովհետեւ կը ձգտէր իրականացնել իր փանթրքական երազը` վերացնել գերագահութեան գաղափարախօսութեան դէմ արտայայտուող որեւէ խմբաւորում եւ բոլորին պարտադրել պատմութեան միասնական տեսլական մը»:
Վերոնշեալ յայտարարութեան հեղինակները երախտագիտութեամբ կ՛արձանագրեն այն իրողութիւնը, որ Արժանթինը միակ երկիրն է, ուր իշխանութեան երեք թեւերը միահամուռ կերպով ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ նաեւ այս երկրի հայ համայնքը կազմող կառոյցներուն աշխատանքին եւ պայքարին արդիւնքն է:
«Այս Ապրիլի 24ը առաջինն է, երբ Արցախի մէջ հայ չկայ: Թուրքիոյ կառավարութեան նպատակը կը մնայ նոյնը: Ողբերգութիւնը Արցախի մէջ՝ ցեղային զտումներով չաւարտեցաւ: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ինկած են Հայաստանի ետեւէն: Հարաւի մէջ անոնք արդէն ներխուժած են եւ լը ձգտին իրականացնել իրենց փանթրքական երազը: Մենք բոլոր ոլորտներու մէջ պէտք է դատապարտենք եւ բարձրաձայնենք, որ Ատրպէյճան գերութեան մէջ կը պահէ արցախցի հայերը, որոնց կարգին՝ քաղաքացիական անձնաւորութիւններ, պետական պաշտօնեաներ, նախկին նախագահներ, ինքնապաշտպանութեան բանակի հրամանատարներ: Մենք պէտք է պահանջենք, որ առաւել քան հարիւր հազար արցախահայերը կարենան վերադառնալ եւ ապրել իրենց պապենական տարածքներուն մէջ: Մենք պէտք է խօսինք այդ մասին եւ այդ քննարկումը ունենանք մեր դպրոցներուն մէջ, մեր համալսարաններուն մէջ եւ մեր աշխատանքի վայրերուն մէջ», կ՛ըսուի Պուէնոս Այրեսի հայ համայնքի Միջերիտասարդական կլոր սեղան կազմակերպութեան վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: