Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա կ՛ափսոսայ ՀԱՊԿի հասցէին Հայաստանի իշխանութիւններուն շարունակուող հրապարակային քննադատութիւններուն համար: «Ասիկա կը կատարուի, հակառակ անոր որ կազմակերպութեան քարտուղարութեան ղեկավարութիւնը հրապարակաւ հաստատեց հանրապետութեան հանդէպ բոլոր պարտաւորութիւններու պահպանումը՝ ՀԱՊԿի կանոնադրային նպատակներուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան», ըսաւ Զախարովա:
Ան այս մասին խօսեցաւ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին՝ մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները, թէ ՀԱՊԿը չէ արձագանգած 2021ին եւ 2022ին, Հայաստանի սահմաններուն վրայ յարձակումներուն:
Ան նաեւ շեշտեց, որ Մոսկուա պատրաստակամ է օգնելու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման՝ «հիմնուած Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու եռակողմ համաձայնութիւններուն վրայ»:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ ռուսական կողմը կը սպասէ Մայիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթնաժողովին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեան:
ՌՈՒՍԻԱ ԱՌԱՋԻՆՆԵՐԷՆ Է, ՈՐ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՃԱՆՉՑԱՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Զախարովա նաեւ յայտարարեց, թէ Ռուսիա առաջիններէն էր, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Այդ սգոյ օրը ունի պատմական, հոգեւոր եւ բարոյաքաղաքական նշանակութիւն մեր դաշնակից Հայաստանի, մեր բարեկամ ժողովուրդին եւ Ռուսիոյ մէջ ապրող միլիոնաւոր հայերուն համար: Մենք այդ ողբերգութիւնը միշտ կ՛ընկալենք իբրեւ մեր ցաւը եւ վիշտը», ըսաւ ան: