Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին վրայ, չափագրութեան հիման վրայ, համակարգի կէտերու ճշդման աշխատանքներու ծիրին մէջ, 25 Ապրիլի դրութեամբ՝ տեղադրուեցան 20 սահմանային սիւներ: Երկու երկիրներու փորձագիտական խումբերուն աշխատանքները կը շարունակուին: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն:
Մինչ այդ, 23 Ապրիլին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանին շուռջ 10-12 քիլոմեթրը արդէն կարելի է սահմանազատուած նկատել: «Ասիկա կարեւոր կէտ է, եւ պատահական չէ, որ տարածաշրջանային եւ ոչ-տարածաշրջանային բազմաթիւ երկիրներ իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն», ըսաւ ան՝ շեշտելով, թէ Երեւան եւ Պաքու հարցին կառուցողական կը մօտենան:
«Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կը շարունակուի այս գործընթացը: Երկու կողմերն ալ կը հասկնան այս հարցին զգայնութիւնը եւ նոյն ժամանակ հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին: Կը կարծեմ, որ եթէ հետագայ փուլերուն նոյն մօտեցումը կիրարկուի, մենք պիտի կարենանք աւելի արագ յառաջանալ», ըսաւ Ալիեւ։
Անշուշտ, սահմանը պէտք է սահմանազատել՝ հաւատարիմ մնալով սկզբունքներուն, սակայն սահմանին կան հատուածներ, ուր հարցեր կը ստեղծուին երկու կողմերուն համար ալ, ըսաւ Ալիեւ՝ նշելով, որ խօսքը ճամբաներու, երբեմն ապահովական հարցերու եւ իրարու տարածքի խորութեան տեսանելիութեան մասին է:
«Այսպիսով՝ հարցին պէտք է ստեղծագործաբար մօտենալ: Մենք պէտք չէ մէկ յստակ գիծ բռնենք եւ կոյր կատուի նման հետեւենք անոր: Ո՛չ, մենք հիմք կ՛ընդունինք այս սահմանագիծը, բայց պէտք է խելամիտ ըլլանք եւ պայմանաւորուինք այնպիսի սահմանի մը շուրջ, որ պիտի ըլլայ ապահով եւ յարմար երկու կողմերուն համար ալ», ըսաւ Ալիեւ:
Սահմանին սիւներու տեղադրումը զարմանք պատճառեց քարտէզագիր ու չափագրող Շահէն Շահինեանին: «Սահմանասիւնը չի ենթադրում հողից կէս կամ մի մետր դուրս ցցուած բետոնի կտոր», ըսաւ ան:
Սահմանազատման յանձնաժողովին կից աշխատանքային խումբը միայն նախօրէին կազմուեցաւ, ե՞րբ հասաւ սահմանազատման բարդ գործը կատարել եւ իբրեւ վերջնական արդիւնք սիւնը հողին մէջ խրել շուրջ 24 ժամերու ընթացքին, ըսաւ Շահինեան։ «Մինչեւ ամբողջ սահմանը չես սահմանազատում, այսինքն՝ քարտէզի վրայ իրեն չես տեղադրում, կատալոգները չես կազմում, նկարագրութիւնը չես գրում ու օրէնքի դա չես վերածում, տեղում չես գնում, չես ամրացնում», յայտնեց Շահինեան: