Գ.
Բ.- ԾԱԳՈՒՄ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ
Հայոց լեզուն եւ հայ ժողովուրդը «երկուորեակ ծնունդներ» են՝ նոյն պորտակապով իրարու կապուած: Անոնք ծնած են միատեղ եւ միաժամանակ:
Նախորդ յօդուածով տեսանք, թէ ինչպէս լեզուները կը սաղմնաւորուին ու կը կազմաւորուին։ Այժմ տեսնենք, թէ ինչպէս ժողովուրդներ «լոյս աշխարհ կու գան»:
Պատմահամեմատական լեզուաբանութեան տեսութեան համաձայն՝ նոր ժողովուրդի մը կազմութիւնն ու պատմական ասպարէզ իջնելը կը պայմանաւորուին նոր լեզուի մը կազմաւորումով եւ յայտնութեամբ. այլ խօսքով՝ նոր լեզուի մը յայտնութիւնը նոր ժողովուրդի մը ծննդեան ազդանշանը, սկիզբն ու մեկնակէտը կը հանդիսանայ միաժամանա՛կ՝ մեկնելով այն սկզբունքէն, որ բոլոր մակարդակներու վրայ ինքնատիպ լեզուամտածողութիւնն է հիմքն ու դրդապատճառը տարբերացման:
Այլ խօսքով՝ լեզուն է առաջին եւ միակ նախագործօնը նոր ժողովուրդի մը գոյացման գործընթացին, որուն յաջորդականութեան կարգը հետեւեալ ձեւով կարելի է պատկերացնել. լեզուամտածողութիւն (գաղափարական ոլորտ), լեզու (գաղափարի թանձրացում), նոր ժողովուրդ (մարմնաւորում): Այսինքն՝ երբ հաւաքականութիւն մը կը սկսի ընդհանուրէն տարբերիլ իր մտածելակերպով՝ յառաջ կու գայ նոր լեզու մը, որ իր կարգին ծնունդ կու տայ նոր հաւաքականութեան (ժողովուրդ) մը, որուն մէջ կը մարմնաւորուի ան:
«Մայր լեզուի տրոհումից առաջացած հնդեւրոպական մի շարք այլ լեզուներ ու նրանցով խօսող ցեղեր, նոր բնակավայրեր եւ արօտավայրեր փնտռելով, աստիճանաբար սկսել են հեռանալ, իջնել մայր հայրենիքի լեռնային շրջաններից ու շարժուել դէպի արեւելք, ապա դէպի հիւսիս, դէպի արեւմուտք: Դրանցից են եղել գերմանակելտական, սլաւոնական, իլլիրեական եւ այլ խմբեր: Դրանց մեծ մասը հեռացել է Փոքր Ասիայից եւ սրան արեւելքից կից տարածքներից: Իսկ հնդեւրոպական ցեղերի մի մասն էլ մնացել է մայր հայրենիքում կամ նրա շրջակայքում՝ փոքր տեղաշարժեր անելով: Դրանցից էին խեթերը, լուվիացիները, հայերը, փռիւգիացիները, հնդկա-իրանեանները, թոխարները… եւ այլն:
«Այս լեզուաընտանիքը կոչւում է հնդեւրոպական այն պատճառով, որ ձգւում է Հնդկաստանի արեւելեան եզրից Եւրոպայի արեւմտեան եզրն ընկած տարածքում:
«Նախքան թուրքերի գալը, այսինքն՝ Ժ. դարը, հնդեւրոպական լեզուների ու նրանցով խօսող ժողովուրդների շարքը Հնդկաստանից սկսած չէր ընդհատւում:
«Այսպէս. հայոց լեզուն եւ հայերը ծագել են մ.թ.ա. Դ. հազարամեակում, հաւանաբար, այդ հազարամեակի կէսերին կամ երկրորդ կէսին, Հայկական լեռնաշխարհում:
«Այս ձեւով կազմաւորուած հայ ազգը հնդեւրոպական խմբում անկախ ազգ է, որն ուրիշ ոչ մէկի հետ իւրայատուկ կապեր չունի (Անթուան Մէյէ):
«Դա մեզնից աւելի քան 5000 տարի առաջ էր. եւ այդ ժամանակներից էլ սկսւում է հայոց ինքնուրոյն պատմութիւնը»:
Ուրեմն հայերը իսկապէս աշխարհի ամէնէն եւ ամէնէն քաղաքակիրթ ժողովուրդներէն մէկն են:
Աւելի հին, քան՝ յոյներն ու պարսիկները՝ հետեւցնելով պատմահամեմատական լեզուաբանութեան այն տուեալէն, ըստ որուն, հայերէնը անոնցմէ աւելի կանուխ անջատուած է հնդեւրոպական նախալեզուէն։
Անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել հայ ժողովուրդի «հնութեան» ժամանակային մեր ըմբռնումը եւ այդ ուղղութեամբ միօրինակութիւն հաստատել՝ յատկապէս ակադեմական եւ ներկայացուցչական մակարդակներու վրայ, որովհետեւ յաճախ մամուլի մէջ եւ բեմերէն պատասխանատու անձնաւորութիւններ անպատասխանատու յայտարարութիւններ կը կատարեն այդ իմաստով՝ անորոշութեան եւ շփոթի մատնելով իրենց ունկնդիրներն ու ընթերցողները: Արդարեւ՝ «հին» ըսելով ոմանք կը հասկնան 7-8 հազար տարեկան, ուրիշներ՝ 3000 տարեկան կամ 2000 տարեկան. թուականներ, որոնք կը «նետուին» պատահականօրէն՝ առանց որեւէ հիմնաւորումի: Փաստօրէն՝ 7-8 հազար տարեկան ժողովուրդ գոյութիւն չէ ունեցած մեր երկրագունդի երեսին, որովհետեւ այդքան հեռաւոր թուականներուն տակաւին ասպարէզ չէին իջած այդ կոչումին (ժողովուրդ, ազգ, պետութիւն) արժանի քիչ թէ շատ կազմակերպ եւ համեմատաբար «միատարր» համայնքներ:
Հնդեւրոպական նախալեզուի եւ նախահայրենիքի քննութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է այն առումով, որ հնդեւրոպական առաջին «միատարր» հաւաքականութիւններու ծնունդը կը զետեղէ մօտաւորապէս 4500-4000 թուականներուն միջեւ. հայերը այդ գործընթացի առաջնեկներէն եւ ամէնէն «տարեցներէն» կը նկատուին (շուրջ 5000-5500 տարեկան):
Հետեւաբար՝ պատմական այս վկայութեամբ, հայերս հպարտանալու լուրջ պատճառներ ունինք։
Գ.- ՀԱՄԱԴՐՈՒՄ
(Հայոց լեզուի եւ հայ ժողովուրդի ծագումը)
Հայ ժողովուրդի տարբերացման հիմնական նախագործօնը իր մայրենի լեզուն է՝ հայերէնը:
Հայերէնի պատկանելիութիւնը հնդեւրոպական լեզուաընտանիքին՝ հիմնաւորուած, հաստատուած եւ անառարկելի իրողութիւն է:
Նոր լեզուներ կը յառաջանան, երբ ընդհանրական լեզու մը կը սկսի տրոհուիլ, մասնատուիլ եւ տարանջատումի ենթարկուիլ:
Հնդեւրոպական նախալեզուն սկսած է տրոհումի ենթարկուիլ Ն. Ք. 4500-4000 թուականներուն միջեւ. իսկ հայերէնը հնդեւրոպականէն սկսած է անջատուիլ Ն. Ք. շուրջ 3500-3000 թուականներուն միջեւ:
Պատմահամեմատական լեզուաբանութիւնը մաթեմաթիքական ճշգրտութեամբ հաստատած է, որ հնդեւրոպական նախալեզուի մայր հայրենիքը, անոր կեդրոնական տարածքը Հայկական լեռնաշխարհը՝ Հայաստանը եղած է: Այլ խօսքով՝ «Հնդեւրոպա» ըսելով նախ պէտք է հասկնանք՝ Հայաստան, ապա՝ իր անմիջական շրջակայքը:
Լեզուաբանական նոյն տեսութեան համաձայն՝ նոր ժողովուրդ մը կը յառաջանայ, երբ նոր լեզու մը կը սաղմնաւորուի ու կը ձեւաւորուի: Ուրեմն հայոց լեզուն եւ հայ ժողովուրդը «երկուորեակներ» են՝ միատեղ եւ միաժամանակ «աշխարհ եկած. անոնք տարեկից եւ հասակակից են»:
Իբրեւ համահնդեւրոպական նախաընտանիքին պատկանող ժողովուրդ՝ հայերը ի սկզբանէ ապրած են իրենց բնօրրանը հանդիսացող Հայկական լեռնաշխարհի տարածքին, այսինքն՝ Հայաստանի մէջ: Հետեւաբար՝ հայերը իրենց հայրենիքին մէջ բնիկ են, եւ ոչ թէ եկուոր:
Դ.- ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Հայոց լեզուն եւ հայ ժողովուրդը յառաջացած եւ կազմաւորուած են Ն. Ք. շուրջ 3500-3000 թուականներուն՝ իրենց բնօրրանը հանդիսացող Հայկական լեռնաշխարհի (Հայաստան) տարածքին եւ ներկայիս բոլորած են արդէն իրենց ինքնուրոյն գոյութեան հինգերորդ հազարամեակը. այսինքն՝ հայոց լեզուն եւ հայ ժողովուրդը այսօր մօտաւորապէս 5000 տարեկան են: Իսկ ատկէ առաջ, իբրեւ «հնդեւրոպական ընտանիքի» անդամ՝ անոնք անյիշելի ժամանակներէ ի վեր արմատ նետած են իրենց նախահայրենիքը հանդիսացող Հայկական լեռնաշխարհին մէջ:
Այս ձեւով՝ քաղաքակիրթ Հին Աշխարհի վերապրող ամէնէն հին եւ ամէնէն կենսունակ ժողովուրդներէն մէկն է հայ ժողովուրդը:
Իսկ հայոց լեզուն հայ ժողովուրդի պատմութեան յաւերժական վկան է:
Ահա այսպէս՝ ի սկզբանէ էր հայոց լեզուն եւ լեզուն էր սկիզբ եւ պատճառ ծննդեան ազգիս հայոց:
Ե.- ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ
Լեզուի կենսական նշանակութեան, տարողութեան եւ կարեւորութեան մասին բաւական յստակ եւ ամբողջական գաղափար մը կու տան վերի երկու բնաբանները: Կարելի չէ զանոնք կարդալ եւ անցնիլ. մանաւանդ «Հայ լեզուի տարուան» առիթով, որ սթափումի, ինքնագիտակցութեան եւ լուրջ խորհրդածութեան հրաւէր մը եւ կոչ մըն է միաժամանակ՝ ուղղուած Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ: Դժբախտաբար՝ ո՛չ մեր օրերու, եւ ո՛չ ալ ներկայի դասագիրքերուն մէջ որեւէ ուղղակի կամ անուղղակի ակնարկի կը հանդիպինք մեր հպարտութեան մեծագոյն առարկաներէն մէկը հանդիսացող «մայրենի» լեզուի «ծննդոցի» մասին. լաւագոյն պարագաներուն՝ վարանոտ եւ վեհերոտ ակնարկ մը՝ անոր հնդեւրոպական պատկանելիութեան մասին: Հակառակ անոր որ վերջին տասնամեակներուն բաւական մեծ թիւով հետազօտութիւններ եւ մենագրութիւններ հրապարակուած են այդ ուղղութեամբ, մենք մեր ծրագիրներու վերատեսութեան եւ այժմէականացման լուրջ մտահոգութիւն չենք ունեցած երբեք. փա՞ստ. ահաւասիկ վեց ամիս անցած է «Հայ լեզուի տարուան» յայտարարութենէն եւ տակաւին ոչ մէկ գործնական քայլ առնուած է այդ ուղղութեամբ: Եւ ըսել, որ հայոց լեզուն ոչ միայն հայ ժողովուրդի արտայայտութեան եւ հաղորդակցութեան գերազանց, անփոխարինելի, անկրկնելի եւ գեղեցկագոյն միջոց է, այլեւ՝ անոր ծննդեան ուղղակի դրդապատճառ եւ գոյութեան ու գոյատեւման ամրագոյն կռուանը եղած է միաժամանակ:
Ան մեր էութեան եւ ինքնութեան հզօրագոյն լծակն է:
Հակասական բարեբախտութիւն մըն է նաեւ այն անառարկելի ճշմարտութիւնը, որ մենք ունինք այդ բոլորին գիտակցութիւնը գրեթէ բոլոր մակարդակներու վրայ: Սակայն՝ դժբախտութիւնը հոն է, որ նախաձեռնութեան ոգին կը պակսի մեզի:
Հայ տառերու ստեղծումը նուաճուած հանգրուան մըն է, որուն մասին պէտք եղածը եւ երբեմն պէտք եղածէն աւելին կը խօսինք. «Թարգմանչաց տօն»ին առիթով կը խօսինք, հայ մատենագրութեան պատմութեան մէջ կը խօսինք, հայոց պատմութեան մէջ կը խօսինք, հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ կը խօսինք, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կը խօսինք, յոբելեաններու առիթներով կը խօսինք. այնքան շատ կը գրենք ու կը խօսինք, որ կը մոռնանք հիմնականը. այսինքն՝ այն իւրայատուկ յատկանիշները, որոնք անբաղդատելի կը դարձնեն զայն…
Քիչ մըն ալ այդ կողմ դարձնենք մեր ուշադրութիւնը:
Պատմահամեմատական լեզուաբանութեան նորագոյն տեսութիւններու եւ «որոշ չափով շօշափելի» տուեալներու վրայ հիմնուած ազգային հնագոյն արմատներու որոնման համեմատաբար այս նոր եւ հետաքրքրական փորձը անհրաժեշտ է ընդգրկել մեր լեզուի եւ պատմութեան ծրագիրներուն մէջ՝ նուազագոյնը «ինքնաճանաչման եւ ինքնահաստատման» մեկնակէտ մը եւ կռուան մը տրամադրելու մտահոգութեամբ մեր նոր սերունդին, որ կը դժուարանայ ինքզինք հաստատելու՝ համաշխարհայնացումի հզօր եւ անհակակշռելի ազդեցութեան պատճառով:
Այդ իմաստով մեծագոյն եւ հզօրագոյն գրաւ է «արմատներու» որոնման ուղին:
Եւ մեր դասատուներն ու դասագիրքերը իրաւունք չունին անտեսելու եւ արհամարհելու այսքան հզօր եւ այսքան կենսական գործօն մը:
(Շար. 3 եւ վերջ)