Աղտամի գաւառը կը գտնուի պատմական Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս, բայց՝ ներկայի Լեռնային Ղարաբաղէն ներս։ Այս շրջանը ունի մարտավարական մեծ նշանակութիւն, որ կ՚արժէ ուսումնասիրել։
Նախ եւ առաջ պէտք է հասկնալ, որ այս շրջանը մեր եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանին վրայ «միջերեսային»տարածք է, այսինքն, առանց անմիջական շփումի, դէմ առ դէմ գտնուելու տարածք կը ներկայացնէ։
Հարցը այն է, որ այս «միջերեսային» տարածքը մարտավարական արգելք մը չի ներկայացներ։ Շրջանին մակերեւոյթը շատ տափարակ է եւ թոյլ չի տար հաստատ, կայուն եւ ամուր դիրքեր կառուցել, որովհետեւ նոյնիսկ Տիգրանակերտը կրնայ շրջանցուիլ։ Այս իմաստով աւելի գէշ է Շխլարի, Պաշ Քարվենդի, Չեմենլիի, Ղարատաղլիի եւ Քենկենլիի պարագան։
Այս շրջանին մէջ պաշտպանուելու եւ դիմանալու համար անհրաժեշտ է ունենալ տարածութեամբ խորունկ եւ ամրացուած պաշտպանութիւն, որ նաեւ ունենայ օդուժի նեցուկը։
Ինչ կը վերաբերի յարձակման ենթարկուելուն, ապա կարելի չէ բաւարարուիլ ականապատ դաշտով մը։ Այս նկատառումով լքուած Աղտամ քաղաքը հիմնական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան կ՚իշխէ վեց ճամբաներու հանգոյցի մը։ Աւելի՛ն. նոյնինքն քաղաքին կառոյցը ներքին պաշտպանութեան կարելիութիւններ կ՚ընձեռէ։
Քարաշէն տուները «յենակէտեր» են եւ ինքնաբերաբար կը հանդիսանան թշնամիի յառաջխաղացքը խոչընդոտող համակարգ մը։ Այսպիսով, Աղտամի շրջանը, իբրեւ մարտավարական տուեալ՝ մեզի թոյլ կու տայ ներծծելու եւ տկարացնելու ճակատային յարձակում մը, շնորհիւ իր մատուցած ռազմավարական տարածքի խորքին։ Նոյնիսկ եթէ անանցանելի գիծ մը չի ներկայացներ, ան հնարաւոր կը դարձնէ թշնամիին ներթափանցումի դանդաղեցումը եւ այդ ձեւով կը պաշտպանէ Ասկերան-Ստեփանակերտ առանցքը։
Ասիկա մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ, որովհետեւ այս վերջինը՝ Ասկերան-Ստեփանակերտ առանցքը, Կարկառ գետին ընթացքին հետեւող անցքի մը նմանելով՝ թշնամիին հնարաւորութիւն կու տայ մխրճուելու պաշտպանողական գիծերէն ներս, հակակշիռ հաստատելու մայրաքաղաք Ստեփանակերտի վրայ։ Ուրեմն անհրաժեշտ է ունենալ յարձակումի մը հակադարձելու միջոցառումներու համակարգ մը՝ թշնամիին յառաջխաղացքի առաջին թափը աստիճանաբար դանդաղեցնելու, ապա կասեցնելու համակարգ մը։ Բայց այսպիսի համակարգ մը ստեղծելու համար անհրաժեշտ է ունենալ Աղտամի նման «միջերեսային» գօտի մը։
Պարզապէս անմտութիւն է կարծել, թէ կարելի է այս գաւառը զիջիլ՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի սիրտը վտանգի տակ դնելու։ Անհրաժեշտ է պահել այդ դիրքերը՝ հակառակ կարգ մը մարդոց բանակցելու կամքին։ Նոյնիսկ եթէ տեսականօրէն կարելի է սահմանագիծ մը բանակցելի համարել, ապա այս տեսակի միջերեսային գօտիի մը պարագային նման բանակցութիւն անկարելի է։
Հարկաւոր է հասկնալ, թէ այս հարցը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի ընդհանուր պաշտպանողական կառոյցին համար ճակատագրական կէտի մը։ Ուստի անհրաժեշտ է դէմ դնել դիւանագիտական ամէն փորձի, որ հակառակ ուղղութեամբ կ՚ուզէ տանիլ բանակցութիւնները։ Աղտամ գաւառի մարտավարական տուեալները յստակ են։ Ուրիշ որեւէ վերլուծում կամ տրամաբանութիւն կը հետապնդէ յետին նպատակներ՝ ի շահ ատրպէյճանցիներուն։
Այսպիսով, մեր պատմական պահանջատիրութենէն անդին, ռազմավարական շրջահայեացութիւնը կը պարտադրէ դիմանալ սխալ եւ նենգաւոր հիմնաւորումներով դիւանագիտական հարուածներուն։
Նոյնիսկ մեզմէ անոնք, որոնք վստահ չեն, թէ իրենց իրաւունքներուն սահմանը ո՛ւր է, պէտք է հասկնան, թէ «պատմական սխալ մը կրնայ ռազմավարական առումով հետեւանքներ ունենալ, բայց ռազմավարական սխալ մը անպայմանօրէն պատմական տարողութեամբ հետեւանքներ կ՚ունենայ»։
Բանակցութիւնները անիմաստ են, եթէ անոնք միջազգային օրէնքի ուղղութեամբ չեն ընթանար։ Իսկ միջազգային օրէնքը չի կրնար հարցականի տակ դնել հայկականութեան իրականութիւնը։ Հայ ժողովուրդը կը գոյատեւէ հակառակ ամէն ինչի եւ հակառակ բոլորին կամքին. բայց հայ ժողովուրդը վտանգի մէջ կը գտնուի, եթէ արտաքին գործիչներ կարենան համոզել հայերը, թէ անհրաժեշտ է ազատագրուած հողերը վերադարձնել։
Ազատութիւնը գին ունի։ Արցախի ազատամարտիկները այդ գինը վճարեցին։ Հիմա մեր կարգն է անոնց ցոյց տալու, թէ մենք գիտենք այդ ազատութեան արժէքը։
«Քոլեքթիֆ Վան»
Յուլիս 30, 2007