
ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
«Զում»ի պաստառին վրայ կ՛երեւի աշակերտուհիս՝ Լինը: Միասին պիտի կարդանք Ալիծ Աղպապեանի «Ծալապատիկ»ը:
Լինին ծնողները տիգրանակերտցի եղած են. Ամերիկա գաղթելէ ետք, շատ ուրիշ հայերու նման՝ նախընտրած են լռել լեզուն:
Իրենց աղջիկը, ահա չորս տարիէ ի վեր կը սորվի մինչ այդ իրեն ամբողջովին անծանօթ հայերէնը:
Աշխատասէր է Լինը: Այբուբենը սորվելէն ի վեր, ամէն օր կը պրպտէ, «Նայիրի» բառարանին մէջ բառերուն իմաստը կը փնտռէ, համակարգիչին մէջ բայական ժամանակներու ցանկ կը պատրաստէ ու սիւնակներ կը լեցնէ նո՛ր բառերով: Տեսակ մը կիրք կայ մէջը ծնողքին չըրածը ի՛նք ընելու, հասնելու իր ինքնութիւնը կերտող ամենէն կենսական միջոցին՝ լեզուին:
Թող չըսուի, որ լեզուն կարեւոր չէ, կամ՝ կարեւորը հայ զգալն է: Փաստօրէն՝ այդպէս չէ՛: Լին մի՛շտ հայ զգացած է. այցելած է Արեւմտեան Հայաստան, եղած է Երեւան, բայց միայն հի՛մա է, որ ինքզինք աւելի ամբողջական կը զգայ վայրի մը մէջ, ուրկէ շպրտուած էր ակամայ ու զոր կը գտնէ ի՛ր կամքով:
***
Ուրբաթ օրերը երեք աղբարիկ-քոյրիկներու դաս կու տամ: Զապէլը հինգ տարեկան է, Մատթէոսը՝ ութը, Սոֆիան՝ տասներկու:
Երբ Մատթէոսը բաւական սորվեցաւ հայերէն կարդալ, սկսանք առաջնորդարանի դասագիրքերէն մէկը գործածել:
Օր մըն ալ հասանք այն էջին, ուր Մոնթեպելլոյի յուշարձանի նկարի կողքին՝ տեղեկութիւն տրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Տատամսեցայ. արդեօք հայ հայրը եւ պրազիլցի մայրը պիտի ընդունէի՞ն, որ խռովէի իրենց ութը տարեկան մանչուկի հոգին: Քանի մը կցկտուր տեղեկութիւն տալէ ետք, նիւթը փոխել կը փորձէի, երբ Մատթէոսը ընդհատեց զիս եւ անգլերէնով՝ «Ani, wait! wait…what is genocide?». «Հը՜մմ»,- ըսի միտքէս,- «գործ ունիմ. ինչպէ՞ս բացատրեմ»…
Այսպիսի պահերու չես գիտեր ուրկէ՞ կը ծնին պէտք եղած ըսուելիքները. հաւանաբար անձկութիւնը կը խթանէ միտքը: Արագ մը որոշեցի կեդրոնանալ ի՛ր եւ քոյրերուն վրայ: «Թուրքերը»,- բացատրեցի,- «չէին ուզեր, որ ոչ իսկ մէկ հայ մնայ աշխարհիս երեսին. ա՛յդ է ցեղասպանութիւնը. բայց… յաջողեցա՞ն. ահա դուն, Սոֆիան ու Զապէլը հայերէն կը սորվիք. կը նշանակէ՝ ձախողած են. չէ՞»: Մատթէոսը իր ձիթապտուղի չափ համով, սեւ աչուկները ուղղեց ինծի ու բան չըսաւ:
***
Բարեկամիս տղան՝ քսանութ տարեկան Արմէնը, օր մը պատգամ մը ղրկեց բջիջայինիս. «Անի՛, նոր տարուան որոշումս հայերէն գրել-կարդալ սորվիլն է»: Հիմա, ամէն Կիրակի կը հանդիպինք ու կ՛աշխատինք միասին: Օտար վարժարան յաճախած Արմէնին ծնողքը տունը հայերէն խօսած են եւ շնորհիւ իրենց՝ ան արագ-արագ կը տիրապետէ գրական լեզուին ու կը կարդայ բաւական սահուն: Երբեմն կը կենայ,- «Ամօ՛թ ինծի, որ մոռցայ այդ օրէնքը»,- կ՛ըսէ ու սիրտս տակնուվրայ կ՛ընէ: Այնպէ՛ս մաքուր, հատիկ-հատիկ կը գրէ… կարծես Գալշոյեանի Մամբրէ Արքան ըլլայ՝ Օսմանին նամակ ղրկող…
Երրորդ հանդիպումին ըսաւ. «Շաբաթ առաւօտները լեռը կը քալենք խումբով. անցեալ օր երբ Դուինին ըսի, որ հայերէն կը սորվիմ, ինքն ալ ուզեց սորվիլ: Արդեօք կրնա՞ս իրեն ալ դաս տալ»:
Դուինը Երկուշաբթի առաւօտները կը գտնէ կորսնցուցածը… Բնագիտութեան մասնագէտ է, ու թէեւ մանկութենէն որոշ բառեր մնացած են յիշողութեան սնտուկին մէջ, հիմա նոր թոթովող մանուկի պէս կ՛ընտելանայ իր լեզուին: Երբեմն գոհունակութեան անուշ ժպիտ մը կ՛երեւի դէմքին. կը նայի իր սենեակի առաստաղին, կարծես յիշելով ծանօթ բառ մը. «օ՜ եա՜», կը բացագանչէ ձեռքէն փախած թռուցիկին պոչը վերստին բռնելով կարծես…
***
Իսկ Քրիսթի՞նը, իր խնդալիք պատմութիւնով.«Անի՛»,- պատմեց առաջին հանդիպումին,- «երբ Ուըսթըր էինք, ամէն տարի շաբաթօրեայ վարժարան կ՛երթայինք. երբ տարին վերջանար՝ «կ» գիրին հասած կ՛ըլլայինք… Յաջորդ տարին նորէ՛ն կը սկսէինք եւ նորէ՛ն «կ» գիրին կը կենայինք. եւ այսպէս՝ շարունակ… այդպէս որ… միւս գիրերը չեմ գիտեր…»:
Ահա երեք տարի է՝ Քրիսթինը անցած է «կ»ը «ֆ»ին միացնող կամուրջը ու հիմա բաւական լաւ կը կարդայ հայերէն, կը մեքենագրէ, քիչ մը կը խօսի ու կը գրէ:
Քրիսթինը Քալիֆորնիոյ Սոնոմա համալսարանէն ներս, մօրը յիշատակին մնայուն հիմնադրամ մը հաստատեց վերջերս, հայոց Ցեղասպանութեան մասին դասախօսութիւններ կարելի դարձնելու համար հոն: Հայ կը զգար, այո՛, բայց միայն հայերէն լեզուն սորվելէ ետք կրցաւ կարդալ Մ. Իշխանի «Հայ Լեզու»ն եւ յուզուեցաւ… «Հիմա բանալիս ունիմ», ըսաւ արցունքոտ աչքերով:
***
Մուսալեռցի ընտանիքէ սերած Էլիզը հայկական ասեղնագործութեան սիրահար է ու վարպետ: Ներկայիս կ՛աշխատի Պըրքլիի ձեռագործներու թանգարանէն ներս եւ դոկտորական աւարտաճառը կը գրէ, ուսումնասիրելով ասեղնագործութեան դերը տեղահանուած, բայց վերապրած հայ եւ այլ կիներու բուժման եւ ազատագրման մէջ: Երբ իրեն կարդացի Եդուարդ Պոյաճեանի «Հողը» հատորէն բաժին մը եւ բառերը բացատրեցի, «Օ՜հ»,- ըսաւ յուզուած,- «Ես Վագըֆ եղած եմ, ու հոս նկարագրուածը այնքա՜ն ծանօթ կը թուի»:
Ձեռագործին մանուածապատ, փոքր ու մեծ բացուածքներուն ու նո՜ւրբ, շա՜տ նուրբ ձեւաւորումին ընդմէջէն եւ անոնց զուգահեռ՝ Էլիզը նոյնքան նուրբ ասեղ-թելով կը «գործէ» իր լեզուն, կարծես՝ Մուսա լեռը կը տարածէ դիմացը, կը նայի հիացիկ ու չի զիջիր: Ստեղծած գործն ու մայրենի լեզուն կը յայտնուին միասին՝ Երկրին պէս:
***
Եւ ահա Ռութը, որուն հետ չորս տարիէ ի վեր կը սորվինք ու կը կարդանք հայերէն: Սկսանք Պերճուհիի «Խանձուած Օրեր»ով, անցանք Ս. Վրացեանի «Կեանքի Ուղիներով»ի Ա. հատորին ու հասանք Մալխասի «Զարթօնք»ին: Ամենէն յուզիչը Ռութի «փոխակերպման» մէջ, հօրը՝ Պետրոս Ալահայտօեանին (այդպէս կը գրէ իր մականունը) գիրքերու վերայայտնումը եղաւ: Հայերէն լաւ չկարդալուն՝ Ռութ զանոնք տասնեակ մը տուփերու մէջ զետեղած՝ իրենց տան ստորերկրեայ բաժինը ձգած էր տարիներով: Երբ սկսաւ աւելի սահուն կարդալ, «Կեցի՛ր»,- ըսաւ,- «Օր մը պիտի իջնեմ եւ վեր բերեմ հօրս գիրքերը»: Երբ այդ օրը հասաւ… պարոն Ալահայտօեանին «Կեանքի Ուղիներով»ի եւ «Զարթօնք»ի բոլոր հատորները բարձրացան ու գտան իրենց արժանի տեղը. ճի՛շդ Ռութին կողքին գտնուող գրադարանին մէջ:
Հասած ենք «Զարթօնք»ի Բ. հատորին այն բաժինը, ուր Առիւծ Գեւոն, Թօփալ Սատանան, Ուրանցցի Յակոբը Ղզլճայի լեռան վրայ անհաւասար կռիւ կը մղեն թուրք եւ քիւրտ հրոսակներու դէմ: Գիւղի բնակիչները ձգած են Ղզլճան ու լեռ կը բարձրանան թուրքին ու քիւրտին ձեռքը չիյնալու համար: Ռութն ու ես համակարգիչին պատուհանէն կը նայինք իրարու: Երկար ժամանակ չէ անցած այն օրէն երբ հազարաւո՜ր Արցախցիներ նոյնանման ճամբայ մը նախընտրեցին բռնել…
Մալխաս բացառիկ վիպագիր է: Նոյնիսկ եթէ երեւակայածին են հերոսները՝ ճշգրիտ ու մանրամասն են շրջապատի եւ կացութիւններու նկարագրութիւնները: Մեզի թոյլ կու տան, որ տեսնե՛նք: Ահա մահամերձ Յակոբը, որ Լեւոնէն կը խնդրէ զինք չձգել թշնամիին ձեռքը եւ ի՛ր փամփուշտով վերջ տալ կեանքին…
Եթէ հայերէն կարդալ չգիտնար, Ռութը ինչպէ՞ս պիտի ոգեւորուէր այսպէս՝ մեր հերոսներով. ինչպէ՞ս պիտի հասկնար, թէ ի՛նչ ահաւոր վիճակի մատնուած էր հայ գիւղացին եւ ինչպէ՞ս պիտի կարենար արժեւորել այդ օրերու Դաշնակցութեան դերը ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան մէջ: Անձնուէր ֆետայիներ՝ անօթի, յոգնած, պահակ կանգնած էին ժողովուրդին, պատրաստ՝ զոհուելու անոր արժանապատուութեան եւ ազատութեան սիրոյն:
Լեզուն միջոց է գտնելու ակո՛ւնքը:
***
– Սկսէ՛, Լին:
Ու Լինը կը կարդայ «Ծալապատիկ»ին այն էջը, որ յատկացուած է Հալէպի որբանոցի տղոց եւ աղջիկներուն.
«Կարդալ-գրելը լուրջ գործ էր:
«Կ՛ուզեմ- չեմ ուզեր» չկար.
«Անօթի եմ, փորս կը ցաւի» ալ չկար.
հաւաքակա՜ն,
միաբերա՜ն,
միաձա՜յն,
բարձրաձա՜յն
կը կարդայինք:
գիտնայինք-չգիտնայինք՝
կը կարդայինք»:
Էջին ձախ կողմը պարոն Տէրունեանի լուսանկարած որբուկները կան՝ պահարանի մը դարաններուն վրայ ծալապատիկ՝ գիրք կարդալու վրայ…
էջատակին գրուած է՝ «Կարդա՛, որ մարդ ըլլաս»…
***
Կարելի է նաեւ ըսել՝ «Կարդա՛, որ տէ՛ր ըլլաս»:
Հարիւր ինը տարի է՝ կորսնցուցած ենք Արեւմտահայաստանը. թերեւս երկա՜ր ատեն չունենանք մեզի պատկանած, շօշափելի հողը մեր ոտքերուն տակ:
Բայց ունինք գանձ մը, որ ո՛չ թուրքը, ո՛չ ատրպէյճանցին կրնան խլել մեզմէ, եթէ տէ՛ր ըլլանք անոր:
Լեզուն հո՛ղ է: Պէտք է վերագրաւե՛լ զայն: