
ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ
Ապրիլ 24, 1965ին, երբ բազմաթիւ երկիրներու մէջ մեծ շուքով պիտի նշուէր Մեծ Եղեռնի 50ամեակը, բազմահազարնոց ցոյցեր կազմակերպուեցան Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչելու համար: Ընդառաջելով հանրութեան պահանջքներուն, Մարտ 16, 1965ին որոշուեցաւ կառուցել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող մը:
Երկու տարիներ անց, Նոյեմբեր 29, 1967ին, Խորհրդային Հայաստանի 47րդ տարեդարձին օրը, տեղի ունեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի բացումը:
Այսօր աւելի քան 30 երկիրներու մէջ կառուցուած են Ցեղասպանութեան յուշարձաններ, կոթողներ եւ զետեղուած են խաչքարեր:
ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԸ
Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրը ունի երեք կառոյցներ:
ա. 12 թեքուած սիւներ, որոնք կը ներկայացնեն Պատմական Հայաստանի 15 նահանգներէն 12ը՝ բռնագրաւուած Թուրքիոյ կողմէ: Անոնց կեդրոնը կը գտնուի անմար բոցը, որ կը խորհրդանշէ Ցեղասպանութեան զոհերուն անմար յիշատակը:
բ. Դէպի երկինք խոյացող սրածայր եւ իրարու միացած 2 սիւները, որոնք կը խորհրդանշեն Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանները, օր մը վերամիանալու յոյսով:
գ. Լռութեան Պատը, ուր արձանագրուած են Հայաստանի այն քաղաքներուն անունները, որոնց բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ Ցեղասպանութեան:
1995ին բացումը կատարուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի բլուրին վրայ կառուցուած Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին:
Այսօր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը ամենէն ցայտուն խորհրդանիշն է Հայոց Ցեղասպանութեան:
ԱՆՄՈՌՈՒԿԸ
Ցեղասպանութենէն մէկ դար անց, հայ ժողովուրդը ունեցաւ Մեծ Եղեռնի այլ խորհրդանշան մը՝ անմոռուկ ծաղիկին տեսքով:
Անմոռուկ ծաղիկը հայ ժողովուրդին համար խորհրդանշական կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ 2015ին, երբ ընտրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու պաշտօնական խորհրդանիշ, «Կը Յիշեմ Եւ Կը Պահանջեմ» կարգախօսով:
Անմոռուկին մէջտեղի սեւ գոյնը կը խորհրդանշէ մեր պատմութեան դաժան էջը, դեղինը՝ արեւու տեսքով եւ վերէն դիտուած Ծիծեռնակաբերդի տեսքով, կը խորհրդանշէ ապրելու եւ արարելու յոյսը : Ճառագայթաձեւ բաց մանիշակագոյնը կը խորհրդանշէ ամբողջ հայութեան դատապարտումը եւ մանիշակագոյն 5 թերթիկները կը խորհրդանշեն այն ցամաքամասերը, ուր ապաստանեցան տեղահանուած հայ ժողովուրդը:
Անմոռուկին իմաստը տարբեր լեզուներով կը նշանակէ «մի մոռնար զիս»: Բացի այդ, ծաղիկը միջնադարուն կը համարուէր Աստուծոյ ներկայութեան խորհրդանիշը:
Անմոռուկը միամեայ ծաղիկ մըն է, որ կը ծաղկի Հայաստանի մէջ, Ապրիլին, գրեթէ բոլոր մարզերու անտառներուն մէջ եւ մարգագետիններուն մէջ: Մինչեւ Օգոստոս կարելի է գտնել անմոռուկի 14 տեսակ: Անմոռուկի բարձրութիւնը 15-20 սմ. է, ծաղկաթերթերը երկնագոյն են, իսկ հակառակ կողմէն՝ բաց մանիշակագոյն:
Քիչերուն յայտնի է, որ անմոռուկը նաեւ դեղաբոյս է, որ ունի հակաբորբոքային յատկութիւն:
Ըստ Գերմանական առասպելի մը, երբ Աստուած կ՛անուանէր բոլոր բոյսերը, Ան չէր նկատած փոքրիկ ծաղիկ մը, որ Աստուծոյ կ՛ըսէ. «Մի՛ մոռնար զիս Տէ՛ր»: Աստուած կը պատասխանէ, որ այդպէս թող ըլլայ անունդ՝ «Մի՛ մոռնար զիս»:
Անմոռուկը նաեւ Ալասքայի պաշտօնական ծաղիկը եղած է 1949էն սկսեալ:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԲՆՈՒԹԱԳՐՈՂ ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ
Հենրի Մորկընթաու՝ Համաշխարհային Առաջին պատերազմի տարիներուն Թուրքիոյ մօտ Ամերիկայի դեսպանը, գրած է հետեւեալը? «Համոզուած եմ, որ տիեզերական պատմութեան մէջ աւելի զարհուրելի եւ դաժան դրուագ չկայ, քան հայկական ջարդերը: Անցեալ ժամանակներու, մեծ հալածանքները գրեթէ աննշան կը թուին այն տառապանքներուն մօտ, զոր հայ ազգը կրեց 1915ին»:
Մարտիրոս Սարեան, արտայայտուելով Ցեղասպանութեան մասին գրած է հետեւեալը? «Պատմական Հայաստանի գեղեցիկ բնաշխարհը ներկուեցաւ անմեղ հայերու արիւնով: Ամայացան տասնեակ հայաբնակ քաղաքներ, հազարաւոր գիւղեր: Մարդասպանները կատաղի վայրագութեամբ քանդեցին, աւերեցին, թալանեցին…»:
Ֆրանսացի հեղինակ Անաթոլ Ֆրանս գրած է. «Հայաստան հոգեվարքի մէջ է, բայց ան պիտի վերապրի: Քանի մը կաթիլ արիւնը, որ իր յետին պիտի մնայ, ծնունդ պիտի տայ հերոսական սերունդի մը: Ազգ մը, որ կը մերժէ մեռնիլ, երբեք չի մեռնիր:»
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրառումներն ու հրատարակութիւնները բազմահարիւր են:
Պէտք է շարունակուի մեր պահանջատիրութիւնը մինչեւ ձեռք բերենք արդարութիւն՝ մեր անմեղ զոհերու յիշատակը անթառամ պահելով:
Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Երանգներ Ալինին Հետ» հաղորդումը կարելի է դիտել սեղմելով այս կապին վրայ: