ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յոբելենական թուականներ կան, որոնք անկիւնադարձային ըլլալով հանդերձ կ՛ապահովեն նաեւ տուեալ ժողովուրդին գոյութիւնը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը: Ու մեր դարաւոր պատմութեան մէջ, այս օրերուն, այդ թուականներէն ամէնէն էականն է 1915ը, որ արդէն մեր հաւաքական գիտակցութեան վրայ իր հաստատ ու ամուր կնիքը դրած է:
Ինչո՞ւ յանկարծ այս նախաբանը: Որովհետեւ, այս տարի՝ 2024, նաեւ Ռուբէն Զարդարեանի ծննդեան 150ամեակն ալ է:
Սակայն ո՞վ է ա՛յս գրողը, ա՛յս մեծանուն մտաւորական, արձակագիր, գրականագէտ, քննադատ, թարգմանիչ, տաղանդաւոր մանկավարժ, խմբագիր եւ հայ լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչը, որ իր հասուն գրիչով, հայ ժողովուրդի ազատութիւնը խնկարկեց բռնատիրութեան լուծին դէմ: Մէկ խօսքով, ժողովուրդին ծոցէն ծնած զաւակ մը, իրապաշտ գրող մը, որ շատ լաւ գիտէր հայուն կեանքի բարքերը, աւանդութիւնները եւ հոգեւոր հարստութիւնները:
Եւ ահա՛, Ռուբէն Զարդարեան:
Յստակ ու մեծատառ անուն մը: Տաղանդաւոր հայ գրող-մտաւորական-հեղինակ մը: Վաղուան հայ գրականութեամբ մտահոգ խարբերդցի մտաւորականներէն մէկը, որ միշտ գրեց ջերմութեամբ, հաւատքով եւ մեր գրականութեան բերաւ ներշնչման նոր նիւթեր, հայրենի գիւղով, հայրենի հողով, գաւառով եւ մանաւանդ հայ գիւղացիով լեցուն:
Քանի մը տողերով ծանօթանանք մեր գրագէտ-ուսուցիչին:
Ես զինք «ճանչցայ» տակաւին Ազգային նախակրթարանի նոր շրջանաւարտ տարիքիս, երբ Պոլսէն, մօրս ազգականներէն մէկը, իբրեւ նուէր ինծի կը ղրկէր Զարդարեանի «Մեղրագետ»ներէն մէկական օրինակ:
Ան ծնած է 1874 Սեւերիկ քաղաք՝ Տիգրանակերտ: Երկու տարեկանին, ծնողքին հետ հաստատուած է Խարբերդ: Իր տարրական կրթութիւնը ստացած է իր գիւղին մէջ, ապա աշակերտած է համանուն խարբերդցի դաստիարակ-ուսուցիչ Թլկատինցիին, Խարբերդի Ս. Յակոբայ թաղին Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Եղած է աղքատ ընտանիքի զաւակ: Իր իսկ բացատրութեամբ, իրենց տունը՝ «երկու-երեք աղիւսով, քանի մը տախտակով շինուած խրճիթ»: 1892-1905ին Խարբերդի մէջ եւ այլուր զբաղած է ուսուցչութեամբ, հայոց լեզու, գրականութիւն եւ ֆրանսերէն դասաւանդելով: Շրջան մը ապրած է Պուլկարիա:
Միշտ զբաղած է գրականութեամբ եւ մամուլի հրատարակութեամբ: 1908ին, այսինքն Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, եկած է Պոլիս ու սկսած իր իր մտաւոր աշխատանքին: Այսպէս, սկսած է հրատարակել «Ազատամարտ»ը, որուն խմբագիրը մնաց մինչեւ իր եղերական մահը: 1910ին լոյս տեսած է իր «Ցայգալոյս» ժողովածուն, որ իր վաստակին լաւագոյն եւ ինքնատիպ արտացոլումն հանդիսացած է? նոյն տարին լոյս ընծայած նաեւ «Մեղրագետ» դասագիրքերու վեց շարքերը:
Հապա՞ իր գործերը: Պէտք է ըսել, թէ Ռուբէն Զարդարեանի գրիչը հարազատօրէն կ՛արտացոլացնէ հայ հողն ու անոր վրայ գործող ու ապրող հայ մարդը: Ան պատմականօրէն մեկնիչն է այս տեսակ հայուն, ոչ դասական, սովորական մեկնիչը, այլ՝ տեսակ մը մեկնիչ, որ ունի իւրայատուկ ոճ տեսնելու, պարզելու եւ իւրայատուկ կերպով ներկայացնելու: Մէկը, որ մասնակից դարձած է հայ հոգիի վերածաղկման ճամբուն:
Ան այս բոլորը գրեց հոգեկան ապրումով եւ խռովայոյզ տագնապներով: Գրեց հայ մարդուն հոգեկան եւ ֆիզիքական աշխարհը փոթորկող յոյզերն ու ապրումները, անոր հոգեբանութեան մէջ բնորոշուած, շեշտուած իր սեփական հողի սեփականութեան ուժի կապուածութեամբ:
Տառապանք, վիշտ, դառնութիւն եւ առաւել հայ բնաշխարհ, հայկական իրականութիւն, նահապետական կեանք. ահա ասոնցմով է, որ ան կերտեց իր կերպարները:
Խոր արմատներով կապուած մնաց հայրենի բարձր մակարդակին, մաքուր ու ճոխ ներդաշնակ, նոյնքան բծախնդիր եւ խստապահանջ:
Մինչեւ իր եղերական մահը, հոգեկան անսահման սիրով կապուած մնաց հայրենի իր հողին եւ հայ գիւղացիին:
Իր ներդրումը մեծ է այդ օրերուն նորավէպի արտակարգ ծաղկումին մէջ:
Ռուբէն Զարդարեան արեւմտահայ գրականութեան առաջնակարգ գրողներու շարքին կը պատկանի. ան մեր գրականութեան զարգացման մէջ որոշ շրջան հիմնեց եւ անոր տուաւ պատմական նշանակութիւն:
Իրեն համար գրականութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ամէնէն հին ձեւերէն մէկը, որուն միջոցով ազգ մը երեւան կը բերէ այն ոգին, որ յատուկ է իրեն, եւ այն կեանքը, որ կը կրէ իր մէջ:
Իր բազմաշերտ եւ բեղուն գրական վաստակը անկասկածօրէն հարստացուց հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի գանձարանը: Նաեւ հաստատապէս երազներ փայփայեց, իրապաշտ եւ հայրենասէր:
Ու բոլոր մեր գրական Զարթօնքի գրիչներուն նման, Ռուբէն Զարդարեանն ալ արժանի է ամէն յարգանքի, որովհետեւ ան իր գործերով մեզի բերաւ մեր հայրենի գաւառին շունչը:
Կարդացէ՛ք , իր նշանաւոր գրութիւններէն՝ «Զարնուած Որսորդը», «Գամբռը», «Լերան Եղնիկը», «Մենաւոր Ծառը» եւ տակաւին… եւ պիտի հաստատէ՛ք:
Հաւատացէ՛ք, երբ Զարդարեան կը կարդաք, ձեր աչքին առջեւ պիտի պատկերանայ ամբողջ ժողովուրդ մը, իր գիտակցութեամբ, իր շքեղութեամբ:
Մեծ Եղեռնին կորսնցուցինք հայ գրականութեան հսկաներէն՝ այս մէկն ալ: Դժուար է կշռել տարողութիւնը կորուստին, նոյնպէս կարելի չէ չափել այս մարդուն նուիրումի եւ զոհաբերութեան զգացումը: Որովհետեւ բոլորին նման իր վազքն ալ ունէր, ցայտող խանդավառութիւն յոյսի, յիշատակի ու աղօթքի:
Արդեօ՞ք մենք ալ պիտի կարենանք հետեւիլ իր քայլերուն: