
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
1922ի առաջին ամիսներուն, Լիբանանի ՀԲԸՄի գործադիր ժողովը կը դիմէ Զմմառի միաբանութեան մեծաւորին՝ Մինաս Ծ. վարդապետ Տէր Մինասեանին, որպէսզի միութեան տրամադրուի վանքին ընծայարանի յատուկ ընդարձակ շէնքը, հոն հաստատելու համար «Քելէկեան» որբանոցը, Կիլիկիայէն հասնող հարիւրաւոր հայ որբերուն համար: Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցը (ՄԱՆ) պիտի հոգար մինչեւ 16 տարեկան որբերուն տարեկան ծախսը, որ ամիսը հինգ տոլար էր իւրաքանչիւր որբի համար:
Պատասխանը դրական կ՛ըլլայ՝ Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Տէր Յովհաննէս եպս. Նազլեանի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք: Գործնականութեան նկատառումներով, որբանոցին յարմարագոյն վայրը կը նկատուի Պէյրութի Էշրէֆիէի շրջանը: Հոն կը վարձուի ընդարձակ հողաշերտով տուն մը, 7 սենեակներով, տարեկան 55 եգիպտական ոսկիով:
ՀԲԸՄի գործադիր վարչութիւնը երախտապարտ զգացումներով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Զմմառի միաբանութեան: Մինչ այդ, արդէն «Քելէքեան» որբանոցին տեսուչ նշանակուած էր Մամբրէ Ծ. վարդապետը, իսկ որբանոցին խնամակալութեան մէջ էին ազնուական կամաւոր անձնաւորութիւններ, յատկապէս՝ Օննիկ Մազլումեան եւ տոքթ. Պ. Մելքոնեան:
Որբանոցի գործունէութեան ընդհանուր պատասխանատուն կ՛ըլլայ Պէյրութի պատրիարքական փոխանորդ Նեսիմեանը, որ ՄԱՆի հետ բանակցողը կը դառնայ: Ան Զմմառու վանքին մեծաւորին համաձայնութեամբ որբանոցին վերահսկիչ կը նշանակեն Զմմառու միաբաններէն Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Գասպարեանը: Որբանոցին հաշիւներուն եւ մատակարարման դժուարին գործը կը յանձնուի Պօղոս վարդապետ Արիսին, օգնական ունենալով Խաչիկ վարդապետ Աթանասեանը:
Որբանոցին միակ եկամուտը կ՛ըլլայ ՄԱՆի տրամադրած գումարները: Նիւթական անցուկ վիճակին պատճառով կարելի չըլլար որեւէ շինարարական աշխատանք տանիլ, հակառակ որ կարիքը կը զգացուի նոր շէնքի մը: Ազգային պատուիրակութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Մելքոնեան կը դիմէ ֆրանսական զինուորական իշխանութեան եւ կ՛ապահովէ տախտակեայ երեք տնակներ («պարագա»), իւրաքանչիւրը՝ 30 մեթր երկայնքով եւ 9 մեթր լայնքով, իւրաքանչիւրին համար վճարելով 75 սուրիական ոսկի: Տնակներէն մէկը կը յատակուի տախտակամածով եւ կը գործածուի որպէս աղօթարան եւ ճաշարան: Կը քննուի միւսներն ալ տախտակամածով յատակելու կարելիութիւնը, որպէսզի որբերը ապրէին նուազագոյն մաքրութեան եւ առողջապահական պայմաններու մէջ: Դարձեալ նիւթական անցուկ վիճակը արգելք կը հանդիսանայ: Ահա կը հասնի փրկարար ձեռք մը, երբ Պէյրութ կը հասնի Զմմառի միաբաններէն Գաբրիէլ Ծ. վարդապետ Գասպարեան, որ իմանալէ ետք «պարագա»ներու վիճակը եւ տնօրէնութեան նիւթական դժուարութիւնները, կը ստանձնէ «պարագա»ներուն վերաշինութիւնը եւ ամբողջ ծախսերը՝ (մօտաւորապէս 1350 սուրիական ոսկի), իր անձնական հաշիւէն: Ան կը դառնայ որբանոցին հիմնադիր բարերարը: Իսկ առաքելական նուիրակը կը շնորհէ 150 սուրիական ոսկի: Յետագային նիւթական օժանդակութիւն կը հասնի Վատիկանէն եւ ֆրանսական հոգատարութենէն:
Շինուած է նաեւ երեք սենեակներէ բաղկացած պզտիկ շէնք մը՝ բաղնիքի, լուացարանի, եւ խոհանոցի գործածութեան համար: Սենեակներէն մէկը նորոգուած է որբանոցի մայրիկներուն համար: 200 մահճակալ գնուած է եւ զետեղուած են «պարագա»ներուն մէջ:
Ապա, Ճպէյլի եւ Անթիլիասի որբանոցներու մէջ գտնուող 161 կաթողիկէ որբերը կը փոխադրուին Հայ կաթողիկէ որբանոց, ՄԱՆի հետ եղած համաձայնութեան հիման վրայ: Այս փոխադրուած որբերը կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը? Մարաշէն՝ 105 որբ, Տարսոնէն՝ 1, Էնկիւրէէն՝ 1, Գոնիայէն՝ 3, Կիւրիւնէն՝ 4, Թերզելիէն՝ 1, Ֆռնուզէն՝ 2, Սեբաստիայէն՝ 2, Կեպէնէն՝ 1, Մէյթանէն՝ 6, Տիգրանակերտէն՝ 2, Արաբկիրէն՝ 1, Սիսէն՝ 2, Ատանայէն՝ 6, Գասապայէն՝ 1, Ֆնտճաքէն՝ 1, Կեսարիայէն՝ 3, Էյպէզէն՝ 7, Մալաթիայէն՝ 2, Այնթապէն՝ 1, Կեմերեկէն՝ 3, Պանտրմայէն՝ 1, Սեւերեկէն՝ 1, Մարտինէն՝ 1, Եդեսիայէն՝ 2, Կարինէն՝ 1: Որբերուն տարիքը կը տարուբերի 5-16ի միջեւ:
Այս որբերուն մեծամասնութիւնը եղած են թրքախօս, եկեղեցական եւ քրիստոնէական դաստիարակութենէ ու ընդհանուր կրթութենէ զուրկ:
Որբանոցին պատասխանատուները որբանոցէն ներս մեծ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած են քրիստոնէական, կրօնական եւ բարոյական դաստիարակութեան, երաժշտութեան, երգեցողութեան, հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան վրայ:
Որբանոցը գործած է նաեւ որպէս դպրոց: Նախ կազմակերպուած են տարբեր մակարդակի դասարաններ: Եղած է որ մէկ դասարանի մէջ զետեղուած են տարբեր մակարդակի աշակերտներ: Սակայն այս բոլոր դժուարութիւնները լուծուած են եւ որբանոցը եղած է հայ որբերուն հայ դպրոցը: Շրջան մը ետք դասարանները եղած են համաձայն հայերէնի գիրքերուն մակարդակին: 1923ին հետեւեալ բաժանմունքները գործած են որբանոց-դպրոցէն ներս. մանկապարտէզ՝ 10 տղայ, «Օշական» Ա. դասարան՝ 2 տղայ, «Լուսաբեր Այբբենարան» դասարան՝ 6 տղայ, «Լուսաբեր» Ա. դասարան՝ 11 տղայ, «Լուսաբեր» Բ. Դասարան՝ 5 տղայ, «Մայրենի Լեզու» Ա. դասարան՝ 43 տղայ, «Մայրենի Լեզու» Բ. Դասարան ՝ 21 տղայ, «Մայրենի Լեզու» Գ. դասարան՝ 14 տղայ, «Մեղրագէտ» Ա. դասարան՝ 2 տղայ, «Մեղրագէտ» Բ. դասարան՝ 7 տղայ, «Մեղրագէտ» Գ. դասարան՝ 1 տղայ, «Մեղրագէտ» Դ. դասարան՝ 10 տղայ, «Միջին Թանգարան» դասարան՝ 9 տղայ եւ «Բարձրագոյն Գանձարան» դասարան՝ 1 տղայ:
Գիրքեր ապսպրուած են Պոլիսէն: «Պարագա»ները որ գործածուած են որպէս ննջարաններ, օրուան ընթացքին վերածուած են դասարաններու: Նախնական շրջանին ճաշարանը սեղաններ չէ ունեցած: Տղաքը ճաշած են տախտակամածին վրայ նստած:
Կրթական ուսումնական ծրագիրը ընդգրկած է՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն, թուաբանութիւն, հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, իրագիտութիւն, որոնք պարտաւորիչ եղած են, իսկ արաբերէնը եւ անգլերէնը՝ ոչ պարտաւորիչ:
Մեծ կարեւորութիւն տրուած է արհեստագիտութեան: Մեծ թիւով որբ տղաք ուղղուած են տարբեր-տարբեր արհեստանոցներ, ինչպէս՝ հացագործութիւն, ջուլհակութիւն, սանտրաշինութիւն, կօշկակարութիւն, դերձակութիւն, փայտագործութիւն, երկաթագործութիւն, ատաղձագործութիւն: Արհեստանոցներ յաճախող տղոց համար տրուած են գիշերային յատուկ դասընթացքներ որբանոցէն ներս:
Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եղած է առաջնահերթութիւն: Որբերը ամէն օր մասնակցած են Ս. պատարագին: Ամէն Կիրակի, անոնք ստացած են Ս. հաղորդութիւն: Որբանոցը ունեցած է տղոցմէ կազմուած երգչախումբ, որ մասնակցած է եկեղեցական պաշտօնական արարողութիւններուն:
Որբերուն առողջական վիճակը ընդհանրապէս եղած է գոհացուցիչ, սակայն 94 որբեր ունեցած են աչքի կոպի հատիկաբորբ-դրագոմա (trachoma) հիւանդութիւնը, որ դարմանուած է կատարելապէս շնորհիւ փորձառու հիւանդապահուհիի մը ծառայութեան: Որբանոցը ունեցած է այցելու բժիշկ մը, որ շաբաթը երկու անգամ այցելելով մեծապէս օգտակար եղած է որբերուն առողջութեան բարելաւման: Մալարիան եղած է ուշագրաւ երեւոյթ այդ օրերուն: Որբերէն շատերը վարակուած են մալարիայով, բայց ոչ մէկը մահացած է այս հիւանդութենէն: Որբանոցը ունեցած է մէկ մահ՝ 10 տարեկան մանչուկ մը, որ վարակուած է փայծաղի յառաջացած հիւանդութենէ:
Սնունդը եղած է բաւարար եւ գոհացուցիչ: Որբերը ունեցած են բաւարար սննդական մատակարարում: Ամէն առաւօտ որպէս նախաճաշ տրուած է թէյ, կաթ, պանիր, պտուղ: Շաբաթը չորս անգամ հրամցուած է միս: Ամէն օր կէսօրին տրուած է տաք կերակուր, իսկ իրիկունները՝ չոր եւ թեթեւ ուտելիքներ: Ուտեստեղէնի պաշար պահուած է՝ ոսպ, սիսեռ, ձաւար, իւղ, ինչպէս նաեւ փայտ եւ ածուխ:
Որբանոցը ունեցած է մաքուր օդ եւ մաքուր ջուր:
Որբանոցէն ներս բացուած է կօշկակարութեան գործարան մը:
1924ին Պոլիսէն կը բերուին Պոլսոյ Օրթագիւղի Հայ կաթողիկէ որբանոցի 25 որբերը:
Որբանոցը գործած է մինչեւ 1928: Շատ մը որբեր յանձնուած են իրենց ազգական հարազատներուն: Որոշ թիւով որբեր ղրկուած են Ֆրանսայի եւ Երուսաղէմի բարեսիրական կրթական հաստատութիւններ, իսկ արհեստանոցներու մէջ յաջողակ որբերը սկսած են աշխատիլ զանազան գործարաններու մէջ
Պօղոս Արիսի որբերէն եղած է աներս՝ Պետրոս Պտղունի-Մէյվալեան: Շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ գտայ անոր ինքնակենսագրութեան մէջ: Ան նախ եղած է Ճպէյլի տղոց որբանոցի 1392րդ որբը: Հոն մնացած է երկու տարի: Պետրոս կը փոխադրուի հայր Պօղոս Արիսի Էշրէֆիէի որբանոցը, 1922ին, որովհետեւ իր անունին քով արձանագրուած է Հայ կաթողիկէ ըլլալը: Հոս Պետրոսին որբանոցին թիւը կ՛ըլլայ 323: Պետրոս այս որբանոցին մէջ կը մնայ մինչեւ 1926:
Ըստ Պետրոս Պտղունիի՝ «Որբանոցը կը դառնայ ուսումնական կեդրոնի մը: Հոն կը դասաւանդեն անուանի հայ ուսուցիչներ: Աշակերտներուն կը փոխանցուի հայերէն եւ ֆրանսերէն, լեզուի տաղաչափութիւն, բարձրագոյն թուաբանութիւն, երգեցողութիւն, երաժշտութիւն, գծագրութիւն: Որբանոցը կ՛ունենայ տղոց երգչախումբ, որուն խմբավարը կ՛ըլլայ Կոմիտասի աշակերտներէն Յարութիւն Կիւլէսէրեան եւ ետքը՝ հայաստանցի երաժիշտ պարոն Վարդան (մականունը անծանօթ): Երգչախումբը կը ներկայանայ հանրութեան քառաձայն երգացանկով, յատկապէս Կոմիտասի երգերով: Հայր Արիս, տեսնելով կարգ մը որբ աշակերտներուն ունեցած երաժշտական ձիրքերը, կ՛ուղղէ զանոնք ջութակի եւ մանտոլինի դասընթացքներու: Ան ջութակ մը կը գնէ եւ կը տրամադրէ Պետրոս Պտղունիին որպէսզի հետեւի ջութակի դասերու:

«Հայր Արիսի որբանոցին մէջ որբերը կը սնանին շատ լաւ: Անոնց կը տրամադրուի մաքուր հագուստ եւ կը տրուի բժշկական խնամք: Որբերը իրենց դասերուն կողքին կ՛ունենան կարճ եւ երկար գիւղագնացութիւններ: Որբանոցէն ներս կը կազմակերպուի սկաուտական առողջ կեանք: 1925ին, Պետրոս կը մասնակցի ամառնային մէկ ամսուան բանակում-գիւղագնակցութեան: Սկաուտական խումբը կ՛այցելէ Լիբանանի լեռնային շրջաններու շատ մը գիւղերը, օրինակ՝ Զահլէ, Ռայաք, Պաալպեք եւ Սաննին: 1926ի ամրան, հայր Արիս խումբ մը որբերով կ՛ուղղուի դէպի Երուսաղէմ: Կ՛այցելեն Բեթղեհէմ, Թիպերիայի ծովափը, Նազարէթ եւ ուրիշ սրբավայրեր: Ուխտագնացութիւն մըն է որ կը կատարեն, որ կը տեւէ մէկ ամիս: Երուսաղէմի մէջ կ՛այցելեն Ս. Յակոբ հայկական վանքը եւ անոր թանգարանն ու մատենադարանը:
«Սկաուտական կեանքը որբանոցէն ներս եղած է շատ աշխուժ: Կատարած են բանակումներ, ուր երգած են հայերէն սկաուտական երգեր եւ հայրենասիրական ու ազգային երգեր:
«Որբերէն շատերը, հայր Արիսի ցուցմունքներով, որոշ գործարաններու մէջ սորված են զանազան արհեստներ եւ դարձած են վարպետ արհեստաւորներ: Հայր Արիս շարունակ եղած է որբերուն քաջալերող եւ հոգատար հայր մը:
«Հայր Արիս նոյնիսկ որբերէն մի քանին ղրկած է Երուսաղէմ, հոն ուսանելու: Անոնք գացած են Երուսաղէմի ֆրանսական «Ռաթիսպոն» արհեստավարժական դպրոցը, ուր հետեւած են ելեքտրական արհեստի, գործնական եւ տեսական դասերու կողքին հետեւած են նաեւ ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի դասընթացքներու ինչպէս նաեւ երաժշտութեան»:
Երուսաղէմ ղրկուած որբերէն եղած է ինք՝ Պետրոս Մէյվալեան: «Ռաթիսպոն» արհեստավարժարանին մէջ ան ուսանած է ելեկտրական արհեստի բաժնին մէջ: Ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի ուսում ստանալու կողքի, հետեւած է նաեւ ջութակ նուագելու դասընթացքներու: Մինչեւ 1928, Պետրոս կը տիրանայ ելեկտրական նախնական եւ գործնական գիտելիքներու:
Պետրոսին հօր Հալէպէն ուղարկած յաջորդական նամակները եւ անոնց ցնցիչ պարունակութիւնը կը ստիպեն, որ ան օգնութեան փութայ հօրը: Պէյրութ կը վերադառնայ եւ դարձեալ հայր Պօղոս Արիսի յանձնարարական նամակով մը՝ ուղղուած Հալէպի իր եղբօր՝ երկրաչափ Ալպէր Արիսին, Պետրոս պաշտօնի կը կանչուի Հալէպի ելեքտրական ընկերութեան ներքին գիծերու սարքաւորման բաժնին մէջ: Պետրոս Պտղունի կը գործէ այս ընկերութեան մէջ մինչեւ 1975:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Փիլաւճեան, Սօսէ, «Արխիւային Տեղեկութիւններ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Որբանոցին Մասին», «Ազդակ», 2010ի բացառիկ.
2. Մէյվալեան-Պտղունի, Պետրոս, «Ինքնակենսագրութիւն Եւ Հայկական Ցեղասպանութեան Արհաւիրքը», անձնական տեղեկութիւններ փոխանցուած բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանին, 1985, Պէյրութ.
3. Naslian, Jean, Mgr., Evequede Trebizonde, Les memoires sur les evenements politico-religieux en Proche-Orient de 1914-1928, Beirut, 1955: