ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ժընեւի գլխաւոր կայարանին մօտակայքը՝ Rue de Fribourg թաղին մէջ, կը գտնուի նպարեղէնի խանութ մը, ուր սովորութիւն ըրած եմ ատենը մէյ մը այցելել, յատկապէս երբ տանս խոհանոցին մէջ կը պակսին արեւելեան մեր կերակրատեսակներու պատրաստութեան համար անհրաժեշտ մթերքը եւ անոնց համ ու հոտ տուող համեմները: Նպարավաճառը՝ Ֆարուք, փաքիստանցի միջին տարիքի տէր զուարճախօս եւ յաճախ զարmանալիօրէն սրամիտ անձ մըն է, որ յաջողած է իր այդ փոքր խանութի տարածքին մէջ ճարտարօրէն հսկայ լեռան մը չափ արեւելեան բազմատեսակ ուտեստեղէն ամբարել: Թերեւս հիանալին ոչ այնքան այդ փոքր տարածքը աշխարհի բոլոր անկիւններէն ներածուած մթերքով դիզելն է, այլ ստոյգ իմանալը, թէ սննդամթերքի այդ անհամար փաթեթներուն, տուփեղէններուն, պահածոներուն, ապակեղէններուն եւ խոշոր պարկերուն մէջ ո՛ւր կը գտնուի ամենագնձոտ համեմէն մինչեւ ամէնօրեայ պահանջարկ ունեցող ուտելիքը:
Այդ օր եկած էի բրինձ, լիբանանեան հաց եւ կարմիր պղպեղ գնելու: Լիբանանեան հացին տեղը գիտէի, բայց նկատեցի, որ խանութին մուտքէն դէպի վճարման դրամարկղը տանող նեղլիկ միջանցքին մէջ ճիշդ իմ ուզած հացի իրար վրայ շարուած տասնեակէ մը աւելի տուփեր կային: Դիմեցի Ֆարուքին՝ հարցնելով.
– Արդեօք երբուընէ՞ են հացերը:
– Անցեալ տարուընէ,- պատասխանեց Ֆարուք՝ իրեն յատուկ զուարճախօսութեան արուեստով:- Չե՞ս զգար ջերմութիւնը, միթէ չե՞ս առներ բոյրը, տակաւին նոր ստացած եմ, – կարծես անտեղի հարցումէս դժգոհելով ըսաւ ան:
– Շատ բարի,- ըսի եւ տուփերէն հացի քանի մը տոպրակ առանձնացնելով՝ ապահով դրի վճարման դրամարկղին մօտ՝ սեղանին վրայ:
– Բրինձ ունի՞ս, Ֆարուք,- կրկին դիմեցի,- հաճիս ինծի լաւագոյն բրինձը տուր:
– Լաւագոյն բրինձ գոյութիւն չունի, պարո՛ն,- պատասխանեց Ֆարուք՝ չարաճճի ժպիտ մը ուրուագծելով դէմքին վրայ:
– Ինչպէ՞ս թէ,- հակաճառեցի ես,- զորօրինակ՝ պարսկական «պասմաթին», որ աշխարհի լաւագոյն որակ ունեցող բրինձներէն կը համարուի:
– Լաւագոյն բրինձ գոյութիւն չունի ըսի ձեզի, պարո՛ն, որովհետեւ բրինձին լաւագոյն որակը եփողէն կախում ունի եւ ոչ թէ բրինձէն:
Խնդուքս չէի կրնար զսպել փաքիստանցի այս պարզ մարդուն սրամտութենէն: Արդարեւ, իրաւունք ունէր ան: Փաստօրէն ի՞նչ կապ ունի սննդամթերքին որակը, երբ եփողը ձախորդ է, ու կրնայ լաւագոյն բրինձը անհամ ու անհրապոյր, չըսելու համար անճաշակելի շիլափլաւի վերածել:
– Արդեօք կարմիր պղպեղ ալ ունի՞ս,- դիմեցի իրեն,- կծուն պիտի խնդրէի, եթէ կարելի է:
– Ի հարկէ ունիմ,- պատասխանեց ան ու ցուցամատը ուղղեց քայլ մը անդին գտնուող բարձրահասակ պահարանի մը մէջտեղի դարակներէն մէկուն մէջ իրարու վրայ շարուած փլասթիքէ փաթեթներուն:
– Ո՞ւրկէ կու գան,- հարցուցի իրեն:
– Խանութէն,- կտրուկ պատասխանեց ան՝ դէմքին տալով նոյն կատակաժպիտ տեսքը:
– Շա՛տ բարի, կատակը մէկդի, ըսել կ’ուզեմ ո՞ր երկրէն՝ Լիբանանէ՞ն, Սուրիայէ՞ն, թէ՞ Թուրքիայէն:
– Ո՛չ Լիբանանէն եւ ո՛չ ալ Սուրիայէն: Գիտեմ, որ դուն թրքական ապրանք չես գներ: Բարեբախտաբար հնադկափաքիստանեան պղպեղ է եւ արտակարգ կծու:
– Գիտե՞ս, Ֆարուք, ատենին տարին մէկ-երկու Լիբանան կ՛երթայինք եւ արեւելեան մեր քիմքին սովոր Հալէպի կամ Այնճարի լաւագոյն պղպեղը կը բերէինք: Հիմա այդ բոլորէն զրկուեցանք: Երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական անկայունութեան պատճառով այսուհետեւ ո՛չ երթալու եւ ո՛չ ալ այդտեղէն ուտեստ բերելու տրամադրութիւն կայ:
– Յանցաւորը դո՛ւք էք,- պարսաւալից ըսաւ Ֆարուք:- Երբ ձեր երկիրը, հողը ու տունը կը ձգէք եւ կը հեռանաք՝ յօժարակամ օտարանալու Եւրոպայի այս ափերուն, ուրիշը կը տիրանայ անոր, իսկ դուք ձեր հողին ու ջուրին բարիքը կը խնդրէք անկէ, որ երբեմն ձե՛րն էր, բայց հիմա ուրիշը տիրացած է անոր:
Յաճախորդներ, որոնք արդէն խանութն էին, իսկ ուրիշներ յաջորդաբար դռնէն ներս կը մտնէին, այնուհետեւ անկարելի դարձուցին շարունակելու այս զրոյցը, որ գուցէ կրնար աւելի հետաքրքրական դառնալ՝ իմանալով բուն շարժառիթը Ֆարուքի կարօտաբաղձ յայտարարութեան: Արդեօ՞ք դժգոհ էր ան Ժընեւի նման գեղեցիկ քաղաք մը հաստատուած ըլլալուն համար: Դժուարութիւննե՞ր ունէր իր ընտանեկան կեանքին կամ գործին մէջ, թէ՞ իր յաճախորդներուն մեծ մասը, որոնք Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն արտագաղթած ապաստանեալներ էին, մերթ ընդ մերթ իրենց հոգիին տուայտանքն ու ներքին խռովքը կը վստահէին անոր:
Համեմատելով այլ երկիրներու հետ՝ անշուշտ Զուիցերիա լաւ երկիր մըն էր, սակայն դրախտ մը չէր: Յատկապէս այն մարդոց համար, որոնք արմատախիլ դարձած էին իրենց հայրենի հողէն, կտրուած էին իրենց ինքնութենէն, պատմութենէն, սեփական մշակոյթէն եւ ազգային սովորութիւններէն, սկիզբէն նոր կեանք մը սկսելու դժուարին եւ բազմատեսակ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուէին: Փաստօրէն իրենց կեանքը վերջացած էր այն երկիրին մէջ, ուրկէ պատերազմներու բերումով, քաղաքական թէ տնտեսական պատճառներով ստիպողաբար հեռացած էին, իսկ հոս հիմա սկսած էր նորը՝ բոլորովին անորոշ հեռանկարով: Կ՛երեւի մարդկային գոյութեան համար ծանրագոյն երեւոյթներն մէկն ալ անորոշութիւնն է:
Բայց ինչո՞ւ այդ պարսաւանքը ինծի ուղղեց Ֆարուք: Դժուար թէ ան տեղեակ ըլլար հայկական ինքնութեանս: Գիտէր այդչափ, որ Լիբանանէն եկած եմ եւ թերեւս ալ լիբանանցի արաբ մը կը կարծէր զիս: Սակայն եթէ իմանար իսկ, ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ընէր, երբ, փաստօրէն, ես ալ հեռացած կրնամ սեպուիլ իմ հայրենի բնօրրանէն, թէպէտ ոչ-յօժարակամ, միանշանակ՝ ակամայ, ըլլալով ժառանգորդը ժողովուրդի մը, որ ցեղասպանուած է, դարձած է հայրենազուրկ եւ վտարանդի իր պապենական հինաւուրց հողերէն:
Ուրկէ՞ Ֆարուք դոյզն պատկերացում մը պիտի ունենար հայ Սփիւռքի մասին, որ տակաւին սկիզբ առած էր վաղ միջնադարուն եւ աւելի լայն ծաւալ ստացած բարձր միջնադարուն, նամանաւանդ Բագրատունեաց քաղաքամայր Անիի կործանումէն, ապա աւելի ուշ՝ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումէն ետք, երբ բազմաթիւ հայեր պանդուխտի ցուպը առնելով իրենց ձեռքին՝ առագաստ բացած են դէպի պալքանեան երկիրներ, Խրիմ եւ մինչեւ Լեհաստանի զանազան քաղաքներ, ուր ձեւաւորած են գաղթավայրեր, ծաղկեցուցած առեւտրական կեդրոններ, կառուցած ապարանքներ, բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ վանքեր: Մայր երկիրը լքած՝ օտար երկինքի տակ իր հանգիստը փնտռած է հայ ժողովուրդի զգալի հատուածը, պատմութեան հոլովոյթին մէջ շարունակ ստեղծելով նոր գաղթավայրեր աշխարհի չորս ծագերուն: Ի դէպ, պէտք է խոստովանիլ, որ հայոց մօտ այս երեւոյթը ոչ անպայման արտագաղթելու յօժարակամ տրամադրութիւն մը եղած է, այլ առաւել եւս պայմանաւորուած է Հայաստանի մէջ օտար տիրակալութիւններու հետեւանքով հայկական թագաւորութեանց բարձումով, պետականութեան կորուստով, ասպատակումներով, գերեվարումներով եւ նախճիր-եղեռններով: Ապահով կեանք եւ խաղաղ երդիք մը գտնելու հեռանկարով հայը հեռացած է իր հողէն՝ զայն զիջելով Միջին Ասիոյ խորքերէն իր հազարամեակներու տարածքը ներ խուժած թրքական քոչուոր ցեղերուն:
Ծնած եւ հասակ առած ըլլալով հայրենի բնաշխարհէն դուրս՝ Սփիւռքի անծայր երկինքին տակ, ի վերջոյ ինծի համար էական տարբերութիւն մը պիտի չընէր, եթէ ապրէի իմ ծննդավայր Լիբանանի, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն որեւէ մէկուն, Աւստրալիոյ, Հիւսիսային թէ Հարաւային Ամերիկաներու, Ափրիկէի թէ Եւրոպայի մէջ, երբ ասոնցմէ ոչ մէկը իմ բուն հայրենիքը կրնար համարուիլ, այն երկիրը, ուր իմ հայրերը կ՛ապրէին եւ զայն իբրեւ սրբազան աւանդ ձգած էին իրենց հայկազուն սերունդին:
Արդեօ՞ք Սփիւռքը սփիւռքահայուն տեսակ մը հայրենիքը դարձած է. դժուար է ըսել: Սփիւռքահայ բառակապակցութիւնը կապ մը ունի՞ իրողութիւն մը դրսեւորող այս ըմբռնումին հետ: Հարկ է զայն խորքային վերլուծումներու ենթարկել իր բովանդակ եւ կնճռոտ երեսակներով: Վերջը ի՞նչ պիտի տայ վերլուծումներու արդիւնքը, երբ փաստը կը մնայ փաստ, որ հայ ես ծագումով, բայց կ՛ապրիս հայրենի բնօրրանէդ դուրս՝ օտար երկինքներու տակ, այլացեղ ժողովուրդներու, մշակոյթներու, կրօններու եւ դաւանանքներու միջավայրին մէջ: Թէպէտ այսօր որոշ երկիրներու մէջ հայրենիք հասկացութիւնն ալ տարբեր կը մեկնաբանուի, քանի ընկերային կեանքը հոն նոր ընթացք մը առած է՝ կազմելով բազմազգ եւ բազմամշակութային հասարակութիւն մը: Այսուհանդերձ կարելի՞ է ըսել, թէ հարիւր տոկոսով սփիւռքահայ մըն եմ: Այսինքն ինքնութեամբ հայ, միաժամանակ հարիւր տոկոսով լիբանանցի, սուրիացի, ամերիկացի կամ ֆրանսացի, ինչպէս ատենին դիպուկ ձեւակերպած էր մեր աշխարհահռչակ երգիչը՝ Շարլ Ազնաւուրը: Այս պարագային կարելի՞ է նաեւ հաշտարար լուծում մը առաջարկել՝ ըսելով, թէ վերոգրեալ երկիրներէն որեւէ մէկը, ուր ծնած եմ ու կ՛ապրիմ հիմա, այլապէս այդ երկիրներէն մէկուն կամ միւսին քաղաքացիութիւնն ալ կը կրեմ, հարիւր տոկոսով կրնայ նոյնքան իմ հայրենիքը նկատուիլ, ինչպէս հարիւր տոկոսով միաժամանակ Հայաստանն է իմ հայրենիքը:
Իրականութեան բաժին մը ըլլալու է ըսուածին մէջ: Բայց հարցը միեւնոյն է եւ կը մնայ առեղծուածային: Ինչո՞ւ չենք ապրիր մեր հայրենի բնօրրանին մէջ, մեր պապենական հողերուն վրայ, ուր մեր ցեղին արմատներն են եղած, մեր պապ ու պապերն են ապրած եւ ստեղծագործած: Այդ հայրենիքը, որ հազարամեակներով մե՛րն էր եղած, աւա՜ղ, բռնազաւթուած է Միջին Ասիոյ խորքերէն եկած օղուզ ցեղախումբի եւ Օսմանի բարբարոս ժառանգորդներուն կողմէ: Անոնք մեզ դարձուցին հայրենազուրկ, բնիկը՝ քոչուոր, մահու աքսորներու, արիւնալի անվերջ կոտորածներու եւ ցեղասպանական բազմաթիւ բռնարարքներու իրագործումով: Մեր ներաշխարհը մեզի կը թելադրէ, թէ մե՛րն է այդ հայրենիքը՝ Արեւմտահայաստանը, որ հայն է անոր միակ ու ճշմարիտ իրաւատէրը: Միւս կողմէ մեր գիտակցութիւնը իրատեսութեան դառն հրաւէր կը կարդայ մեզի՝ պարզելով, որ այսօր այդ հողերուն վրայ իրենց թուային քանակով մեզ գերակշռող միլիոնաւոր թուրք ու քիւրտ այլազգիներ կ՛ապրին, որոնք նոյնքան ամուր կապերով մեր դրախտավայր երկիրը իրենց պապերէն ժառանգ ստացուած հայրենիքը կը համարեն: Արդեօք ո՞ր քիւրտ գիւղացին արիւն պիտի չթափէ այն արտին համար, որ այսօր ինք կը հերկէ ու անոր բարիքը կը վայելէ՝ եթէ պնդես, թէ այդ եղած է պապիս սեփականութիւնը եւ փորձես զայն խլել իրմէ: Նմանապէս ո՞ր թուրքը ոճիր պիտի չգործէ,- միեւնոյն է՝ որքան ալ քաղաքակիրթ թուի ան կամ պատկանի յառաջդիմական, ընկերվարական կոչուող այս կամ այն կուսակցութեան,- երբ ըսես՝ նստած տունդ պատմականօրէն իմս է, վե՛ր կաց, ե՛ս պիտի ապրիմ հոն: Արդեօ՞ք գորշ գայլերու արիւնկզակ բնազդը իսկոյն պիտի չզարթնի իր մէջ: Գաղափարախօսական կամ կուսակցական ինչ հոսանքէ ալ իշխանութեան գլուխ եկած ըլլայ թրքական պետութեան օրուան առաջնորդը, այս կամ այն նախագահը, նախարարը, թէկուզ պետական համեստ պաշտօնեան, հայուն երբեք պիտի չըսէ՝ «նոյն գաղափարները կրողն ենք, հետեւաբար ճանչնալով պապերուս հայոց դէմ իրագործած ցեղասպանութիւնը՝ քեզի կը վերադարձնեմ պատմական հայրենիքդ, եկո՛ւր եւ վերցո՛ւր զայն՝ Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան, քաղաքամայրդ՝ Անին, եւ ազգային գոյութեանդ մեծագոյն խորհրդանիշ Արարատդ վեհափառ»: Ան ոչ իսկ պիտի առաջարկէ՝ ըսելով. «Եկո՛ւր, հայրենակի՛ց, վերստին միասին ապրինք այս հողին վրայ, որ երբեմն բացառապէս ձերն էր, բայց հիմա նաեւ մե՛րն է ան: Եկէ՛ք եւ եղբայրական խաղաղ համակեցութեամբ միասին ստեղծագործենք ու միասնաբար շահինք մեր կեանքը: «Արեւելեան Անատոլու»ի վրայէն հանենք Թուրքիան եւ փոխարինելով վերանուանենք Արեւմտեան Հայաստան»: Անուրջներ են լոկ եւ շատ գեղեցիկ գաղափարներ՝ իրական ըլլալու համար: Կայ հինէն աւանդուած կարգախօս մը, թէ «հողը միայն արիւնով կ՛առնեն», զայն կը վերաբնակեցնեն ու սիրելով կը պահեն:
Հաշտուիլ այս կացութեան հետ, ընդունիլ մաղձոտ իրականութիւնը եւ դադրիլ պահանջատէր ըլլալէ՝ անկարելի՛ է: Հրաժարիլ այս ամէնէն, անձնատուր ըլլալու, անցեալէդ պարպուելու, ինքնութենէդ սնանկանալու եւ արժանապատուութիւնդ բռնաբարած ըլլալու այրող զգացում կ՛առթէ գիտակցութեանդ վրայ: Ստոյգ կը փոքրանաս, կը նուաստանաս նախանձիդ առջեւ, ապա, ձեւով մը, շրջապատիդ մէջ: Այսպէս, սփիւռքահայու այս երկընտրանքին մատնուած ենք, սակայն առանց ընտրել կարենալու ո՛չ մին եւ ո՛չ միւսը: Ահա ա՛յս է մեր ճակատագիրը:
Առաջին անգամ չէ, որ առկան խռոված էր միտքս եւ յուզած հոգիս: Փաքիստանցի նպարավաճառին դիտողութիւնը, որքան ալ ըլլար տեղի թէ անտեղի, պարզապէս վերստին կայծ մը տուաւ հսկայ հրդեհին, որ արդէն միշտ մէջս եղած է եւ այսպէս ալ կը մնայ այնքան ատեն, որ գոյութիւն ունի իր աւետեաց երկիր Սփիւռքին դատապարտուած սփիւռքահայը: Սփիւռքահայու գոյութեան եւ ինքնութեան մէկ անբաժան մասը կը կազմէ այդ: Ծնած ըլլալ օտար երկինքներու տակ՝ կը նշանակէ կուրծքին տակ երկփեղկուած հոգի մը կրել: Պէտք է, կամայ թէ ակամայ, հաշտուիլ իրավիճակին հետ, ունենալ սփիւռքեան ծննդավայր մը, ապրիլ եւ ստեղծագործել այլ արտերկրի մը մէջ՝ պատկանելով միաժամանակ պատմութեան մը, որ իր զօրեղ արմատներով քեզ հող-հայրենիքիդ կը կապէ, գիտակցութիւնդ եւ էութիւնդ համակ անոր հետ կը նոյնացնէ ու արեանդ ամէն մի ծինը հազարամեակներու խորքէն եկող անոր կանչը կը լսէ:
Սփիւռքահայուն ձեռք բերած բարիքը,- որ Սփիւռքին ձրիաբար բաշխած նուէրը չէ,- բնաւ չէ շլացուցած զինք, այլ ան կարօտաբաղձ հայեացքը միշտ սեւեռած է դէպի իր իսկական հայրենիքը, մինչդեռ այն երկիրը, ուր ան աչքերը լոյսին բացած է, համարած է ընդամէնը իր ծննդավայրը կամ առաւելագոյնը՝ իր երկրորդ հայրենիքը, առաջնահերթութիւնը վերապահելով ընդմիշտ Մայր Հայաստանին՝ համայն հայութեան իրական եւ հոգեւոր հայրենիքին: Արդարեւ ի զուր չէ, որ անոր «մայր» պատուանունը տրուած է, որովհետեւ ան հայուն համար սոսկ հող ու սահմաններ չէ, այլ մօր մը պէս համակ սէր եւ սրբութիւն է միաժամանակ:
Ինծի երբեմն այնպէս կը թուի, որ ընդհանրապէս հայ ծնիլը եւ նամանաւանդ սփիւռքահայ՝ դիւրին չէ: Հայրենազուրկ ըլլալը մեզի դարձած է ճակատագիր, զերդ մեր ճակտին գրուած անէծք մը: Իսկ մեր ամբողջ գոյապայքարը կը կայանայ զայն փոխարկելու կենսառիթ օրհնութեան մը մէջ: Ամերիկաներու եւ Եւրոպաներու մետաքսեայ հանգստաւէտ բարձերը մեզ չեն հետաքրքրեր: Ամէն ինչ շահուած է չարաչար աշխատանքով, արդար քիրտով ու վաստակով, Եղեռնի կարմիր անապատներէն եկած մեր հէգ պապերու, Տէր Զօրի բիրտ արեւէն խանձած տատերու եւ ծնողաց ստանձնած մեծամեծ զոհողութիւններով: Մենք տեսած ենք սով ու զրկանք, պառկած ենք գետնախշտի վրանաշէն անհիւրընկալ քաղաքներու տաղաւարներու մութին տակ: Բայց չենք վհատած, այլ աներկբայ ապաւինած ենք մեր վերապրելու կամքին, քարէն հաց հանելու աշխատասէր ոգիին եւ հաւատացած սեւ ամպերու ետին շառագունող ապագայի վառ արշալոյսներու յաղթանակին:
Ինքնագիտակցութիւնը թելադրած է մեզի հպարտ ըլլալ մեր հայեցի լինելութեամբ ու անքակտելիօրէն կապուիլ մեր եզակի ինքնութեան, մշակոյթին, ազգային հաւաքական պատկանելիութեան, հայերէնին եւ հայրենիքին: Հայրենակորուստ շատ մը ազգեր՝ ասորիներ, քիւրտեր եւ ասոնց նման շատեր,– եթէ երբեմն ունեցած են հայրենիք մը կամ պիտի ուզէին վերստին տէր դառնալ անոր,– ըղձագին երանի պիտի տային մեզի, որ հակառակ պատմութեան մէջ կրած մեր արհաւիրքներուն, հողային տարածքներու ծանր կորուստին, տակաւին ունինք Հայաստան ձայն գորովագութ եւ ցանկալի անունով երկիր մը, կտոր մը հայրենիք եւ պետութիւն: Օտար ազգերու եւ արնախում ցեղերու դարաւոր տիրակալութենէ ետք, կրցած ենք վեր բարձրացնել մեր ազգային անկախութեան խորհրդանիշ Եռագոյն դրօշը, որուն շուշան հովանիին տակ ներշնչուելու, ստեղծագործելու եւ, ի վերջոյ ամենայնի, վերատիրանալու ապահով ու մարդավայել կեանք մը ապրելու իրաւունքին:
Ազգային իւրաքանչիւր սխրանք, ամէն մի նուաճում եւ յաջողութիւն,– հոս ի՞նչ նշանակութիւն ունի մեծը կամ փոքրը,– անասելի երջանկութեամբ կը համակէ մեզ եւ ուրախութեան առինքնող զգացումով կը պարուրէ մեր հոգին: Սակայն անոր անկումները, ունեցած ձախողութիւններն ու կրած ծանր կորուստները կը խոցեն մեր սիրտը ու կոտտացող նոր վէրքեր կը բանան անոր վրայ:
Ի դէպ, ի՞նչ կարելի է ըսել հայ ժողովուրդի նորագոյն կորուստներուն՝ Արցախի եւ անոր պաշտպանութեան սիրոյն իրենց գարուն կեանքերը զոհած լոյս մարտիկներու մասին: Ի հարկէ շատ բան եւ ոչինչ: Արդարեւ բառերն անզօր են արտայայտելու իւրաքանչիւր հայու ներաշխարհին անվերջ ցաւն ու մորմոքը, որուն իրականացման պատասխանատուութիւնը, անտարակոյս, ամէնքս կը կրենք: Լացն ու ողբը, մեր գլխուն վրայ մոխիր ցանելն ու յետողորմեայի գալը ոչինչ կ՛օգտէ. զգաստանա՛լ է պէտք: Ազգովին ձախողեցանք՝ պետութեամբ, իշխանութեամբ, քաղաքական կուսակցութիւններով, եկեղեցիներով ու կղերով, հայրենիքով եւ Սփիւռքով, մեծով ու փոքրով, իսկ հիմա զգաստանա՛լ է պէտք:
Չնախապատրաստուեցանք դիմագրաւելու համար աշխարհաքաղաքական պայթիւնավտանգ վերիվայրումներու յղած մարտահրաւէրները, որոնց ոտնաձայնը անշուշտ կը լսէինք: Չարութեան անիւը կը պտըտէր եւ իր մահասփիւռ սուր խոփով մեզմէ ոչ-հեռու երկրագունդի երեսը կը պատռէր՝ հետզհետէ ուղղելով իր կործանարար ընթացքը նաեւ մեզի դէմ: Վտանգը չկրցանք կանխարգիլել, երբ գիտէինք, որ մեր հարեւան թշնամին երկտասնամեակէ մը աւելի մինչեւ իր ատամները կը սպառազինուէր, իրեն համախոհ դաշնակիցներ կը շահէր, մամոնային ուժով լրատուական միջազգային հարթակներ կը ներթափանցէր եւ մեր յառաջիկայ տալիք բիւրաւոր զոհերուն եղերերգը կը հիւսէր: Արդեօ՞ք քիչ էին Հայաստանի նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններու երեսին անոր նետած լկտի սպառնալիքները, որոնք յստակ յարացոյցներ էին անոր զաւթիչ ու ծաւալապաշտ նկրտումներուն: Ան անհամբեր կը սպասէր նախապէս մշակած իր ռազմական գործողութիւնները կենսագործելու պատեհառիթ ազդանշանի մը, որ ժամանակը իրեն պիտի մատուցէր ոսկեայ սկուտեղի մը վրայ: Իսկ այդ մէկը շատ չուշացաւ՝ ազգերու եռուզեռը անդամալուծող պսակաձեւ ժահրին համավարակով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն ժխորով եւ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ սանձազերծած պատերազմին աղէտով: Աշխարհաքաղաքական արագընթաց զարգացում ներ նմանապէս կ՛ահազանգէին կենսագործուելիք մութ ծրագրերու մասին: Մեր հարեւան թշնամին երկարաժամկէտ նախագիծեր մշակելով նախապատրաստուեր էր ասոր, մինչդեռ մենք չըրինք եւ չկրցանք ընել, չուզեցինք եւ ոչինչ եղաւ: Նայեցանք եւ տեսնել չուզեցինք, իսկ երբ տեսանք, թշնամին ոչ թէ ի դռունս էր, այլ խուժած էր մեր հայրենիքի պարիսպներէն ներս՝ սփռելու մահ ու աւեր եւ խլելու այն, որ ոչ թէ աւար, այլ դարերէ ի վեր իր սեփականը կը սեպէր: Այսօր Արեւմուտքը բարձրագոչ կը խօսի հակասեմականութեան (անթիսեմիթիզմ) մասին. արդեօք մեզմէ բացի «արմենոֆոպիա»ի մասին ուրիշ խօսողներ ալ կա՞ն:
Ունենալ պատմամշակութային հարուստ աւանդ մը, անտարակոյս, իւրաքանչիւր ժողովուրդի գերազանց ձեռք բերումներէն մին պէտք է նկատել, նաեւ իր ստեղծագործած բարձր քաղաքակրթութեան վկայագիրը, որով ան ատակ կը դառնայ իր պայծառ ինքնութեամբ հպարտօրէն ներկայանալու ազգերու ընտանիքին: Սակայն նոյն այդ անձնագիրը, այլապէս իր պատմամշակութային հարուստ ժառանգութիւնը թշնամիին աւարառու հարուածներէն պաշտպանելը նմանապէս այդ ազգի գերունակ արժանիքներէն եւ սեպուհ պարտականութիւններէն պէտք է համարել: Ստեղծագործածդ մարդկութեան ընդհանուր բարիքին ընծայելը առաքինութիւն է: Բայց թոյլ տալ, որ զայն վայրենաբարոյ ջոլիրը կողոպուտի եւ փճացումի առարկայ դարձնէ, ոչ միայն հաւաքական անտարբերութեան, անպատասխանատուութեան եւ անձեռնհասութեան ապացոյց է, այլեւ յանցագործութիւն մըն է սեփական ժողովուրդին հանդէպ: Միշտ ալ ըսուած է՝ պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը նախայարձակ ըլլալն է: Գոյութեանդ սպառնացող վտանգը տակաւին իր սաղմին մէջ խեղդելն է: Պատմահայր Խորենացին տակաւին Ե. դարուն որքան դիպուկ եւ միանգամայն ճիշդ բնորոշած է նաեւ մեր ու գալիք ժամանակներուն համար ըսուած կարգախօսը՝ «Սահմանք քաջաց՝ զէնն իւրեանց, որքան հատանէ՝ այնքան ունի» (քաջերու սահմանը իրենց զէնքն է, որքան կը կտրէ, այնքան կը տիրէ): Արդարեւ ուժը կ՛որոշէ ամէն ինչ, նաեւ՝ իրաւունքը: Եթէ երբեք ազգովին իւրացնէինք այս իրապաշտութիւնը եւ կարենայինք իրագործել զայն, մեր կեդրոնախոյս ձգտումները եւ աքիլլէսեան խոցելի գարշապարը հանդիսացող անմիաբանութիւնը թօթափէինք մեր ազգային ծիներէն, թերեւս մեզի խնայուած պիտի ըլլար այս նորագոյն չարիքը՝ հողային տարածքներու, պատմամշակութային անգնահատելի ժառանգութեան եւ լոյս սերունդի մը անդառնալի կորուստը:
Սակայն ժամանակի տեւողութեան մէջ ի՞նչն է անփոփոխ, մնայուն եւ յաւիտեան: Ամէն ինչ կու գայ եւ կ՛անցնի, լաւ ու ձախորդ օրերը միաժամանակ: Ազգեր կու գան, գերտէրութիւններ կը բարձրանան ու կ՛իյնան: Պատմութի՛ւնը վկայ: Խնդիրը ժամանակի քայքայումին եւ բնութեան տարրալուծող ուժերուն դէմ դիմանալն է՝ պահպանելով ազգին հայեցի ինքնութիւնը, չկտրուելով պատմական յիշողութենէն՝ արդիւնաւորել ներկան, եւ մշակել ապագային հանդէպ հեռահար ծրագրերու նպատակային արեւելում մը:
Այն, ինչ որ ըրիր, արդէն եղած է, այն, ինչ որ գնաց, արդէն գացած է: Կեանքի լաւագոյն դասերէն մէկը սորվիլն է, թէ ինչպէ՛ս չմատնուիլ անշարժութեան, այլ ընդհակառակը շարունակել յառաջ ընթանալ: Լաւ է յետադարձ հայեացք նետել անցեալի յիշողութիւններուն վրայ, բայց երբեք թոյլ չտալ, որ անոնք արգելք հանդիսանան մեր ազգային յառաջընթացին: Հետեւաբար, ծանր հարուածներէն պէտք չէ ընկճուիլ, ընդհակառակը՝ առաւել եւս զօրանալ: Սայթաքումներէն պէտք չէ վհատիլ, այլ սորվիլ: Գոյութեանդ սպառնացող վտանգին առջեւ պէտք չէ անճրկիլ, այլ զայն քաջաբար դիմագրաւել: Որքան ալ բիրտ ըլլան ժամանակին եւ պարագաներուն բերած վերիվայրումները, պէտք է հաւատալ հայ ցեղի վերապրելու ուժին եւ հայ ժողովուրդի դարէ ի դար մղած գոյապայքարներու յաղթանակին՝ կեանքին հանդէպ անոր սրբազան պաշտամունքին:
Յաւարտ բանիս՝ պիտի չուզէի սխալ մեկնաբանուիլ: Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ մարդու իրաւունքն է որոշել, թէ իր կեանքի պայմանները արդեօ՞ք կը թոյլատրեն հայրենադարձութեամբ մնայուն բնակութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ: Ներկայ իրավիճակը ցոյց կու տայ, սակայն, որ սփիւռքահայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը դժուար թէ լուրջ քայլերու ձեռնարկէ հայրենադարձութեան ուղղութեամբ: Սա պահուն այնպէս կը թուի, որ հայրենի իշխանութիւններուն համար հոն եղածը պահելը արդէն իսկ քաղաքական եւ տնտեսական ահագին մարտահրաւէր մըն է: Թէպէտ պէտք է խոստովանիլ, որ «Հայաստան» հիմնադրամի գանձանակին մէջ քանի մը լումայ նետելով կամ զբօսաշրջիկի մը տրամադրութեամբ տարին մէկ-երկու անգամ Հայաստան այցելելով ո՛չ ճշմարիտ հայրենասիրութիւն եւ ո՛չ ալ ազգասիրութիւն կ՛ըլլայ: Ասով հանդերձ, ինքզինքիս երբեք իրաւունք չեմ կրնար վերապահել որեւէ մէկուն հրաւէր կարդալու, թէ պէտք է մնայուն կերպով Հայաստան երթայ կամ ոչ: Առկան յաւակնութիւն ալ չունի սփիւռքահայ մարդու ներաշխարհին ազնիւ, անկեղծ, ջերմ եւ հայաշունչ ապրումները, այլապէս ասոնց զուգահեռ մակերեսային հակասութիւնները փորձարկելու: Այստեղ «ինչու»ներուն եւ «ինչպէս»ներուն պատասխաններ գտնելը ամենեւին էական չէ, այլ պարզապէս որոշակի փաստեր նշելով՝ ցոյց տալ ընդհանրապէս մեր հայ կեանքին հետ ուղղակիօրէն առնչուող իրավիճակ մը, զոր դատել միանգամայն իմ իրաւասութիւնը չէ:
Պատմութեան մէջ շատ մը ժողովուրդներ, մեծ թէ փոքրաթիւ ազգեր ծանր պարտութիւններ կրած են, ընդհուպ մինչեւ իրենց շէն քաղաքները ենթարկուած են հիմնայատակ կործանումի: Բայց անոնք հաւաքական կամք դրսեւորելով եւ նորը արարելու վճռակամ աշխատանքով վերստին յառնած՝ կրցած են նոյնիսկ կառուցել աւելի գեղեցիկը եւ կերտել իրենց յառաջադէմ երկիրները: Փոքր ազգեր յաջողած են ամենայն հիացմունքի արժանի յաղթապանծ դիմադրութիւն ցուցաբերել իրենցմէ գերհզօր տիրակալութիւններու եւ անոնց զօրաբանակներուն դէմ: Արդարեւ, հայոց պատմութեան մէջ պակաս չեն եղած հերոսական բազմաթիւ համանման օրինակներ եւ սխրագործութեանց եզակի իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւններ:
Աներկբայ հաւատալ է պէտք, որ մեր հայրենիքը նորէն կը դառնայ հզօր եւ բարգաւաճ երկիր մը: Հաւատալ է պէտք, որ մեր հնարաւորութիւնները տակաւին սպառած չեն: Մեր առջեւ կը գտնուի ներկան, առաւել եւս՝ ապագան: Իւրաքանչիւր հայու ստանձնած անձնական եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի հաւաքական յանձնառութենէն կախուած է հայրենիքին քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ հասարակական կեանքին բարգաւաճումը: Մայր Հայաստանը վերստի՛ն ոտքի կը կանգնի եւ մայրական գորովագութ եւ խանդակաթ սիրով իր ծոցը կը հրաւիրէ Սփիւռքի օտարաշունչ հողմերուն յանձնուած իր սիրասուն զաւակները:
Ժընեւ