
ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Action Chretienne en Orient-ը (ACO), Արեւելքին ծայառելու առաքելութեան) աւետարանական կազմակերպութիւն մըն է, հիմնուած Սթրազպուրկի մէջ, 1922ին: Անիկա շուտով կը ծաւալի եւ կ՛ունենայ իրեն աջակից ու օժանդակ մասնաճիւղերը Հոլանտայի եւ Զուիցերիոյ մէջ:
Կազմակերպութիւնը կ՛առաքէ դաշտային ծառայողներ, որոնք բժշկական, նիւթական եւ հոգեկան աջակցութիւն կ՛ունենան Հալէպի հայութեան՝ 1920-30ականներուն, միաժամանակ՝ տակաւ կ՛ընդարձակէ իր գործունէութիւնը Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրանի մէջ:
Կազմակերպութիւնը այսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը ձեւաչափովը գործընկերութեան մը, որուն մէջ ընդգրկուած են Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի աւետարանական եկեղեցիները: Այս գործընկերութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին Հայ աւետարանական եկեղեցիները:
Իր հիմնադրութեան 100եակին առթիւ, կազմակերպութիւնը հրատարակեց A Bridge between East and West վերնագրեալ գիրքը, որ կը պարունակէ հարցազրոյցներ՝ կազմակերպութեան եւ անոր համար աշխատած 25 անձերու հետ:
Հարցազրոյցին մասնակցողները կը պատմեն իրենց աշխատանքային փորձառութեան եւ կազմակերպութեան առաքելութեան գործունէութեան մասին: Այս հարցազրոյցներուն համադրութիւնը կը գծագրէ համապատակերը կազմակերպութեան վերջին տասնամեակներու պատմութեան եւ կը բացայայտէ կապը՝ Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի աւետարանականներուն միջեւ:
Հատորը խմբագրած են Թոմըս Վուալտ եւ Ուիլպըրթ Վան Սաան:
Գիրքը ունենալ փափաքողները կրնան դիմել Հայկազեան համալսարանին կամ Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնին: