22 Ապրիլին, Հայաստանի մօտ Ֆրանսիայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի եւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի պատուիրակութիւնը այցելեցին Գորիս եւ ծանօթացան Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն:
Այս մասին կը յայտնուի դիտորդական առաքելութեան «Էքս»ի գրառման մէջ, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ լաւ եւ արդիւնաւէտ քննարկում ծաւալած է տարածաշրջանի քաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ, այցելուները նաեւ միացան Գորիսի տարածքին մէջ իրականացուող պարեկութեան՝ դիտորդական առաքելութեան աշխատանքին մասին աւելի խոր ծանօթութիւն ունենալու համար:

Նոյն օրը Տաւուշի փոխմարզպետ Նարեկ Ղուշչեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսիայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Իջեւան համայնքի ղեկավար Արթուր Ճաղարեան:
Տաւուշի մարզպետարանէն յայտնեցին, որ Նարեկ Ղուշչեան ներկայացուց Տաւուշի մարզը, մարզի զարգացման առաջնահերթութիւնները եւ անդրադարձաւ Ֆրանսայի տարբեր կառոյցներու եւ քաղաքներու հետ համագործակցութեան:
Տըքոթինյին յայտնեց, որ տպաւորուած է մարզի բնութեամբ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան Ֆրանսայի Օ-Տը-Սեն նահանգին հետ համագործակցութեան, ապահովական, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան շրջանակները ընդլայնելու հարցերուն: