
Դաստիարակ, ազգագրագէտ, պատմաբան, մրցանակակիր հեղինակ, ՀՕՄի անդամ եւ հայ կանանց պատմութեան ու իրաւունքներու ջատագով Սոնա Զէյթլեան (ծնեալ Սիմոնեան) պատուըւեցաւ իր 70 տարիներու ծառայութեան համար, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութիւններուն կողմէ:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կողմէ, Կիրակի, 7 Ապրիլ 2024ին, , Կլենտէյլ «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ:
Հարիւրաւոր ներկաներ եկած էին Արեւելեան Ամերիկայէն, Գանատայէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն, եւ աւելի մօտակայ շրջաններէ, ինչպէս՝ Տէյվիս, Սան Տիէկօ, Լոս Անճելըս եւ Օրենճ Քաունթի: Ձեռնարկը ոչ միայն քով քովի բերաւ ՀՕՄի եւ Համազգայինի ընտանիքները, այլ նաեւ առիթը տուաւ, որ յոբելեարի ընտանեկան պարագաները իրենց յուշերը բաժնեն ներկաներուն հետ, պայծառամիտ անձնաւորութեան մը մասին, որ առանձինն կրցաւ պահպանել հայ կիներու բանաւոր պատմութիւնները եւ արձանագրել կիներու դերը հայ պատմութեան ընթացքին:
Բացման խօսքը փոխանցեց ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան, որ վեր առաւ Սոնա Զէյթլեանի տիպարը, 70 տարիներու ազգի ծառայութիւնը՝ իբրեւ օրինակելի, իմաստուն, համբերատար եւ նուիրուած անձնաւորութեան մը: Ան շնորհաւորական նամակ մը կարդաց Փարիզէն՝ Ֆրանսահայ հեղինակ Գրիգոր Պըլտեանէն հասած:
Ապա, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեանի հետ ներկայացուց գնահատագիրներ Կլենտէյլ քաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Էլէն Ասատրեանէն եւ Քալիֆորնիոյ 30րդ ընտրաշրջանի քոնկրեսական Էտըմ Շիֆէն:
Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Նժդեհ քհնյ. Քէշիշեան ընթերցեց սրբազանին շնորհաւորական նամակը՝ յիշեցնելով, թէ յոբելեարը 2015ին արժանացած էր Գարեգին Բ.ի Հայրապետական կոնդակին:


Սոնա Մատարեան, որ անդամ է ՀՕՄի վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, յոբելեարը ներկայացուց՝ իբրեւ ուսուցիչ, հետազօտ, հեղինակ եւ պատմաբան, որ գրի առած է Այնճար բնակող վերապրող մուսալեռցիներու բանաւոր պատմութիւնը եւ հրատարակած է «Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման Մէջ» հատորը:
Մատարեան աւելցուց, թէ Զէյթլեան ռահվիրան եղած է հայ կանանց մասին ուսումնասիրութիւններու, ոչ միայն անոնց պատմութեան, այլ նաեւ անոնց դերը քաղաքական եւ առողջապահական ասպարէզներուն մէջ: Ան ներկայացուց Զէյթլեանը՝ իբրեւ ընտանիքին նուիրուած մայրը, անանձնական կեանքով ապրելով մասնաւորաբար ամուսնոյն՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սարգիսին կորուստէն ետք:
Մրցանակակիր ճարտարապետ, բանաստեղծ եւ հրապարակագիր Հրազդան Զէյթլեան դիտել տուաւ, թէ իր մօր կեանքի գործը եղաւ եւ է հայ կնոջ ինքնուրոյն, հպարտ տիպարի ուսումնասիրութիւնը: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց անոր յատկանիշները՝ հետեւեալ կէտերով. ան նպատակային պատմաբանութիւն կատարեց հայ կնոջ ղեկավար դերին, բան մը՝ որ իրմէ առաջ չէր կատարուած: Ան կիներու ուսումնասիրութեան մարզի հիմնադիր ռահվիրան է, կիները ներկայացնելով իբրեւ յառաջդիմութեան ու փոփոխութեան գործակալներ: Ան արձանագրած է հայ կնոջ նպաստը՝ սեռերու հաւասարութեան եւ կենտերային (ծինային) արդարութեան միջազգային հաստատման մէջ: Ան մատչելի ազգագրութիւն կը գործադրէր, երբ »Մուսա Լերան Ժողովրդական Հեքիաթներ« ընդարձակ ազգագրական աշխատանքը գիտական ուսումնասիրութիւնէ մը անդին նաեւ հեքիաթները մատչելի դարձնել էր ընթերցողներու լայն շրջանակի մը: Սփիւռքի գաղութներու ինքնակազմակերպումի տեսակէտէն՝ «Հայութեան Ներդրումը Եգիպտոսի Միջնադարեան Եւ Արդի Պատմութեան Մէջ» ուսումնասիրութիւնը հայ գաղութներու ինքնակազմակերպումի գաղափարն էր՝ ի նպաստ գաղութի հայեցի նկարագիրի վերապրումին:
Երեկոյի հանդիսավարուհին էր Սուզանա Դաւիթեան. ծրագիրին մաս կը կազմէր մեներգող Հայկուհի Պապախանեան, որ ներկայացուց 2 աշուղական երգեր:
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի «Սալբի Հացպանեան» շաբաթօրեայ վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Զէյթլեանի մանկական շարքէն «Երախտագէտ Կենդանիները» կենդանի պատկերը, որ հիմնուած էր Մուսա լերան բանահիւսութեան վրայ:
Ապա, տեսերիզով ելոյթ ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Ըրվայն համալսարանի հայագիտական կեդրոնէն փրոֆ. Դալար Շահինեան, որ յայտնեց, թէ Զէյթլեանի առանցքային գիրքերը եւ ուսումնասիրութիւնները անկիւնադարձային նախակարապետի դեր ունեցան հայ կանանց մասին ուսումնասիրութիւններու ասպարէզին մէջ: Ան նաեւ շնորհաւորեց Զէյթլեանի աննկուն կամքով կիներու ուսումնասիրութիւներ կատարողներու առջեւ ծառացող խոչնդոտներու շրջանցման:
Ապա խօսք առաւ Զէյթլեանի թոռը՝ Վիկկօ Զէյթլեան, որ երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի ֆութպոլիստ է, եւ բացատրեց, թէ ինչպէս իր կարծիքը զարգացաւ իր սիրելի մեծ մօր մասին: Նախ իր աւագ եղբայրը՝ Գայլը, սկսած էր մասնակցիլ ընտանեկան զրոյցներուն: Եղբօր համալսարան մեկնելէն ետք, իր կարգը եկած էր: Ան հաստատեց, որ ներշնչուած է եւ բարելաւած է իր մտածելակերպը մեծ մօր իմաստութենէն տոկուն դիմադրականութենէն ներշնչուելով:
Մրցանակակիր հեղինակ փրոֆ. Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփա, որ արուեստի պատմութիւն կը դասաւանդէ Քալիֆոնիոյ Տէյվիս համալսարանին մէջ, պատմեց, թէ իր մանկութեան ընթացքին գաղափար չունէր իր մօր երկրորդ կեանքին մասին՝ իբրեւ հետազօտող: Ան կը նկատէր, թէ մայրը յարատեւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէր խոհանոցի սեղանին կամ գրասեղանին վրայ: Անոր աշխատանքները կ՛ընդգրկէին մանկապատանեկան ընթերցողներու յատուկ գիրքեր, նիւթ ունենալով հայկական առասպելական դէմքեր, ինչպէս՝ Հայկ Նահապետը եւ Արա Գեղեցիկը: Երբ ան այդ գիրքերը կրցաւ կարդալ՝ մայրը իր կարծիքը հարցուցած էր, թէ այդ նիւթերը որքանով առնչութիւն ունէին իր տարեկիցներուն հետ: Ինք պատմուածքներուն մասին հարցումներ ունեցած էր շատ կարեւոր զգալով ինքզինք: Հեղնարը յայտնեց, որ «Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման Մէջ» հատորը տպագրուած էր 1968ին, իր ծնունդէն առաջ: Շատ աւելի ուշ, ինք անդրադարձած էր հատորի կարեւորութեան: Գիրքին նիւթերու պրպտումներուն ընթացքին, նոյնիսկ ղեկավար պաշտօնի վրայ եղող մարդիկ իր մօր փորձած էին տարհամոզել, որ չհետապնդէ կիներու մասին իր ուսումնասիրութիւնները: Հակառակ անոր որ մատչելի նիւթերու աղբիւրներ չկային, իր մայրը մշակեց ինքնուրոյն հետազօտութեան եւ գրելու իր յատուկ ոճը:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան բացատրեց, թէ հերոսները միայն անոնք չեն, որոնք կը զոհուին ռազմաճակատին վրայ կռուելով եւ նահատակուելով, այլ հերոսը նաեւ ան է, որ ամբողջ կեանք մը կը նուիրէ այն հաւաքականութեան, որուն անբաժանելի մէկ մասն է ինք: Քէշիշեան յայտնեց, որ Սոնա Զէյթլեան այդ հերոսներէն է, նոյն այն հերոսներէն, որոնց պատմութիւնը գրած է ան: Համազգայինը իր միակ շքանշանով պատուեց Սոնա Զէյթլեանը:
Զաքար Քէշիշեան հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Արեւմտեան Ամերիկայէն անդամ դոկտ. Տիգրան Պապիկեանը, որ վկայագիրը կարդայ հայ գրականութեան ներդրումին նկատմամբ, ապա երկուքը մօտեցան յոբելեարին եւ շքանշանը զետեղեցին անոր կուրծքին:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան իր սրտի խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ ՀՕՄի կամաւոր բանակի կամաւորներուն համար, կրկնապատիկ հպարտութիւն եւ պարծանք կը պատճառէ պարգեւատրել Սոնա Զէյթլեանի նման իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը՝ բառին ամբողջ առումով հերոսուհի մը, որուն նմանները հազուագիւտ կու գան մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ան նշեց, թէ Զէյթլեան եղած է տիպար եւ ակնառու ՀՕՄուհի մը եւ երկար տարիներու անխոնջ ծառայութիւն բերած է ՀՕՄի շարքերուն մէջ, իսկ հայ կնոջ բարձր արժանիքները, քաջութիւնը, վճռակամութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը յաւերժացնելու աշխատանքին մէջ իր գրական, վաւերագրական եւ ուսումնասիրական ստեղծագործութիւններուն մէջէն կը հաստատէ հայ մօր եւ մեծ մօր դերը ազգային աւանդներու պահպանման ու փոխանցման մէջ: Մելքոնեան դրուատեց յոբելեարին կեանքի կոչած հերոսուհիներու անյայտ պատմութիւնները, իբրեւ յաւէտ հնչող ղողանջներ ու փարոսներ, որոնք կը լուսաւորեն ապագայ սերունդներու ճանապարհները: Ան դիտել տուաւ որ յոբելեարը իր գիրքերուն մէջ ներկայացուցած հերոս հայ կիներու իսկական տիպար օրինակն է եւ մաղթեց, որ անոր կտակած իւրաքանչիւր գիր եւ գիրք, խօսք ու պատգամ շարունակեն ոգեշնչել եւ ուժ հանդիսանալ քաջաբար դիմագրաւելու մեր առջեւ ծառացած ներկայ ու ապագայ մարտահրաւէրները:
Ապա Մելքոնեան խնդրեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ Անի Քէշիշեանէն եւ խորհրդական Ժարմէն Միրզախանեանէն, որ միասնաբար յանձնեն ՀՕՄի գնահատագիրը եւ ՀՕՄի խորհրդանիշով յուշանուէրը:
Վերջապէս ժամանակը հասաւ, որ Սոնա Զէյթլեան իր սրտի խօսքը փոխանցէ: Ան սրտանց իր շնորհակալութիւնները յայտնեց ՀՕՄի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւններուն, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպիչ ընկերուհիներուն, Եգիպտոսէն, Քալիֆորնիոյ Տէյվիսի շրջանէն եկած եւ այլ շրջաններէն ներկայ եղող ընտանիքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ յայտագիրին մասնակիցներուն, գործակիցներուն եւ ներկաներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց գնահատանքը գրաւոր արտայայտեցին, որոնց կարգին Եգիպտոսի եւ Լիբանանի նախկին աշակերտները եւ անոնցմէ ոմանց զաւակները: Յոբելեարը դիտել տուաւ, թէ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն Գահիրէէն Այնճար, Պէյրութէն Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա, ինչպէս նաեւ Գանատայի հայաշատ կեդրոնները, փորձած է օգտակար ըլլալ շրջապատին՝ ծառայելով հայ կնոջ վերելքին մեր նորագոյն պատմութեան մէջ շատ կարեւոր դերին, յեղափոխական շարժումէն սկսեալ մինչեւ հերոսամարտերը եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը:
Սոնա Զէյթլեան վերյիշեց, թէ Այնճարի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով գրի առած էր պատմութիւնները բերնէ բերան փոխանցուող իրենց ծննդավայրէն տեղահանուած մուսալեռցիներուն, որոնք իրենց փառքերը եւ հաւատալիքները կը ներկայացնէին, նպատակ ունենալով օտարութեան մէջ հասակ նետող սերունդներուն հաղորդակից դարձնել իրենց նախնիներուն ժառանգութեան, ամրապնդելով անոնց ազգային ինքնութիւնը, ազգային հպարտութիւն ներշնչելով: Ան նշեց, թէ գրաւոր աշխատանքներու կողքին գործակցած է կանացի կազմակերպութիւններու դասախօսութիւններով՝ յանուն մեր մշակոյթի ընկերային եւ ընտանեկան հարցերու քննարկման, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ կանանց գործունէութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Զէյթլեան դիտել տուաւ, թէ 60ական թուականներուն սկսած մենաւոր աշխատանքը ծաւալած է, կանանց հարցերու ուսումնասիրութեան ծրագիրներ եւ դասընթացքներ հիմնուած են, եւ կանանց դերակատարութիւնը ուշագրաւ է զանազան մարզերու մէջ: Ընկերուհին յայտնեց իր համոզումը, թէ միասնական կամքով մեր շրջապատին օգտակար ըլլալու աշխատանքը կը շարունակուի յանուն միշտ հայ կնոջ շարունակական վերելքին եւ ազգային բարիքին:
Ձեռնարկին աւարտին, զգալի էր ոգեւորութիւնը ներկաներուն, որոնք խուռներամ հաւաքուեցան յոբելեարին շուրջ՝ զայն շնորհաւորելու եւ իրենց ժպիտներով ու ծաղկեփունջերով ողողելու շատ սիրելի ու յարգելի հայուհին: