Ուրբաթ, 19 Ապրիլի առաւօտեան, ընթացք առաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական 51րդ ժողովը (արտահերթ նիստ), նախագահութեամբ՝ առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ։
Միօրեայ ժողովին ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը յոտնկայս ծափերով ողջունուեցաւ:
Ազգային երեսփոխանական ժողովը Թորգոմ արք․Տօնոյեանէն միաձայնութեամբ խնդրեց առաջնորդական իր պաշտօնը շարունակել: Սակայն, Թորգոմ սրբազանը, այս հանգրուանին իր թեկնածութիւնը յետս կը կոչէ առաջնորդական եռանուն ցանկէն:

Ժողովին մասնակցող հոգեւոր եւ աշխարհիկ երեսփոխանները փակ քուէարկութեամբ կատարեցին նոր առաջնորդի ընտրութեան քուէարկութիւնը, որ կը պարզէ հետեւեալ պատկերը՝ Գեղամ արք. Խաչերեան 27 ձայն, Միւռոն Ծ. վրդ․ Ազնիկեան՝ 7, ճերմակ քուէ՝ 6:
Այս առիթով, Թորգոմ սրբազանը յանուն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին, շնորհաւորական խօսք արտասանեց եւ իր բոլորանուէր զօրակցութիւնը յայտնեց նորընտիր առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր առաքելութեան մէջ։ «Բոլորանուէր սրտով կը զօրակցիմ մեր նոր առաջնորդին՝ միաբանակից եղբօրս՝ Գեղամ սրբազանին», ըսաւ Թորգոմ արք. Տօնոյեան
Նոր ընտրեալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան քաղաքս կը ժամանէ Հինգշաբթի, 25 Ապրիլ 2024ին։