Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ իբրեւ պատասխան Ատրպէյճանի Azertac պետական լրատուական գործակալութեան հարցումին, յայտարարեց, որ Պրիւքսէլի մէջ Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան եռակողմ հանդիպումէն լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած թուղթի լուսանկարը (Հայաստանի տրամադրուող ռազմական աջակցութեան վերաբերող) ապատեղեկատուութիւն է:
Ուաշինկթըն շեշտեց, որ օրակարգի վրայ ապահովական հարցեր չկային։
«Այս փաստաթուղթը զուտ ապատեղեկատուութիւն է, ապահովական հարցեր չկային օրակարգի վրայ: Կ՛ուզենք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել մամլոյ հաղորդագրութեան վրայ, զոր մենք հրապարակեցինք Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի հետ համատեղ՝ 5 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին իբրեւ արդիւնք: Պրիւքսէլի հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի հետ համատեղ, կեդրոնացաւ միայն Հայաստանի տնտեսական կայունութեան վրայ, որ կը փորձէ բազմազանեցնել առեւտրական գործընկերութիւնը եւ բաւարարել իր մարդասիրական կարիքները, որոնց կարգին աջակցելով Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներուն այնպիսի ոլորտներուն մէջ, ինչպէս՝ ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը», կ՛ըսուի Ուաշինկթընի պատասխանին մէջ: