ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

2024՝ «Մարդուժի տարի»: Սերտելու եւ որոնելու տարի, ի յայտ բերելու եւ անոր ներուժը գործի վերածելու տարի, ապա բարձր արժէքներով համալրուած, անոր «պտուղ»ը վայելելու եւ դարաշրջանի մը վերածելու ժամանակաշրջան, որ լաւագոյնս օգտագործելով,անվերջ կարիքներուն հասնելու ջանքերը պիտի իրականանան։
Վերջապէս պահ մը մտածենք եւ հասկնանք, թէ որքա՜ն անմիջական եւ յաւերժական անհրաժեշտութիւն կայ՝ «Մարդուժ» արտայայտութեան մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառի «Մարդուժի տարի» նուիրական եւ անզուգական տեսլականի հռչակումը, որքա՜ն յարիր եւ արդարացի պիտի ըլլայ, երբ ազգովին, մեր ընկերային, դաստիարակչական, ազգային ու քաղաքական ոլորտներուն մէջ փնտռենք եւ «լոյս»ին բերենք արդարացի արժէք համարուող մեր ազգին մարդուժը, փայլուն եւ առողջ տեսլականով եւ մտայնութեամբ, ականջ տալով անոր խելամիտ խօսքերուն, առողջ հոգեբանութեամբ արտայայտուած խորհուրդներուն, որոնք ըստ արժանւոյն, միասնական զօրակցութեամբ պիտի դառնան մարդուժի մեր հիմնական խարիսխն ու անկէ բխող ու ծաւալող յուսոյ «ալիք»ները:
Կը հաւատանք, որ ինքնաճանաչումն ու ինքնավստահութիւնը մեզ կը հասցնեն առողջ ինքնակառավարման արդար ու յարիր մակարդակի մը, որ մարդկային թէ համամարդկային ուժի կայունութեան անզուգական հիմնաքարն է, ինչպէս նաեւ ներուժն է որեւէ անհատի եւ իր շրջապատին մէջ փոխանցուող տարբեր ալիքներուն:
Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է մարդուժի օգտագործման գործնական միտքը տարածել եւ բազմապատկելով զայն ընդհանրացնել՝ մարդկային եւ ազգային մեր կեանքի զանազան ոլորտներուն մէջ:
Ի դէպ, քաջ գիտակցելով որ մեր ազգը, դարաւոր ազգը, մշակոյթով եւ պատմութեան տուեալներով՝ հարուստ մեր ազգը, իր մշակոյթի զանազան բնագաւառներով գործած եւ իր կնիքը ձգած է աշխարհի մշակոյթի պատմութեան մէջ եւ այս ամէնը իրականացուած, անցեալի մեր մարդուժի անսահման եւ հարուստ իմաստութեամբ եւ ներդրումով:
Ի դէպ, ազգի մը անցեալն ու ներկան անբաժան են, եւ պէտք է որ մնան յետագայ հանգրուաններուն՝ առաւել ամրացած եւ կայունացած:
Անցեալին վրայ հիմնուած եւ բարեփոխուած, մեր ազգի ներկան այսօ՛ր, առաւել եւս իր պատկանելութեան զանազան «խարիսխ»ները պահպանելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուի:
Հինը՝ վերարտադրուած եւ վերանորոգուած իր ոճերով իսկ, հասկնալի ու ըմբռնելի տուեալներով, տակաւ դասականը կը մնայ հաստատուն խարիսխը նորին, որովհետեւ տուեալ մարդուժը առաւել հիմնաւորուած իր սնունդը կը ստանայ հինի ու նորի փոխկապակցութեամբ, ուր պատմամշակութային եւ ազգապահպանման մեր ուժերը կը միաձուլուին:
Հաւատալով որ ազգի մը մարդուժը, տուեալ ազգի կայտառ սիրտի՝ առողջ արեան հոսքն է, բաւարար չէ, սոսկ մտածել, արտայայտել եւ կամ սահմանափակուիլ զանոնք ճանչնալով եւ կամ մատնանշելով, այլ հա՛րկ է անսահման եւ ազատ գործի դաշտ եւ «բեմ» տրամադրել, քաջալերելով անոր ստեղծագործ միտքն ու փայլուն արարքը եւ գործակցիլ անոր յաջողութեան՝ ըստ հարկին: Յաճախ եւ յատկապէս վերջերս, շատ խելամիտ խօսքերով եւ կանչերով անհատներու եւ խմբակներու տեսութիւններն ու կարծիքները միայն ու միայն մնացին մեր մտքի պաստառին վրայ եւ դարձան՝ «ձայն բարբառոյ յանապատի», այլպէս ըսած, ուշադրութեան չ՛արժանացան, սակայն այդ կոչերը, ի գործ դրուելով, թերեւս, մեծ բարեփոխումներու կրնային բերել, առաջքը առնելով անցեալի (եւ գալիքի) շատ մը աւերներու, որոնք, ի դէպ, տառապանքի օրեր «նուիրեցին» համայն ազգին ու մեր հայրենի աշխարհին:
Փաստուած է, թէ որեւէ հաւաքականութիւն՝ ընտանիք թէ ընկերութիւն, ազգ թէ երկիր, կը յառաջանայ բազմակողմանի եւ բազմատեսակ առողջ մօտեցումներով եւ իրեն իւրայատուկ ու պիտանի գաղափարներով, որոնք զարկ կու տան յիշեալ հաւաքականութեան, բարենպաստ պայմաններով յառաջանալու եւ ամուր գետնի վրայ որոշումներ կայացնելու եւ նորանոր քայլեր առնելու՝ ըստ հարկին:
Այսօր, ո՞ւր է մեր տեղը ազգովին, մարդուժի մեր ոստանին մէջ:
Չանտեսել եւ չարհամարհել մեր շուրջ գտնուող «մարգարիտ»ները, այլ անոնց պիտանի ու արժանի դերն ու կշիռը ճանչնալով առաջնորդուիլ՝ նորօրեայ պատմութեան արահետներով, յատկապէս մերժելով՝ «աղքատիկ հարուստ»ի այն պատմուճանը, որպէսզի ազգովին մերժենք եւ հեռացնենք մեր մէջ տիրող, դաւաճանութիւնն ու ազգադաւութիւնը, տգիտութիւնն ու չարամիտ մրցակցութիւնը եւ անոնցմէ յառաջացած ու սփռուած այլազան թոյները:
Վերջ աթոռախաղին: Վերջ դիմակահանդէսին: Վերջ օտարամոլութեան: Վերջ ազգին ու հայրենիքին սպառնացող մահազդու հարուածին: Վերջ եւ վերջ բոլոր այն կեղծիքներուն եւ աւերներուն, որոնք թունաւորեցին եւ աղարտեցին մեր գոյութեան պայքարի շունչն ու աւիշը:
Վերջապէ՛ս, մենք իրաւունք չունի՛նք ուրանալու՝ մեր ազգի դարաւոր գոյապայքարն ու ապրելու պողպատեայ կամքը:
Ճանչնա՛նք մեր արդար մարդուժը, բարին կամեցող անհատներն ու հաւաքականութիւնը, հասկնանք եւ ըմբռնենք անոնց ազգային ու հայրենասիրական գաղափարներն ու գործարքները եւ տակաւ անոնց փոխանցած՝ առողջ եւ իմաստուն տեսլականներն ու մտադրութիւնները..:
Վերջապէս՝
Ազգային մեր կեանքի գործօն բեմահարթակը հարստացնենք, մեր ներուժն ու հպարտութիւնը կազմող՝ առողջ մարդուժի գործօն գաղափարներով եւ տեսլականներով:
Ահա այն ատեն միայն, աշխարհը ծունկի կու գայ եւ կը գոչէ՝ Յարգա՛նք քեզ անմեռ Հայ ժողովուրդ: