Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին անոնք արծարծեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը:
Ըստ վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեանի՝ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան պատրաստ է ընթանալու լուծումներու ճամբով, 6 Հոկտեմբեր 2022ին, Փրակի մէջ, 14 Մայիս 2023ին եւ 15 Յուլիսին Պրիւքսէլի մէջ, ինչպէս նաեւ 5 Հոկտեմբեր 2023ին Կրանատայի մէջ համաձայնեցուած սկզբունքներու հիման վրայ: Փաշինեան անընդունելի նկատեց այդ սկզբունքները աղաւաղելու որեւէ փորձ:
Անոնք նաեւ քննարկեցին Հայաստան-Գերմանիա համագործակցութեան, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր:
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Օլաֆ Շոլցին՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, Հայաստան-Գերմանիա, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման աջակցելուն համար: