
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած տարեկան 23րդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 21Ապրիլին, կ.ե. ժամը 4էն սկսեալ, «Ալեքս» թատերասրահին մէջ եւ անոր ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուի նաեւ անցեալ տարուան Արցախի ցեղասպանութիւնը։
Գլխաւոր բանախօսներն են՝ իրաւաբան եւ Արցախի ժողովուրդի հիմնական իրաւունքներու պաշտպան յանձնախումբի հիմնադիր անդամ Գառնիկ Քերքոնեան եւ հեղինակ Ասթրիտ Քամալեան։ Պիտի ներկայացուի նաեւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, իսկ հանդիսավարն է յայտնի լրագրող Էլինա Աբովեան։
Սրահին հասցէն է՝ 216 N. Brand Blvd., Glendale, CA, 91203. տեղեր ապահովելու համար կարելի է այցելել www.ticketmaster.com/event/0B006083EF132BD0 կայքէջը։
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման շաբթուան ընթացքին կազմակերպուած են նաեւ հետեւեալ ձեռնարկները.
– 20 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ՝ Կլենտէյլի Արցախ թաղին վրայ (Պրոտուէյ եւ Ուիլսըն թաղերուն միջեւ) տեղի պիտի ունենայ Ասթրիտ Քամալեանի մանուկներու յատուկ «Պապօ» հատորին ներկայացումը եւ անկէ ընթերցումներ՝ հեղինակին կողմէ։
– Բանաստեղծութեան երեկոյ «Պրենտ» գրադարանի սրահին մէջ.
– 20 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6։30էն 8։30, Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի ReflectSpace սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէս մը՝ Before, After: Reflections on the Armenian Genocide խորագիրով, կազմակերպուած՝ Կլենտէյլի Գրադարան, արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին կողմէ. հասցէ՝ 222 E Harvard Street, Glendale, CA 91205։
– 25 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ «Բանաստեղծներ՝ ցեղասպանութեան դէմ» խորագրուած ձեռնարկը, առաջնորդութեամբ՝ Կլենտէյլ քաղաքի պաշտօնական բանաստեղծ Րաֆֆի Ճօ Վարդանեանի։ Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հայկական արուեստներու կեդրոնի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 250 N. Orange Street, Glendale, CA 91203։
– 26 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Songs of Solomon ֆիլմին ցուցադրութիւնը Look Dine-In Cinema-ի մէջ, որուն հասցէն է՝ 128 Artsakh Street, Glendale, CA 91206. ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ քննարկում մը՝ ֆիլմը արտադրողներէն Ասքօ Յակոբեանի հետ։ Տոմսերու համար այցելել www.eventbrite.com/e/screening-of-songs-of-solomon-with-a-discussion-with-producer-asko-akopyan-tickets-876308080057 կայքէջը։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.Glendaleca.gov/AGCE կայքէջը։