
10 Մարտին, Վեն Նայսի մէջ գտնուող «Օլիմպփիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մայրերու եւ ուսուցչուհիներու միութեան 2024ի միջինքի ձեռնարկը:
Ձեռնարկին բացումը եւ աղօթքը կատարեց Մանուշակ Մկրոյեան, որ ապա բեմ հրաւիրեց միութեան ատենապետուհին՝ Արփի Արփաճեանը:
Արփաճեան խանդավառ եւ ներշնչող իր խօսքին մէջ հայ կինը նկարագրեց՝ իբրեւ կեանքի գարուն:
Իբրեւ հիւրեր՝ ներկայ էին Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնուհի Ծովինար Ղազարեան Մելքոնեան եւ անոր կողակիցը՝ Րաֆֆի Մելքոնեան:



Ծովինար Ղազարեան Մելքոնեան բեմ բարձրանալով՝ խօսեցաւ հայ կնոջ կերպարին մասին. անոր պատկերաւոր եւ լաւ պատրաստուած խօսքը արժանացաւ ներկաներու հիացումին եւ բուռն ծափահարութեան։
Ըստ միութեան սովորութեան, Մարտ ամսուն ծնած ներկաներուն տարեդարձը տօնելէ ետք, Լիլիայի պարախումբը երեք գեղեցիկ պարերով ամբողջացուց շքեղ եւ ճոխ յայտագիրը։
Հայ մայրերու եւ ուսուցչուհիներու միութեան 12 Նոյեմբերին, Պըրպենքի «Թերաս» ճաշարանին մէջ կազմակերպած ձեռնարկին յաջողութենէն ետք, մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ նաեւ այս ձեռնարկը, որուն նպատակը, ինչպէս միութեան բոլոր ձեռնարկներուն, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ապրող կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն նիւթապէս նեցուկ կանգնիլն էր: Միութիւնը այս ձեռնարկին ամբողջ հասոյթը արդէն ուղարկեց Լիբանան եւ Սուրիա՝ կարիքաւոր ընտանիքներու եւ մայրերու նիւթապէս օժանդակելու համար:
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք զանազան միջոցներով օգտակար դարձան միութեան:
(Թղթակցութիւնը՝ Միութենէն)