
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան շրջանակի առաւել քան երկու հարիւր անդամներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ 22 Մարտի երեկոյեան հաւաքուած էին Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ՝ պատուելու Փանոս Թիթիզեանը՝ ազգին եւ միութեան մատուցած անոր երկարամեայ ծառայութեան համար: Ներկայ էին միութեան ղեկավարներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, բարեկամներ եւ գործակիցներ, որոնք ճանչցած էին զինք եւ գործած անոր հետ, անոր կեանքի եւ գործունէութեան տարբեր հանգրուաններուն, նախ իր բնիկ Լիբանանի, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Թիթիզեան ծնած է եւ հասակ առած է Քեսապի մէջ, Սուրիա, ապա՝ Լիբանան:
Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք ՀԲԸՄի Մելքոնեան կրթական հաստատութենէն, որ ատենին ճանչցուած էր իր կրթական բարձր մակարդակով եւ լուսամիտ մտաւորականներէ բաղկացած ուսուցչական կազմով, ան իր դեղագործական մասնագիտութիւնը կը լրացնէ եւ կը վկայուի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն՝ հաստատելով իր անձնական դեղարանը Պէյրութի Հարըթ Հրէյք կեդրոնական շրջանին մէջ:
Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ան կը վարէ ազգային եւ միութենական բեղուն եւ յատկանշական գործունէութիւն: Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելէ ետք, ուր ան իր յառաջացած տարիքին յաջողութեամբ կ՛անցընէ դեղագործութեան նահանգային քննութիւնը, տիրանալով իր մասնագիտութիւնը ի գործ դնելու արտօնագիրին՝ ան կը շարունակէ իր գործունէութիւնը համայնքին մէջ, այլ աշխատանքներու շարքին երկար ատեն մաս կազմելով Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Հայագիտականի հոգաբարձական կազմին:

Ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ընթրիքին եւ յայտագիրին ընթացքին, Թիթիզեան կը ներկայացուէր իբրեւ առանձնայատուկ անհատականութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն մը, որ յատկանշուած էր իր նպատակասեւեռ եւ հաստատակամ յատկութիւններով: Ան կը ներկայանար իբրեւ քուլիսներու ետին աշխատող, համեստ բնաւորութեամբ եւ քաղաքական գործիչներու, ազգային եւ ներհամայնքային կազմակերպութիւններու միջեւ համերաշխութեան մթնոլորտի պահպանումին սատարող անձ, յատկապէս լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ի միջի այլոց, աջակցելով նաեւ միջեկեղեցական հարցերու լուծման ուղղութեամբ տարուած ճիգերուն:
Ներկայ էին ՀԲԸՄի ղեկավարութեան բանալի անձնաւորութիւններ՝ իրենց յարգանքը ցուցաբերելու Թիթիզեանի քաղաքական հմտութեան եւ առաջնորդութեան համար, որոնք ան ի սպաս դրած էր ազգին, հայրենիքին եւ համայնքային լայն շրջանակներու ծառայութեան, կարեւոր դերակատարութիւն ունենալով նաեւ իր մշակած բարեկամութիւններուն եւ ազդեցիկ շրջանակներու մէջ ձեռք բերած վարկին միջոցաւ:
ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեան իր խօսքին մէջ ջերմ եւ մտերիմ ոճով անդրադարձաւ մեծարեալին արժանիքներուն: Կեդրոնական վարչութեան անդամ Երուանդ Տէմիրճեան, որ օրուան հանդիսավարն էր, իր կարգին, իրեն յատուկ զուարթախոհութեամբ, սրամիտ ակնարկութիւններով եւ Փանոս Թիթիզեանին ուղղուած գնահատական արտայայտութիւններով բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց:
«Նկատի ունենալով այս ընթրիքի ընտանեկան հարազատ մթնոլորտը, ես իմ մտածումներս Փանոս Թիթիզեանի մասին պիտի արտայայտեմ իբրեւ սիրելի եւ մտերիմ բարեկամ, ոչ պաշտօնապէս իբրեւ մեծարեալ», ըսաւ Սեդրակեան՝ աւելցնելով. «Կեանքի ճանապարհը, զոր Փանոս Թիթիզեան կտրած է, իր շուրջ մէկ դարու ազգանուէր ծառայութեան ընթացքին, իր ծննդավայր Քեսապէն ՀԲԸՄի Մելքոնեան Կրթական հաստատութիւն (Կիպրոս), Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան, հիմնելով Հարըթ Հըրէյքի ատենի մեծագոյն դեղարանը, ապա անցնելու համար Միացեալ Նահանգներ, կը վկայէ անոր արտակարգ անհատականութեան եւ տոկունութեան մասին…Կրնա՞ք երեւակայել, որ շուրջ յիսուն տարիներ առաջ, երբ լիբանանահայ համայնքը կ՛ապրէր ներամփոփ կէթոյանման մթնոլորտի մը մէջ, Փանոս Թիթիզեան կը ճանչցուէր իբրեւ անձնաւորութիւն մը, որ իր ընկերային լայն ցանցը ունէր լիբանանեան ընկերային թէ քաղաքական շրջանակներու մէջ, մտերմութիւն հաստատած ըլլալով հանրային ծառայութեան մարզի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հետ, որոնց շարքին՝ Լիբանանի ներքին ապահովութեան տնօրէնին եւ զինուորական բարձրաստիճան սպաներու հետ, որոնցմէ մին նախագահ պիտի ըլլար հետագային: Մեր ընտանեկան մտերմութիւնը Փանոս Թիթիզեանի հետ ստեղծուած էր իմ հօրեղբօրս Հրաչեայ Սեդրակեանին միջոցաւ, որուն հետ ան ղեկավար պաշտօններ կը վարէր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Շրջանակային յանձնաժողովին եւ ՌԱԿի Շրջանային վարչութեան մէջ: Ատենին, իբրեւ երիտասարդ փաստաբանութեան ուսանող՝ ես խորապէս տպաւորուած էի Փանոս Թիթիզեանի տան գրադարանով, ուր ան ունէր Ամերիկեան «Ֆորէյն Ըֆէրզ» երկամսեայ հրատարակութեան բոլոր թիւերը, զորս ան կը կարդար ծայրէ ծայր, վերլուծական նօթագրութիւններ կատարելով: Ան երկար տարիներ եղած է իմ վստահելի խորհրդականը: Յետադարձ ակնարկով՝ ես խորապէս գնահատած եմ իր շրջահայեցութիւնը եւ իմաստուն խորհուրդները»:

Նախագահը իր խօսքը աւարտեց՝ մեծարեալին մաղթելով երկար եւ առողջ կեանք, գնահատելով նաեւ անոր տիկինը՝ Անահիտը, որ միշտ եղած էր անոր կողքին՝ անոր դժուար եւ փորձանաւոր կեանքին եւ մասնագիտական ասպարէզին մէջ:
Այլ յարգարժան հիւրեր եւս իրենց ելոյթներով գնահատեցին եւ շնորհաւորեցին Փանոս Թիթիզեանը, ինչպէս Կարօ Ղազարեան, դոկտ. Վիգէն արք. Այքազեան, Արթուն Համալեան, Նորա Թիթիզեան եւ Հրաչ Սէփէթճեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Փանոս Թիթիզեանի նոր հրատարակուած յուշագրութիւնը՝ «Պատկերին Միւս Երեսը»:
Վերջապէս, Փանոս Թիթիզեան իր պերճախօս ոճով, հայեցի խրոխտութեամբ, բայց եւ իր համեստ բնաւորութեան յատուկ ազնուութեամբ՝ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն ի պատիւ կազմակերպուած այս ձեռնարկը նախաձեռնողներուն, կազմակերպողներուն եւ իրենց ներկայութեամբ զինք յարգողներուն:
Երեկոյի գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրրճեան վարժարանի պարախումբը եւ «Հէրիթէյճ» քառեակը՝ Անճէլա Ամիրեանի (առաջին ջութակ), Դաւիթ Սարգսեանի (երկրորդ ջութակ), Արտաշէս Ասատրեանի (Վիոլա) եւ Կարիկ Թէրզեանի (թաւ ջութակ): Կատարողական ծրագիրը կ՛ընդգրկէր Մոցարթ, Կոմիտաս, Կարտէլ եւ Խաչատուրեան: Յայտագիրը կ՛ամբողջանար Փանոս Թիթիզեանի թոռնուհի Միշէլ Քազմանի ելոյթով, որ ներկաներուն հետ կը բաժնէր իր մեծ հօր մասին իր մանկութեան յուշերը եւ իր խօսքը կ՛աւարտէր՝ արտասանելով հատուած մը Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծութենէն:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի բացման խօսքով եւ օրհնութեամբ սկսած երեկոն աւարտեցաւ պատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի կողմէ ընթերցուած Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի նախագահ դոկտ. Վահան Թութիկեանի ողջոյնի խօսքով եւ իր փակման խօսքով եւ աղօթքով:
Երեկոյթը իրականացած էր գլխաւորաբար տէր եւ տիկին Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու հովանաւորութեամբ: Սէմ Սիմոնեան, երկար տարիներու ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, վերջերս առաջադրուած էր իբրեւ նախագահ, յաջորդելու համար ներկայիս նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, որուն շրջանը կանոնագրական տարիքային դրութեամբ կ՛աւարտի այս տարի, շուրջ 50 տարիներու ծառայութենէ ետք, որոնցմէ 20ը՝ իբրեւ նախագահ:
(Թղթակցութիւնը՝ ՀԲԸՄէն)