8 Ապրիլին, Ատրպէյճանի կառավարութիւն-ՄԱԿի Ղեկավար կոմիտէի միացեալ նիստին ընթացքին, Ատրպէյճանի տնտեսութեան փոխնախարար Սահիպ Մամետով յայտնեց, որ «ականներու սպառնալիքը Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջաններուն մէջ ոչ միայն մարդոց կեանքը կը վտանգէ, այլ նաեւ կը դանդաղեցնէ տնտեսական աշխուժացման հոլովոյթը»։
Ան ըսաւ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախաձեռնած է ականազերծման գործողութիւնները ներառել ՄԱԿի մինչեւ 2030ի ծրագիրներու օրակարգին վրայ՝ իբրեւ կայուն զարգացման 18րդ նպատակ՝ նշելով, թէ «COP29»ը (Կլիմայի փոփոխութեան ՄԱԿի շրջանային հռչակագիրի Կողմերու 29րդ նստաշրջան) կարեւոր հարթակ կրնայ ծառայել Ատրպէյճանի կողմէ առաջադրուած 18րդ նպատակը յառաջ մղելու համար։
44օրեայ պատերազմէն ետք, Երեւան առանց նախապայմաններու Ատրպէյճանին փոխանցած է Արցախի ականապատ դաշտերու 972 տեղեկամատեաններ։