Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց, թէ եթէ կայ կողմ մը, որ չ՛օժանդակեր Հայաստանի ապահովութեան, այդ ալ Ռուսիան է:
«Վերջին տարիներուն ես տեսայ, որ երբ Հայաստան օգնութեան կարիքը ունեցաւ, Ռուսիա հոն չէր, եւ Արեւմուտքը, որ մէկ պլոք չէ, այլ կը ներկայացնէ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, տարբեր կազմակերպութիւններ, տարբեր երկիրներ, այսօր օգնութեան կը հասնի, եւ ասիկա դրական երեւոյթ է», ըսաւ Տըքոթինյի:
Արձագանգելով Ռուսիայէն հնչող քննադատութիւններուն, յատկապէս անոր, թէ Արեւմուտքը եւ Ֆրանսա անկայունութիւն կը բերեն Հարաւային Կովկաս՝ դեսպանը շեշտեց, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի դաշնակից Ռուսիա օգնութեան չհասաւ Երեւանին, որուն հետ նոյն ռազմական դաշինքին մէջ են, երբ Հայաստանի տարածքը երկու անգամ ենթարկուեցաւ յարձակումի՝ 2021ին եւ 2022ին ՀԱՊԿի անդամ պետութիւն չհանդիսացող երկրի մը կողմէ:
«2023ին, երբ Ատրպէյճան ռազմական գործողութիւններու սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Ռուսիա, որ զինադադարի երաշխաւորն էր 2020էն ի վեր, եւ որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ունէր խաղաղապահ զօրքեր, չմիջամտեց: Ռուսիոյ խաղաղապահ զինուորները անմասն մնացին. անոնք իրենց զօրանոցէն դուրս եկան միայն Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի իշխանութիւններու ուժերը զինաթափելու ընթացքին, Պաքուի հետ զինադադար կնքելէ ետք», ըսաւ Տըքոթինյի։
Խօսելով Մոսկուայի պաշտօնական շրջանակներէն հնչող մեղադրանքներուն մասին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածին պատասխանատուութիւնը կը կրէ Արեւմուտքը, որովհետեւ վերջինս Հայաստանը ստիպեց հրաժարիլ Լեռնային Ղարաբաղէն եւ ոչինչ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ապահովելու գծով՝ Տըքոթինյի ըսաւ. «Տեղի ունեցածը հետեւեալն է՝ երբ զինադադարի համաձայնագիրը խախտեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ, զինադադարի երաշխաւոր ռուսերը երաշխաւորի իրենց դերը չկատարեցին: Շատ պարզ է՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող ուժերը, որոնք պէտք է երաշխաւորէին այդ զինադադարը, ռուսական ուժերն էին: Ինչ կը վերաբերի գաղթականներուն, որոնք հեռացան Լեռնային Ղարաբաղէն, անոնք այդ բանը ըրին 9 ամիս տեւած շրջափակումէն եւ դաժան ռազմական յարձակումէն ետք: Եւրոպացիները չկազմակերպեցին այս շրջափակումը, եւրոպացիները չկազմակերպեցին այդ դաժան յարձակումը»:
Անդրադառնալով 5 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմ՝ Փաշինեան-Ֆոն Տեր Լէյեն-Պլինքըն հանդիպումին՝ Տըքոթինյի ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ հանդիպումին ընթացքին պիտի չքննարկուին ապահովական հարցեր, ինչ կը վերաբերի անոնց, Ֆրանսան անհրաժեշտ ամէն ինչ կ՛ընէ Հայաստանի համար: Վերջին ամիսներուն, պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի հետ սկսանք համագործակցութեան, որ կը զարգանայ: Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ մենք կ՛աջակցինք Հայաստանին, որպէսզի անիկա կարենայ պաշտպանել իր ժողովուրդը, ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը»: