Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Էտմոնտօ Չիրիըլի քննադատեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ստեֆան Սեժուրնէն՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացին շուրջ անոր մեկնաբանութիւններուն համար:
Սեժուրնէ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Օգտակար եւ տեղին պիտի ըլլար, եթէ Սեժուրնէ վնաս չհասցնէ ջանքերուն անոնց, որոնք սթափ միտքով կը շարժին դէպի այս տարածաշրջանին մէջ վերջնական խաղաղեցում», ըսաւ Չիրիելի: Ան նաեւ յայտնեց, թէ կրակի դադրեցման դրութիւնը կը պահպանուի երկու երկիրներուն ջանքերով, իսկ այլ կողմերու անհեռատես յայտարարութիւնը կը սպառնայ լարուածութիւնը աւելցնել:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան հրապարակեց մեկնաբանութիւն մը, որուն մէջ ան կ՛ընդգծէ, որ Ֆրանսա Եւրոպական Միութեան անդամ է, որուն առաքելութիւնը Հոկտեմբեր 2022էն ետք մշտադիտարկում կատարելն է Հայաստան-Ատրպէյճան միջպետական սահմանին, իսկ վերջին օրերուն հանդէս եկաւ համապատասխան հաղորդագրութիւններով: Բադալեան, առանց Իտալիան յիշատակելու, կ՛ըսէ, որ «Եւրոպական Միութեան առաքելութեան մանդատին (յանձնարարութեան) համապատասխան գործունէութիւնն ու գնահատականները պէտք է հաշուի առնուեն, այդ թւում՝ Եւրոպական Միութեան բոլոր անդամ պետութիւնների դիրքորոշումներում»:
Պաքու, ընդհակառակը, ողջունեց իտալացի դիւանագէտին գնահատականը: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ պնդեց, որ Չիրիըլիի յայտարարութիւնը կը վկայէ, թէ որքան «կարեւոր է երկիրներու ներքին գործերուն միջամուխ չըլլալ եւ անպատասխանատու մօտեցումը կանխելը այնպիսի զգայուն հարցի մը նկատմամբ, ինչպէս՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացը եւ կարգաւորումը»:
«Այդ (Իտալիոյ դիրքորոշումը) նաեւ կ՛ապացուցէ, թէ որքան անհիմն եւ անարդիւնաւէտ է Ֆրանսայի պէս երկիրներու կողմէ իրականացուող ապակառուցողական քաղաքականութիւնը: Մենք կը կարծենք, թէ Իտալիոյ վարած քաղաքականութիւնը պէտք է օրինակ ծառայէ որոշ եւրոպական երկիրներու, յատկապէս՝ Ֆրանսայի համար», յայտնեց Հաճիզատէ՝ կոչ ուղղելով անոնց Հարաւային Կովկասի մէջ գործընթացներու գնահատման, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղ բանակցութիւններու հարցերուն մէջ հետեւելու Իտալիոյ որդեգրած քաղաքականութեան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար, այժմ երեսփոխան Մեվլութ Չաւուշօղլու իր կարգին դիտել տուաւ, որ Հայաստանին ռազմական աջակցութեան ցուցաբերելը այսօր որեւէ օգուտ չի բերեր Հայաստանին ու տարածաշրջանին: «Անոր փոխարէն անհրաժեշտ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան խրախուսումը», ըսաւ ան:
Ըստ անոր՝ Անգարա մասնաւորաբար Փարիզին բազմաթիւ անգամներ յորդորած է հրաժարիլ «Հայաստանին այլ միջոցներով աջակցութենէն»:
«Մենք բազմաթիւ անգամներ այդ մասին յայտարարած ենք Ֆրանսայի ներկայացուցիչներուն: Անոնք պէտք է հրաժարին Հայաստանին այլ միջոցներով աջակցելու փորձերէն: Անոնք թող չմոռնան, որ մեր սիրելի Ատրպէյճանը երբեք մինակ պիտի չըլլայ», ըսաւ Չաւուշօղլու: