
Հեղինակաւոր «Փուլիցըր» մրցանակին արժանացած հեղինակ Փիթըր Պալաքեան 22 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, հայերու յուշագրութիւններու, մշակութային յիշողութեան, սփիւռքեան երեւակայութեան եւ ընդհանրապէս գրելու մասին պիտի բանախօսէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ։ Պալաքեան նաեւ ընթերցումներ պիտի կատարէ իր բանաստեղծութիւններէն։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ գործարարական բաժանմունքի «Ալիս Փիթըրզ» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 5245 N. Backer Ave.։ Բանախօսութեան կարելի պիտի հետեւիլ նաեւ առցանց՝ https://bit.ly/armenianstudiesyoutube հասցէով։
Պալաքեան 2016ին ստացաւ «Փուլիցըր» մրցանակը, իր «Օզոն Ճըրնըլ» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյին համար: Ան հեղինակն է շարք մը այլ բանաստեղծական հատորներու, ինչպէս նաեւ ինքնակենսագրական՝ «Ճակատագիրի Սեւ Շունը» հատորին, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու հակազդեցութեան նուիրուած «Այրող Տիգրիսը» պատմագիտական գործին եւ արձակ այլ ստեղծագործութիւններու ու յօդուածներու: Ան նաեւ թարգմանական աշխատանք կատարած է, ինչպէս՝ Գրիգորիս Պալաքեանի «Հայկական Գողգոթան»: Անոր «Ճակատագիրի Սեւ Շունը» հատորը արժանացած է «ՓԵՆ-Ալպրենտ» մրցանակին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին՝ կայքէջը: