Իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը Երեքշաբթի օր հաղորդեց, որ Իրանի Ազգային ապահովութեան խորհուրդը ժողով մը գումարած է եւ Դամասկոսի մէջ իրանեան հիւպատոսարանին վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին վերաբերեալ «պատշաճ որոշումներ» տուած է:
Երկուշաբթի օր իսրայէլեան օդուժին կողմէ Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսարանին վրայ կատարուած յարձակումին պատճառով արձանագրուեցան 11 զոհեր, ներառեալ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ հրամանատար Մոհամետ Ռիտա Զահիտի եւ 4 այլ բարձրաստիճան անդամներ:
Սուրիոյ մօտ Իրանի դեսպան Հիւսէյն Աքպարի վստահեցուց, որ իր երկիրը «կարծր կերպով պիտի հակադարձէ» յարձակումին, որուն ընթացքին «Էֆ․35»ներ 6 հրթիռներ արձակեցին հիւպատոսարանի շէնքին վրայ, որ քանդուեցաւ:
ՄԱԿի մօտ Իրանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդին նամակ մը յղելով՝ յայտնեց, որ Իրան ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ Իսրայէլին վճռական պատասխան տալու, կոչ ուղղելով՝ «խստօրէն» դատապարտելու Իսրայէլի յարձակումը եւ ձեռնարկելու քայլերու, ներառեալ՝ Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստ հրաւիրելու համար:
Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսի, մեկնաբանելով յարձակումը՝ յայտնեց. «Սիոնական գոյացութիւնը կը գիտակցի, թէ այս անարգ ոճիրը անպատասխան պիտի չմնայ»:
«Չարամիտ սիոնական գոյացութիւնը մեր քաջարի տղոց ձեռքով պիտի պատժուի եւ պիտի զղջայ այս ոճիրին եւ անոր նման ոճիրներուն համար», ըսաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի: